Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումար

PrintPrintEmailEmail
Date: 
Saturday, April 29, 2017 - 22:15

Փարիզ (Սեւր) 10 դեկտեմբեր 2011 թ

Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարը նախապատրաստող Միջազգային կազմակերպչական կոմիտեի գործադիր տնօրէն Կարեն Միքայելեանի զեկոյցը

Արեւմտահայոց Լիազոր Ներկայացուցչական Մարմին հիմնադրելու անհրաժեշտութեան պատմաքաղաքական եւ իրաւաբանական հիմնաւորումը

  • Թուրքական ցեղերու կողմէ Հայաստանի նուաճումէն ետք, հարիւրամեակներ շարունակ, յատկապէս` սուլթան Համիտի կառավարման ժամանակաշրջանին, հայերը, ենթարկուելով դաժան հալածանքներու եւ զանգուածային ջարդերու, հարկադրաբար ձգած են իրենց հայրենիքը եւ ապաստանած աշխարհի տարբեր երկիրներ:
  • Հայերու վիճակը հետզհետէ կը դառնար աւելի սպառնալի, եւ հայ ժողովուրդի առաջնորդներու օգնութեան կոչերը կը սկսէին հասնիլ համաշխարհային հասարակայնութեան:
  • Օսմանեան կառավարութիւնը վերջիվերջոյ ստիպուած էր, արտաքին ճնշումներուն տեղի տալով, համաձայնիլ բարենորոգումներ կատարել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, որոնց իրականացումը Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Անգլիայի վերահսկողութեան պայմաններու տակ Հայկական հարցի խաղաղ լուծման հնարաւորութիւն կը ստեղծէր:
  • Չնայած Հայաստանի բռնազաւթման բազմադարեայ ժամանակաշրջանին, դաժան հալածանքներուն, հայերը մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը կեդրոնացած կը բնակէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ (յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ տարածքներուն վրայ), մնալով Հայկական բարձրաւանդակի բնիկ բնակչութիւնը հազարամեակներու ընթացքին:
  • Հայերն իրենք չկրցան ստեղծել իրենց յուսալի ինքնապաշտպանութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնն ապահովող կ'առոյցներ, յատկապէս ճգնաժամային պահերուն` ապաւինելով մեծ տէրութիւններու օգնութեան: Սակայն այդ տէրութիւններու միջեւ հակասութիւններէն բխող պայմաններուն տակ հայերը յայտնուեցան անպաշտպան վիճակի մէջ` դիմադրելու ժամանակի հրաւէրներուն:
  • Օգտուելով պատերազմական իրավիճակէն` թրքական իշխանութիւնները իրականացուցին ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին ցեղասպանութիւնը, որը մէկուկէս միլիոն հայերու կեանք խլեց:
  • Ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերու ճշգրիտ թիւը յայտնի չէ: Որոշ տուեալներով` այնտեղ կ’ապրին թրքացուած եւ իսլամացուած երկուքէն երեք միլիոն ծագումով հայեր:  Իսկ արեւմտահայերը (Օսմանեան կայսերութեան նախկին հայ քաղաքացիներու  ժառանգները) աշխարհի մէջ, ներառեալ նաեւ ՀՀ մէջ, կը հաշուուին մինչեւ եօթ միլիոն:
  • Նոյնիսկ ցեղասպանութիւնէն ետք կը պահպանուէր անոր կազմակերպիչները պատժելու եւ հայերու ազգային ու պետական զարթօնքի համար պայմաններ ստեղծելու հնարաւորութիւնը: Թուրքիան պարտութիւն կրած Առաջին համաշխարհային պատերազմին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ դատարանը երիտթուրքերու պարագլուխները դատապարտեր էր մահապատիժի:
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ներակայցուցիչները Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ եւ Հայկական Ազգային Պատուիրակութիւնը Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ 1919 թ փետրուարի 12-ին Փարիզի հաշտութեան կոնֆերանսին ներկայացուցին “հայոց պահանջներու վերաբերեալ յուշագիրը”:  Այդ Յուշագիրը կը պարունակէր հետեւեալ դրոյթները - հայկական անկախ պետութեան ճանաչումը հայկական եօթ նահանգներու եւ Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ ' անոնց միացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը: Դաշնակից տէրութիւններէն մէկուն լիազօրութիւն պէտք է տրուէր ՛ 20 տարի ստանձնելու Հայաստանի մանտաթը: Հայաստանը պէտք է փոխհատուցում ստանար կրած կորուստներուն համար, պատերազմի տարիներուն բռնի տեղահանուած հայերը պէտք է հնարաւորութիւն ստանային վերադառնալու իրենց հայրենիքը: Հայերու զանգուածային ոչնչացման մեղաւորները պէտք է պատժուէին:
  • Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրով 1920թ. Օգոստոսի 10-ին Թուրքիան, ինչպէս ըրած էին դաշնակից պետութիւնները, ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայեթներու սահմաններով, ելքով դէպի Սեւ ծով` ԱՄՆ-ի նախագահին վերապահելով սահմաններու վերջնական ճշգրտումն ու յարակից թրքական տարածքներու ապառազմականացման խնդիրը:
  • Արեւմտահայութեան ներկայացուցիչներն իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար 1917 եւ 1919 թթ. Երեւանի մէջ կայացուցին երկու համագումար` Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանական կառոյցներու շրջանակներու մէջ իրենց խնդիրները լուծելու համար: Երկրորդ համագումարի փետրուարի 13-ի նիստի ընթացքին ստեղծուած գործադիր մարմինի ընտրած 12 արեւմտահայ պատգամաւորներ տեղ գրաւեցին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ:
  • 1919 թ հոկտեմբերի 29-էն մինչեւ նոյեմբերի 16-ը Երեւանի մէջ կայացած ”հայ- Հայկական” բանացութիւնները` ՀՀ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Մեծ Եղեռնէն փրկուած արեւմտահայերը ներկայացնող Ազգայն Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ ձախողեցան:  Չյաջողեցաւ կազմել հայոց միացեալ կառավարութիւն` բաղկացած արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու ներկայացուցիչներէ:
  • Ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող այդ փաստի անկողմնակալ, պատմագիտական վերլուծումը եւ գնահատականը, ուշացած բայց կը սպասէ իր ժամանակին:
  • Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ հայութիւնը չյաջողեցաւ այդ օրհասական ժամանակամիջոցին միացեալ ճակատ ստեղծել, ազգովին պատրաստուիլ դիմագրաւելու համար գալիք նոր արհաւիրքը:
  • Այդ համազգային միասնականութեան բացակայութիւնը հանդիսացաւ այն գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որու հետեւանքով հայութիւնը ի վիճակի չեղաւ տէ-ֆակտոյ իրականացնել Միացեալ Ազատ Անկախ Հայաստանի ստեղծման հնարաւորութիւնը, որ տէ-իւրէ ընձեռնուեցաւ հայերուն Սեւրի դաշնագիրով: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտութիւն կրեց, մասնատուեցաւ, կորսնցուց Արեւելեան Հայաստանի մեծ մասը` Նախիջեւանը, Կարսը, Ղարաբաղը եւ Ջավախքը: Հայերուն ձգուեցաւ միայն Երեւանի նահանգին մէկ մասը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց ինքնիշխանութիւնը եւ զրկուեցաւ Հայոց հարցը հետապնդելու յետագայ հնարաւորութենէն:
  • Օգտուելով Անտանտի երկրներու եւ Խորհրդային Ռուսաստանի ղեկավարներու վարած քաղաքականութիւնէն, միասնական հայկական քաղաքական եւ ռազմական բաւարար ուժի բացակայութիւնէն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ոչ միայն խուսափեցան պատիժ կրելէ, այլեւ հրաժարեցան Սեւրի դաշնագիրէն, որ ստորագրեր էին մինչ այդ նախորդ թուրքական իշխանութիւնները:
  • Թուրքիոյ եւ Խորհրդային միութեան սահմանները որոշուեցան 1921 թ մարտի 16 - ի Մոսկուայի պայմանագիրով իսկ Խորհրդային Հայաստանի սահմանները գծուեցան 1921թ հոկտեմբերի 13 - ի կարսի պայմանագիրով եւ Ռուսաստանի կոմունիստական (բոլշեւիկեան)  կուսակցութեան (Կուկացութեան Կովկասեան Պիւրոյի) 1921թ Յուլիսի 5-ի որոշումներով:
  • Հայկական հարցը թէկուզ մասամբ լուծելու վերջին փորձը տապալեցաւ Լոզանի կոնֆերանսի ընթացքին 1923 թ, երբ թուրքերը մերժեցին տարածքներ - Հայկական ազգային օջախ Կիլիկիոյ մէջ - տրամադրել արեւմտահայ փախստականներու վերադարձին համար:
  • Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման հետեւանքով, Հայկական ազգային պատուիրակութեան գործնէութեան դադարումէն ետք հայոց պահանջատիրութիւնը զրկուեցաւ պահանջատէր ունենալէ եւ այդ ուղղութեամբ գործնէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւնէ:
  • Հայկական հարցի հետապնդումը Սփիւռքի մէջ գերազանցապէս վերածուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու:
  • Սփիւռքի մէջ գործող ազգային հասրակական կազմակերպութիւնները գնահատելի աշխատանք կը կատարեն այդ ուղղութեամբ: Շարք մը երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան հայոց ցեղասպանութեան փաստը:
  • Իսկ Եւրապական խորհրդարանը 1987թ. յուլիսի 18-ի որոշմամբ Եւրապայի խորհրդէն պահանջեց «ներկայ թուրքական կառավարութեան վրայ ճնշում գործադրել 1915-1917 թուականներուն կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունիլ տալու նպատակով եւ նպաստել Թուրքիոյ եւ հայութեան լիազօր ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու:
  • Որոշակի առարկայական եւ ենթակայական պատճառներու հետեւանքով արեւմտահայերու այդ անհրաժեշտ լիազօր ներկայացուցչութիւնը մինչեւ հիմա չէ հիմնուած:
  • Վաղուց արդէն հրամայական (ուշացած) անհրաժեշտութիւն է արեւմտահայերու (Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու ժառանգներու) լիազօր ներկայացուցչական մարմին (Ազգային խորհուրդ, յանձնաժողովներ) հիմնադրումը:
  • Համայն հայութեան հատուածներու ( Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի հետ եւ Սփիւռքը)  միջեւ աշխատանքներու բաժանումը եւ դերերու բաշխումը կը նպաստէ հայոց ազգային խնդիրներու լուծման արդիւնաւէտութեան: Կ'օգնէ իր հարեւաններու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխյարաբերութիւններու կարգաւորումին, ինչը, իր հերթին, կը նուազեցնէ անոր կախումը աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան հնարաւոր հետեւանքներէն:
  • Ներկայիս  Հայաստանի Հանրապետութիւնը համաձայն իր Սահմանադրութեան իրաւայաջորդը չէ առաջին հանրապետութեան, լիազօրուած չէ աշխարհի մէջ սփռուած արեւմտահայերու շահերը ներկայացնելու:  Ի վիճակի չէ, առնուազն տեսանելի ապագային, ստանձնելու արեւմտահայութեան ճակատագրին եւ ապագային առնչուող իւրայատուկ խնդիրներու, յատկապէս պահանջատիրութեան խնդիրի լուծման առաքելութիւնը:
  • Այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն առայժմ անհնար է, եւ անիրաւ ակնկալել իրենց ուժերէն վեր եւ իրենց բուն պարտականութիւններու ոլորտէն դուրս խնդիրներու լուծումը: Այն է` հանրապետութեան անվտանգութեան ու բարգաւաճման ապահովումը, Արցախի եւ հայկական այլ տարածքներու նկատմամբ Ազրպէյճանի յաւակնութիւններու դիմադարձումը:
  • Արեւմտեահայերու Ազգային Խորհուրդի գործնէութեան նպատակներուն եւ խնդիրներու որոշման համար նպատակայարմար կը  համարենք ներկայացնել հետեւեալ դրոյթները, որ կ’առաջարկուին Միջազգային Կազմակերպչական Կոմիտէի կողմէ քննարկման կարգով.
  • անմիջականօրէն ներկայացնել արեւմտահայութեան օրինական իրաւունքները եւ պահանջները միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, բանակցիլ թրքական իշխանութիւններու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ` հասնելու հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման, անոր հետեւանքներու ուղղմամն եւ վնասներու հատուցման,
  • ապահովել արեւմտահայութեան ժառանգներու իրաւունքները` անարգել եւ անվտանգ վերադարձը իրենց նախկին բնակավայրերը,
  • նպաստել սփիւռքի մէջ արեւմտահայութեան ազգային նկարագրի եւ ազգային ինքնագիտակցութեան պահպանման,
  • հետամուտ ըլլալ Թրքական Հանրապետութեան մէջ հայկական մշակոյթի յուշարձաններու պահպանման, վերականգնման եւ օրինական տիրոջ վերադարձուելուն:
  • որպէս երկաըաժամկէտ նպատակ, ջանալ օրինակ դառնալ կազմակերպչական հմտութեան եւ քաղաքացիական ընկերային հասարակարգի ստեղծումին Հայաստանի Հանրապետութեան և Արցախի մէջ, ամրապնդելու համար պետության և հասարակութեան ժողովրդավարական հիմքերը:
  • նպաստել ժամանակակից հայկական քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման, որ յենած ըլլայ յատկապէս վերջին հարիւրամեակի հայոց քաղաքական պատմութեան իրատես եւ գիտական վերագնահատման վրայ, արտացոլէ ինչպէս պարտութիւնները եւ կորուստները, այնպէս ալ յաղթանակները եւ ձեռքբերումները Օսմանեան, Ռուսական կայսրութիւններուն, Խորհրդային միութեան եւ Սփիւռքի մէջ: Եւ որ հիմք հանդիսանայ դրսեւորելու նոր իրատես, պատասխանատու մտածելակերպ եւ գործելակերպ, մշակել եւ որդեգրել ժամանակակից հայկական քաղաքական վարդապետութիւն` խուսափելու նոր պարտութիւններէ եւ կորուստներէ, ապահովելու հայ ոգիի եւ կամքի նոր սխրանքներ,
  • նպաստել միջազգային կեանքի մէջ ինքնուրոյն հայկական գործօնի ձեւաւորման, որ կ'արտացոլէ այն ֆինանսա-քաղաքական ուժերու առաջացումը` յենած ազգային կապիտալի եւ ազգային մտաւորականութեան միութեան վրայ, որ կ'ապահովէ արտերկրի հայութեան զանգուածային մասնակցութիւնը այդ գործօնի ձեւաւորման, եւ որը վերջապէս հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ ազգին իրեն` տնօրինելու իր ճակատագիրը:

Սեղմեք Ստորեւ պատկերը, դիտելու Սահացուցադրումը:

Share this content.