Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարի Յայտարարութիւնը

PrintPrintEmailEmail

2011 թուականի Դեկտեմբերի 10-ին Փարիզի մէջ (Սեւր) կայացաւ Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարը: Համագումարին ներկայ էին Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու ժառանգներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նապանգներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Արժանթինէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, Զուիցերիայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ռուսաստանէն:

Համագումարը հիմնեց Արեւմտահայերու լիազօր ներկայացուցչական մարմին՝ հասարակական ոչ-կառավարական, ոչ-շահութաբեր միջազգային կազմակերպութիւն “Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար” անուամբ, ներկայ 82 մասնակիցներու միաձայն քուէարկութեամբ ընդունեց անոր կանոնադրութիւնը, ընտրեց  Դոկտ. Սուրէն Սէրայտարեանը իբրեւ կազմակերպութեան Նախագահ, Պրն. Կարէն Միքայէլեանը, Տիկ. Սօնա Եագուպեանը եւ Գեներալ Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը իբրեւ Փոխնախագահներ, գործադիր մարմնի “Արեւմտահայոց Ազգային Գործադիր Խորհուրդի” անդամներ եւ հաստատեց կազմակերպութեան 2012-2013 թթ գործունէութեան ծրագիրը:

“Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի” առաջնահերթ նպատակն է գործունէութեան այնպիսի ծրագիրներու մշակումը, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռնեն պաշտպանել արեւմտահայոց շահերն ու իրաւունքները, որոնք ոտնահարուեցան ոչ միայն 1913 թ. ընդունուած բարենորոգումներու ծրագիրները չիրագործելու հետեւանքով, այլեւ օգտուելով պատերազմական վիճակէն, թրքական իշխանութիւնները կազմակերպեցին նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնը որ խլեց մէկ ու կէս միլիոն հայերու կեանքը եւ հարիւր հազարաւորներ վտարուեցան իրենց երկիրէն, ուր անոնք կը բնակէին հազարամեակներու թնթացքին:

Նոյնիսկ Մեծ Եղեռնէն ետք հնրաւորութիւն կար արդարութեան վերահաստատման համար: Կոնստդնուպոլսոյ դատարանը 1919 դատապարտեց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները, իսկ 1920 թ Օգոստոսի 10-ի Սեւրի դաշնագիրով Թուրքիան, ինչպէս ըրեր էին մեծ տէրութիւնները, ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգներու սահմաններուն մէջ:

Ներկայ պայմաններու տակ, երբ պաղ պատերազմը վերջացած է, կը ձեւաւորուի նոր հաշխարհային համակարգ, երբ վերականգնուած է հայկական պետականութեան անկախութիւնը, երբ ազատագրուած է Արցախը, հայութեան առջեւ կը բացուին նոր հնարաւորութիւններ՝ պայքարելու համար ընդհատուած Հայոց հարցի արդարացի լուծման համար:

"Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը"

  • կը տանի հետեւողական աշխատանք հասնելու համար իր ճանաչումին եւ ազգային ու միջազգային ասպարէզներու վրայ իբրեւ արեւմտահայոց լիազօր ներկայացուցչական մարմին ընդունուելուն, ընդհուպ մինչեւ անոր ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Սոցիալական Խորհրդին մէջ գրանցումը,
  • կ'աջակցի եւ կը համագործակցի այն գիտահետազօտական եւ համալսրանական հաստատութիւններուն հետ, որոնք կ’առընչուին ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն հետ,
  • կը ծաւալէ ակտիւ գործնէութիւն` ողղուած հայկական քաղաքակրթութեան մշակութային եւ ճարտարապետական արժէքներու պահպանման եւ վերականգման,
  • հետեւողական աշխատանք կը տանի յայտնաբերելու եւ հաշուարկելու համար անհատական եւ հաւաքական վնասները, որոնք հասցուեցան հայոց 1915 թուականէն սկսեալ, կը կազմակերպէ եւ կը ծաւալէ միջազգային իրաւագէտներու գործնէութիւն` նպատակ ունենալով դատական հայց ներկայացնել ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային դատարաններուն,
  • կը հիմնէ եւ կ'աջակցի զարգացնել իր մասնաճիւղերը հայ համայնքներու մէջ, որոնց գործնէութեան նպատակներէն մէկը կը հանդիսանայ` իր ներկայացուցչութիւնը ապահովել առաւել դեմոկրատական միջոցներով, հաշուի առնելով հայ համայնքներու առանձնայատկութիւնները,
  • կը հաստատէ համագործակցութիւն ՀՀ-ն իշխանութիւններուն հետ՝ Հայկական հարցի հետապնդման գործին մէջ աշխատանքի բաժանում եւ դերերի բաշխում կատարելու, ապահովելու համար համատեղ այնպիսի ծրագրերու մշակումի ու իրագործումը, որոնք կը նպաստեն համայն հայութեան ապահով եւ հեռանկարային զարգացման եւ հզօրացումին:

 

Admin

Share this content.