ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԵՐ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

PrintPrintEmailEmail

Համար : ՇԱԲԱԹ, 13 ՄԱՅԻՍ 2017 2017-05-13

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԵՐ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ 1.5 ՄԻԼԻՈՆ ՊՈՆՏՈՍԻ ՅՈՅՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Աւարտելէ ետք Պրիւքսէլի մէջ կայացած Եւրոպայի քիւրտ ղեկավարներուն հետ հանդիպումները եւ խորհրդակցական քննարկումները, Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարին կից Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Համագործակցութեան Մարմինը մեկնեցաւ Աթէնք, ուր նոյն օրը, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, խորհրդակցական կարեւոր հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի 1.5 միլիոն ծագումով Պոնտոսի յոյն համայնքի ղեկավարներուն հետ: Աթէնքի կեդրոնը գտնուող մշակութային պալատը իր մէջ կը ներփակէ այս հերոս ժողովուրդին 2500-ամեայ քաղաքակրթութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած թանգարան եւ արխիւային մեծ գրադարան: Այնտեղ կարելի է տեսնել Միհրդատ Եւփատոր թագաւորին ոսկեդրամի լուսապատկերը, որ հայոց Մեծն Տիգրան թագաւորին կնութեան տուած էր իր Կլէոպատրա գեղանի դուստրը: Հայ պետական բանակները երկարատեւ պայքար մղեցին հռոմէական դաժան կայսրութեան դէմ, պարտութեան մատնելով Լուկուլլուսը, եւ ներքին դաւաճանութեան պատճառով զինք ժամանակաւորպէս վար դրին Օգոստոս կայսեր առաջ, պահպանելով Հայաստանն ու Պոնտոսը, Միհրդատ անձնասպան եղաւ:

Վերադառնալով Աթէնք, յայտնի դարձաւ, որ 1922-23 թուականներուն Աթաթուրքի եւ Թոփալ Օսմանի կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան: Մէկ մասը իր հողերուն վրայ եւ բռնի կրօնափոխ եղաւ կամ թրքացուեցաւ: Բայց, հակառակ յունական կառավարութեան մերժողական դիրքորոշման (քաղաքական նկատումներէ ելլելով)՝ չճանչնալու պոնտոսցիներուն ցեղասպանութիւնը, ապա եւ անոնք կը շարունակեն պայքարը Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած ինչքերուն վերադարձին, արդար հատուցման եւ հայրենադարձութեան:

Այս խորհրդաժողով-հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունեցան եւ իրենց կարծիքները յայտնեցին նաեւ Անգարայի «Աքայ Քոյ» Ազատ Խօսքի հաստատութեան պատուիրակները, գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Սաիթ  Չեթինօղլուին, որ գլխաւոր ուժերէն մին էր Հնչակեան Քսան կախաղաններու ոգեկոչման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկերեան, 2015-ին, Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ: Սաիթ Չեթինօղլու բաւականին զգոյշ կը վարէ այսօր պայքարը, ինքն ալ չյայտնուելու ճաղերու ետին, Էրտողանի հիւանդագին քաղաքականութեան պատճառով:

Պոնտոսի յոյները ունին մեծ սփիւռք, նաեւ Յունաստանի մէջ բազմաթիւ պատգամաւորներ ու հզօր երիտասարդութիւն: Անոնք հիմա զարթօնք կþապրին, հակառակ Յունաստանի տնտեսական դժուարին պայմաններուն, կամուրջները միշտ ամուր պահելով Պոնտոսի քոյրերուն, եղբայրներուն հետ:

Այս կարեւոր հանդիպումներու կազմակերպման մէջ կարեւոր դեր խաղաց յոյն պատմաբան եւ քաղաքական պայծառ գործիչ Թէոդոսիոս Քէյիսքիտիսը, որ նաեւ որպէս կարգաւորող կը մասնակցի բոլոր նիստերուն եւ խորհրդաժողովներուն, որոնք կը վերաբերին ինչպէս Պոնտոսի յոյներուն, այդպէս ալ ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տարագրուած Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներուն:

Երկօրեայ հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ-հաղորդագրութիւն, որուն հիման վրայ յոյն եւ Պոնտոսի երիցս տարագրուած միութիւնը պէտք է համատեղ ջանքերով հասնին յաղթանակի, արդար իրաւունքներու վերատիրացման, ընդհանուր հայրենիքի մէջ խաղաղ ու երջանիկ կեանքով ապրելու տեսլականով:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Admin

Share this content.