PrintEmail
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«19 Յունուարի նախաձեռնութեան» առթիւ
Հիմնուած է
21-22 Յունուար 2017 –ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած
«Իրաւունքներու շուրջ միաւորուած» համագումարի
Եւ
25-26 Փետրուար 2017-ին Փարիզի մէջ կայացած
կլոր սեղանի ընդհանուր սկզբունքներու վրայ:
1. Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու «Իրաւունքներու շուրջ միաւորուած» համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Պերլինի մէջ, 2017-ի 28-29 Փետրուարին, ստեղծեց «Իրաւունքներու Շուրջ Միաւորուած, 19 Յունուարի նախաձեռնութիւն»ը:
- 2. Պերլինի համագումարի բոլոր մասնակիցները անդամ են այս նախաձեռութեան:
- 3. Այս նախաձեռնութիւնը անկախ շարժում է: Այն որպէս կազմակերպութիւն պիտի չգրանցուի:
- 4. Շարժման միանալ ցանկացող որեւէ կազմակերպութիւն կամ որեւէ անհատ իրաւունք ունի միանալու անոր:
- 5. Նախաձեռնութիւնը ստեղծուած է նպատակ ունենալով կազմել «Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Լիկա»ն կամ «ՓԱԺ լիկա»ն:
- 6. Նախաձեռնութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ այն պահուն, երբ կը կազմուի «Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Լիկա»ն
-
7. Նախաձեռնութիւնը պիտի գործէ 5 յանձնախումբերու միջոցով.
ա. Համակարգող յանձնախումբ
բ. «Միացեալ Պատմութիւն» յանձնախումբ
գ. «Միացեալ իրաւական եւ մարդկային իրաւունքներ» յանձնախումբ
դ. «Միացեալ Իրաւունքներ առցանց» յանձնախումբ
ե. Փոքր Ասիոյ քաղաքական յանձնախումբ - 8. Նախաձեռնութիւնը հիմնադրամ մը պիտի հիմնէ՝ դրամագլուխ ստեղծելու նպատակով:
-
9. «Իրաւունքներու Շուրջ Միաւորուած, 19 Յունուարի նախաձեռնութիւն»ը Մասնագէտներու խումբ մը պիտի ստեղծէ, որ հիմնուած պիտի ըլլայ Պերլինի համագումարի եւ Փարիզի Կլոր սեղանի ընթացքին մշակուած սկզբունքներուն վրայ (տե՛ս ստորեւ): Մասնագէտներու խումբը միասնական զեկուցագիր մը պիտի պատրաստէ: Պերլինի եւ Փարիզի հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած հարցերու հիման վրայ, նշուած զեկուցագիրը համապարփակ վաւերագրական ամփոփագիր պիտի ըլլայ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու պատմական եւ ներկայ իրավիճակին ու խնդիրներուն մասին: Նշուած փաստաթուղթի եզրակացութեան մէջ պիտի յստակեցուին խնդիրներու ընդհանրութիւններն ու ընդգրկուած խումբերու առանձին յատկանիշները, նաեւ պիտի կազմուի նախաձեռնութեան եւ «Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Լիկա»-ի ճանապարհային քարտէզն ու վճռորոշ ուղենիշը:
ա. Առանցքային հարցերը, որոնց պատասխանները պէտք է տրուին զեկուցագրին միջոցով հետեւեալներն են.-
1. Ո՞վ ենք մենք եւ որունկը ներկայացնենք:
2. Ի՞նչ նպատակով համախմբուած ենք:
3. Ինչի՞ պիտի ձգտի այս լիկան:
4. Ի՞նչ բարոյական չափանիշներով կ'ուղղորդուինք մենք:
բ. Մասնագէտներու խումբի աշխատանքը պիտի վերանայուի «Պատմութիւն» եւ «Իրաւունք» յանձնախումբերու կողմէ:
գ. Մասնագէտներու խումբի անդամները նախաձեռնութեան այն անդամներն են, որոնք ունակ են մասնակցելու զեկուցագրի պատրաստման գործին՝ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար ՀԿ-ի մշտական Մասնագէտներուն հետ համագործակցաբար:
դ. Ժամանակի ընթացքին, միասնական զեկուցագիրը կրնայ հիմք ըլլալ Փոքր Ասիոյ բոլոր ժողովուրդներուն համար պատմութեան այլընտրանքային դասագիրքի պատրաստման գործընթացինհամար: -
10.Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու շարժումը պէտք է գործէ կարճատեւ, միջին եւ երկարաժամկէտ աշխատանքային նախագիծերով.
ա. Կարճաժամկէտ աշխատանքները կ'ընդգրկեն յառաջիկայ չորսամսեայ ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին պէտք է.
1. Պատրաստել եւ հաստատման ներկայացնել Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու լիկայի նախագիծը:
2. Առերես հանդիպումներ ունենալ կազմակերպութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու հետ՝ պատրաստելու եւ հրաւիրելու համար զանոնք՝ շարժման միանալու: Անհրաժեշտութեան պարագային, Համակարգող յանձնախումբը սոյն նպատակին համար տարածաշրջանային ենթայանձնախումբեր պիտի ստեղծէ:
3. Թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրապարակել Պերլինի համագումարի նիւթերն ու Փարիզի Կլոր սեղանին նախատեսուած Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու լիկայի հեռանկարներուն առնչուող քննարկումները:
4. Հայաստանի մէջ 2017 թուականի աշնան կազմակերպել Մասնագէտներու խումբի առաջին հանդիպումը:
5. Տարածքային համագործակցութեան խումբեր կազմել այն շրջաններուն մէջ, ուր Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներ կը բնակակցին:
6. Մեկնարկել հինգ յանձնախումբերու գործունէութիւնը:
7. Դրամագլուխ ստեղծելու նպատակով ստեղծել հիմնադրամ մը:
բ. Միջին ժամկէտի աշխատանքները կ'ընդգրկեն յառաջիկայ մէկամեայ ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին պէտք է.
1. Հրապարակել Մասնագէտներու խումբի զեկուցագիրը:
2. Ստեղծել եւ գործի լծել Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու լիկան:
3. Ստեղծել տեղեկատուութեան եւ հեռարձակման միաւոր:
գ. Երկարաժամկէտ աշխատանքները կախեալ են Մասնագէտներու խումբի զեկուցագրէն եւ յանձնախումբերու կայացուցած որոշումներէն:
Փոքր ԱսիոյԺողովուրդներու Լիկան
- «Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու լիկա»ն պիտի գրանցուի որպէս ոչ-եկամտային եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, որ պաշտպան պիտի հանդիսանայ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու իրաւունքներուն:
- Թէ՛ անհատներ եւ թէ կազմակերպութիւններ կրնան անդամակցիլ լիկային:
-
Ոչ միայն փոքրասիական ծագում ունեցող անդամները, այլեւ այլ ծագում ունեցող անհատներ եւ մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ կրնան միանալ լիկային: Շարժման միանալու հրաւէր պէտք էստանան.
- Փոքրասիական ծագումով անհատներ եւ ընկերակցական կառոյցներ:
- Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, անհատներ եւ ընկերակցական կառոյցներ, ինչպիսիք են հիմնադրամները, վերլուծական կառոյցները, մարդու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները, եւ այլն, որոնք ցանկութիւն ունին միանալու մեր շարժման: - Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու լիկան երկու մարմիններէ բաղկացած պիտի ըլլայ.- Ընդհանուր Ժողովը եւ Գործադիր Մարմինը: Գործադիր Մարմինը պիտի կազմուի Գործադիր խորհուրդէն եւ յանձնախումբերէն:
Երկխօսութեան Գլխաւոր Սկզբունքները
- 1. Մեր կիսած առաջին ընդհանուր արժէքը արդարութեան, ժողովրդավարութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղ բնակակցութեան նկատմամբ մեր տրամադրուածութիւնն է:
-
2. Մեր շարժումը պէտք է քաջալերէ երկխօսութիւնը թէ՛ համայնքներուն մէջ, թէ՛ անոնց միջեւ: Այս առումով մենք ունինք երկխօսութեան երեք ուղղութիւններ.-
ա. Իւրաքանչիւր համայնքի մէջ:
բ. Տարբեր համայնքներու միջեւ:
գ. Բոլոր համայնքներուն միջեւ: -
3. Համընդհանուր ինքնութիւնը երկու գլխաւոր առանցքներ ունի.-
ա. Փոքր Ասիոյ հալածուած եւ խտրականութեան զոհ դարձած բնիկ ժողովուրդները: - բ. Երբեմնի Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքացիները եւ համայնքները:
- 4. Մեր շարժումը պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծէ՝ բոլոր խումբերու համար, անկախ անոնց քանակէն: Մանաւանդ,զգուշ վարուինք բառերու օգտագործումէն:Բոլոր պարագաներուն պէտք է բազմակարծիք եւ հանդուրժողական հարթակ հանդիսանանք՝ բոլոր համապատասխան երաշխիքներով, որոնք մէկուսացումէ զերծ կը պահեն մեծ եւ փոքր բոլոր խումբերը:
- 5. Մեր գործունէութիւնը կ'ընդգրկէ բոլոր ցեղային, ցեղա-կրօնական, կրօնական եւ լեզուական խումբերը՝ ընդհանուր հայրենիքին եւ ծագման երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ Փոքր Ասիայէն տեղահանուած սփիւռք(ներ)ը: Երեք գլխաւոր խումբեր են՝ լեզուական, կրօնական եւ ցեղային խումբերը (հայեր, յոյներ եւ արամերէն խօսող քրիստոնեաներ, եւ այլն): Բացի անկէ, մեր շարժումը կ'ընդգրկէ ոչ-իսլամական, ոչ-թուրք բնակչութիւնը (համշէններ, տերսիմցիներ (զազա, քըզըլպաշ, քուրմանճ, քրմանճ), ալեւիներ, եզիտիներ, նուսայրիներ, եւ այլն) եւ ոչ-թուրք, ոչ-քիւրտ սիւննի բնակչութիւնը (չերքէզներ, լազեր, եւ այլն):
- 6. Խառնածին անհատները երկխօսութեան կամուրջ են: Անոնք կրնան արագացնել երկխօսութեան գործընթացը համայնքներու միջեւ:
-
7. Արամէական ծագում ունեցող ժողովուրդները պէտք է ներկայացուին ըստ իրենց նախընտրած ինքնութեան, օրինակ՝ որպէս սուրիանիներ, (սուրիանի-) արամէացիներ, ասորիներ կամ քաղդէացիներ: Այսօր, այս համայնքները, ընդհանուր ազգային ինքնութեան բացակայութեան եւ ազգաշինութեան գործընթացի մէջ են: Անոնք ունին լեզուական ընդհանրութիւններ, սակայն դաւանաբանական տարբերութիւններ.-
ա. Սուրիանի-արամերէն խօսող ժողովուրդներ:
բ. Հինգ եկեղեցիներու պատկանելիութիւն ունեցողներ.
1) Արեւելեան Առաքելական եկեղեցի (նաեւ ծանօթ է Նեստորական եկեղեցի անունով)
2) Ասորի Ուղղափառ եկեղեցի
3) Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցի
4) Քաղդէական եկեղեցի
5) Բողոքականներ -
8. Տարածքային սահմանումներուն վերաբերող սկզբունքներ.-
ա. Փոքր Ասիոյ աշխարհագրական սահմանները միջազգայնօրէն չեն ճանչցուած: Փոքր Ասիա ըսելով մենք կը հասկնանք Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ Օսմանական բաժինը:
բ. Փոքր Ասիան մեզի համար թէ՛ հայրենիք է, թէ՛ ծագման երկիր: Թրքական Ազգայնական/Ազգայնամոլական շարժումները ոչնչացուցին ոչ միայն Փոքր Ասիոյ տեղաբնիկ բնակչութիւնը, այլ նաեւ այն հայրենիքը, ուր հազարամեակներէ ի վեր կ'ապրէին այս ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ անոնց ընդհանուր քաղաքակրթութիւնը, զոր ստեղծած էին ընդհանուր արժէքներու համակեցութեան միջոցով:
գ. Մենք պէտք է շատ զգուշ ըլլանք «տարածք» եզրը օգտագործած ժամանակ: Այս շարժման համար տարածք եզրը ընդհանուր հայրենիք կը նշանակէ, այսինքն՝ Փոքր Ասիա:
դ. Փոքր Ասիա հայրենիքը բաժնուած է աշխարհագրական եւ պատմական տարածաշրջաններու: Մենք պէտք է անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճշգրիտ սահմանումներն ունենանք, մասնաւորաբար՝ «Պոնտոս», «Քիւրտիստան», «Արեւմտեան Հայաստան», «Հայկական Բարձրաւանդակ», եւ այլն: -
9.Կան պատմական չորս ժամանակահատուածներ, զորս անցած ենք: Մենք տառապած ենք մեր ընդհանուր անցեալէն: Հետեւաբար մենք պէտք է ճիշտ սահմանում տանք մեր տառապանքներուն եւ կորուստներուն չորս ժամանակահատուածներուն.
ա. Օսմանեան անցեալ
բ. Երիտթուրքական անցեալ
գ. Քեմալական անցեալ
դ. Ժամանակակից Թուրքիա - 10. Ցեղասպանութեան շուրջ մեր ընդհանուր իրազեկուածութիւնն ու խիղճը գլխաւոր սկզբունք կը հանդիսանայ:
- 11. Մենք դէմ ենք «Ֆոլկլորացման» եւ «ապաքաղաքականացման» ռազմավարութիւններուն, որոնք կը կիրառուին տեղահանուած համայնքներուն եւ փախստականներուն վրայ՝ ետ պահելով զանոնք իրենց իրաւունքները պահանջելու տեսլականէն:
- 12. Մեր մշակութային եւ բնական ժառանգութեան յետագայ կործանման եւ միտումնաւոր լքուածութեան կանխարգելումը գլխաւոր նպատակ է:
- 13. Մենք պէտքէ փորձենք միջազգային իրազեկում ապահովել այն փաստին շուրջ, որ Փոքր Ասիոյ շատ լեզուներ կորստեան վտանգին առջեւ կանգնած են, կամ նոյնիսկ կորսուած են, ըստ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի տուեալներուն:
- 14. Թրքական պաշտօնական պատմութեան աղաւաղումները մեր համընդհանուր կորուստն են: Պատմական ճշմարտութեան շարունակական ժխտումը, մասնաւորապէս Փոքր Ասիոյ մէջ կրկնուող ցեղասպանութեան փաստը համընդհանուր տառապանք կը պատճառէ:
- 15. Մեր հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ արդարութեան հաստատումն ու բարեփոխումներու նախաձեռնումը՝ մեր ընդհանուր հայրենիքին մէջ, մեր ընդհանուր իրաւունքներուն համար: Եւ այս նպատակին միասնաբար հասնելու համար մենք պէտք է համախմբենք մեր ջանքերը՝ իրաւական եւ խաղաղ բոլոր միջոցներով:
- 16. Մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ մարդու իրաւունքներու միջազգային համաձայնագիրները, պայմանագիրներն ու արձանագրութիւնները յարգուած են:
- 17. Ընդհանուր տառապանքը մեր միջեւ կարեկցանք առաջացուցած է: Քրտական հարցը կը հաստատէ այս շատ կարեւոր երեւոյթը:
-
18. Ինչ կը վերաբերի քրտական պատմական պատասխանատուութեան կարեւոր խնդրին, մեր դիրքորոշումըհետեւեալն է.-
ա. Որոշ քրտական ցեղեր եւ անհատներ մասնակից դարձան ցեղասպանութիւններու որոշումներու կայացման եւ իրագործման, մինչդեռ գլխաւոր պատասխանատուութիւնը Երիտ Թուրքերու կառավարութեան եւ պաշտոնական Անգարայի վրայ է:
բ. Քիւրտ ժողովուրդը նիւթապէս օգտուեցաւ Փոքր Ասիոյ ոչ-իսլամ ժողովուրդներու բնաջնջումէն:
գ. Պատմական ճշմարտութիւններու պարզապէս ճանաչումը բաւարար չէ: Հետեւաբար մենք կոչ կ'ուղղենք թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ դուրսը գտնուող քրտական քաղաքական կառոյցներուն եւ վերնախաւին՝ միանալու մեզի մեր այս շարժման մէջ՝ վերակազմաւորելու համար Փոքր Ասիոյ բոլոր շահագրգիռ ժողովուրդները: - 19. Իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ՝ լայնածաւալ պատերազմ քրտական քաղաքացիական բնակչութեան դէմ, բռնապետական ժողովրդական ռէժիմ եւ արմատական իսլամի տարածման գործընթաց, ինչպէս նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, մեր հիմնական խնդիրն է: Քիւրտերն ու այնտեղ մնացած ոչ-թուրք եւ ոչ-իսլամ բնակչութիւնները, ըստ էութեան, կը տառապին շարունակական խտրականութենէ եւ հետապնդումներէ, որոնք կը ստիպեն արտագաղթելու:
- 20. Հաւասար իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ ժողովրդավար, բազմացեղ եւ աշխարհիկ Թուրքիա ստեղծելու տեսութիւնը մեր յաջողութեան նախապայմանն է: Հետեւաբար, ժողովրդավար աշխարհիկ թուրքերը (թէ՛ սիւննի եւ թէ ալեւի աշխարհիկ ժողովրդավարներ) ամենաիրատեսական այլընտրանքն են, եւ մենք անոնց հետ համագործակցելու կը միտինք:
- 21. Թուրքիոյ դրացի երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները մեր շարժման հաւանական գործընկերներն են, եւ հրաւիրուած են միանալու անոր:
- 22. Ընդհանուր ապագան կառուցուած է համակեցութեան սկզբունքին վրայ՝ մեր ընդհանուր հայրենիքին մէջ:
Sat, 04/08/2017 - 08:12
Souren