PrintEmail
Այս ցուցակը ինչպէս նկատեցիք չի ընդգրկէր ԱԱՀ կազմակերպչական կեանքի մանրամասնութիւնները, ժողովները, ներքին կեանքի արտայայտութիւնները, եւ ոչ ալ ղեկավար մարմիններու ունեցած հանդիպումները ներհայկական ինչպէս նաեւ օտար շրջանակներէ ներս, ինչպէս օրինակ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին եւ նախագահին հետ Փարիզեան հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ 2017 -ի մարտի 7ին, կամ 27 Նոյեմբեր 2016, ԱԱՀ պատուիրակութեան հանդիպումը Պրիւքսելի մէջ Քրտական Հե Տե Փե կուսակցութեան եւրոպական կեդրոնին մէջ Թուրքական խորհրդարանի ծագումով քիւրտ անդամներու հետ։
.
Այս զեկույցով, կարեւոր գտայ կեդրոնանալ ռազմավարական զարգացումներու եւ հստակ ձեռքբերումներու վրայ, քանի որ ԱԱՀ Հասարակական Կազմակերպութիւնը ինքնանպատակ չէ, եւ հաշուէտու է նախ եւ առաջ ոչ թէ կազմակերպչական կեանքի այլ կատարած աշխատանքի շօշափելի արդիւնքներու տեսակետէ.
Այս զեկոյցը, նկատի ունենալով ժամանակի սահմանափակումը, նպատակ ունի ընդհանուր ժողովի անդամներուն ներկայացնել Արեւմտահայութեան Ազգային Համագումարի աշխատանքի ընթացքն ու յստակ ձեռքբերումները արեւմտահայկական հարցի պահանջատիրութեան տեսակետով.
Քիչ ետք իրենց զեկոյցներով ձեզի կը ներկայանան Սեւակ Արծրունին 19 Յունուարի աշխատանքներուն մասին եւ մեր երիտասարդ իրավաբաններ Գէորգեան Լեւոնն ու Կիրակոսեան Եղիշէն մեր իրավաբանական աշխատանքներուն մասին. Առայժմ ես կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը:
Չորրորդ Համագումարի որոշումներուն լոյսին տակ, Մեր ազգային Խորհուրդը կրցավ զգալի առաջընթաց ապահովել Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարի դրած սկզբունքներուն մէջ. Կազմակերպչական, Մասնագիտական, Ռազմավարական, Հաղորդակցական, Ինքնադաստիարակման, ոչ հայկական ուժերու հետ յարաբերութիւններու եւ բոլոր այլ մարզերէ ներս մենք կրցած ենք ոչ միայն առաջընթաց ապահովել սակայն նաեւ հարազատ եւ հաւատարիմ մնալ մեր ստանձնած բոլոր սկզբունքներուն եւ ժառանգութիւն ստացած առաքելութեան.
Մենք կրցանք խոսքէն անցնիլ գործի եւ ամէնակարեւորը, չկտրուիլ իրականութենէն, ըլլալ իրատես եւ արհեստավարժ. խնդիրներուն տալ գործնական բայց նաեւ սկզբունքային լուծումներ, մեր կողքին ապահովելով միաժամանակ եւ հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ ներկայի ամենաառաջադէմ գորժիչներու եւ մասնագէտներու մասնակցութիւնը;
Իրաւունքի ծիրէն ներս շարունակական ջանքերու շնորհիւ պատրաստուեցաւ իրաւական փաստաթուղթ: Ան Թուրքիոյ նկատմամբ արևմտահայութեան պահանջատիրութիւնը կը դնէ արհեստավարժական եւ իրատեսական տարածութեան մեջ, կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական խնդիրի լուծման մօտեցումներու ռազմավարական եւ մեթոտոլոգիական ուղղութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան հայրենազրկման կեդրոնացած, համակարգուած եւ կանխամտածուած գործողղութիւններու մասին անսպառ ապացոյցներ: Իրաւական առումով ԱԱՀ-ն նախագահի մակարդակով աշխատանքները համակարգած է Պրն. Գագիկ Յարութիւնեանի հետ եւ ՀՀ, ԱԱՀ, ՀԱՅ-ԴԱՏ-իսկ զբունքներու շուրջ ձեւաւորուած է միակարծութիւն:
Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը մինչեւ Արեւմտահայոց չորրորդ Համագումար տեսական եւ իտէալիստական տարածութան մէջ կը գտնուէր. Մաքսիմալիստական եւ անհեռատես էր։ Չորրորդ համագումարը ոչ միայն տուաւ դժուար հարցերու լուծումներու նոր մոտեցումներու բանալիները այլ նաեւ առիթ ընծայեց լծուելու աշխատանքի, եւ նոր ռազմավարական ուղղութիւններու մէջ մտնելու;
Շնորհիւ Չորրորդ համագումարի սահմանումներուն, մենք առիթ ունեցանք դառնալու ոչ միայն աւելի կազմակերպուած, այլ նաեւ եւ ամենակարեւորը դարձանք աւելի արդիւնաւէտ. Մեր գործողութիւնները եղան աւելի նպատակասլաց եւ աննախադէպ արդիւնաւէտ.
Այսօր կը գտնուինք նոր ժամանակաշրջանի մը սեմին, որը մեզմէ պիտի պահանջէ աւելի մեծ զոհողութիւններ եւ աւելի յստակ եւ շօշափելի արդիւնքներ. Միաժամանակ եւ արդարութեան համար մեր սկսած իրաւական պայքարը եւ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու ջանքերու համատեղման հսկայածավալ ասպարէզը մեզմէ կը պահանջեն մարդկային եւ նիւթական աննախադէպ մեծ պաշարներ. Այս Ընդհանուր ժողովը պարտաւոր է առաջին հերթին լուծել կազմակերպչական բոլոր խնդիրները որոնք մեզ կթուլացնեն. որոնցմէ ամէնամեծերն ու ամէնավտանգաւորներն են պառակտուածութիւնն ու ինքնանպատակ գործունէութիւնը.
Սիրելի գործընկերներ
Մենք կարիք ունինք գործող մարդոց, նոր երիտասարդ ուժերու։ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը պարզապէս պարտաւոր է վերանորոգել իր ուժերը եւ ներգրաւել երիտասարդ մասնագէտներ իրաւագիտութեան, ժողովրդային դիւանագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, պատմագիտութեան, մշակութաբանութեան, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ շատ ասպարէզներէ։ Այս կազմակերպութիւնը մի քանի մարդոց, մի քանի խումբերու մէնաշնորհը չի կրնար ըլլալ. Ան պարզապէս դատապարտուած է բացուիլ երիտասարդ մասնագտներուն, նոր technology-ներուն, ժամանակակից աշխարհին;
Ազգային Խորհուրդի նոր կազմը բեկում պէտք է մտցնէ այս իմաստով։ Մեր պայքարի եւ առաքելութեան ռազմավարական եւ մարտավարական ուղղութիւնները յստակ են եւ այլեւս անքննելի, կը մնայ զինուիլ մարդուժով եւ նիւթական համաչափ միջոցներով. Պէտք է տարածուիլ ամբողջ աշխարհով մէկ, եւ անդամներ գտնել ոչ թէ շատ այլ կարող եւ կայացած; Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը կուսակցութիւն չէ, Համագումար մըն է որը պատրաստ է համագործակցիլ անխտիր բոլոր անոնց հետ, անհատներ եւ կառույցներ, որոնք տալիք ունին հայոց պահանջատիրութեանը;
Սիրելի բարեկամներ
Վերչապէս կ՛ուզեմ ըսել, այս ազգային Խորհուրդը որն այսօր այստեղ պիտի ընտրէք պէտք է դառնայ հայկական հարցի պահանջատիրուեան այս անկիւնադարձային ժամանակահատուածի մէծագոյն գրաւականը։ Եկող Ազգային Խորհուրդի աշխատանքէն կախուած պիտի ըլլան ոչ թէ երրորդ եւ չորրորդ Համագումարներու առած որոշուներու ճակատագիրը այլ կրնամ ըսել նոյնիսկ Արեւմտահայութեան առաջին եւ երկրորդ համագումարներու չլուծուած խնդիրներու ճակատագիրը.
Մեր անցած տարիներու մասնագիտական եւ կազմակերպչական ձեռք բերումները ապացուցեցին որ բոլոր խնդիրները ունին իրատեսական լուծումներ։ Հիմա ատենն է լծուիլ շօշափելի աշխատանքի եւ ունենալ շօշափելի արդիւնքներ։
Շնորհակալութիւն
Date:
Saturday, June 17, 2017 - 10:00
Սուրէն Սէրայտարեանի Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար Հասարակական Կազմակերպութեան 2017 Հունիսի 17-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած Հաշուետւութիւնը՝ Արեւմտահայոց 4-րդ Համագումարէն ետք մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքներու մասին.
Սիրելի գործընկերներ,
Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի պատմութեան մէջ կարելի է ըսել որ կայ մինչեւ չորրորդ համագումարի ժամանկաշրջանը եւ 2015-ի մարտին Փարիզի մէջ կայացած Արեւմտահայոց չորորդ Համագումարէն ետք սկսած ժամանակաշրջանը.
Թուրքիոյ նկատմամբ արեւմտահայութեան պահանջատիրութեան դատի լուծման որպէս կարեւորագոյն ռազմավարական սկզբունք Փարիզի մէջ արեւմտահայութիւնը 2015ի մարտին յայտարարեց՝
“Հայութիւնը եւ Փոքր Ասիոյ բոլոր պատմական ժողովուրդները ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք զրկուած են իրենց հայրենիքէն, այդ հայրենիքը բնաջնջուած է, և այդ հայրենիքին մէջ կառուցուած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:” եւ սահմանելով արեւմտահայութեան կրած վնասները, Չորրորդ Համագումարը հստակ սահմանում տուաւ այսպէս "Արեւմտահայութեան կրած վնասներու հանրագումարը իր հայրնեիքի բնաջնջումն ու կորսուստն է";
Չորրորդ Համագումարը հայութեան եւ աշխարհին ներկայացուց պահանջատիրութեան նոր մոտեցման փաստաթուղթ, միեւնոյն ժամանակ ճշդելով նաեւ գործունէութեան երկու գլխաւոր ուղղութիւններ.
1. Թուրքիոյ նկատմամբ իրաւական նախաձեռնութեան ակտիւացում
2. Թուրքիոյ ազգայնամոլական քաղաքականութենէն տուժած ժողովուրդներու պահանջատիրական ներուժի համախմբում ԱԱՀ-ի շուրջ
Նման ռազմավարական հստակ բայց բարդ իրագործելի ուղղեգիծով առաջնորդուելով, ԱԱՀ Ազգային Խորհուրդը 26 ամսիներու ընթացքին, համարձակութիւնը ունիմ ըսելու, կտրած է պատմական ճանապարհ.
Նշենք մի քանի կէտերով կարեւորագոյն միջոցառումները որոնք կ՛ուրուագծեն այս, կը կրկնեմ, պատմական ճանապարհը

- 2015 Ապրիլին Չորրորդ Համագումարի պահանջներու յանձնում Թուրքական Իշխանութիւններուն
- 2015 Մայիսին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած, Պելճիքայի Լուվեն քաղաքի Université Catholique-ի կազմակերպած կլոր սեղանի մասնակցութիւն, չորրորդ Համագումարի պահանջատիրական փաստաթղթի սկզբունքներու ներկայացում.
- 21 եւ 22 Նոյեմբեր 2015, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի հրաւերով մասնակցութիւն ցեղասպանութեան պատճառած վնասներու մասին կազմակերպուած իրաւաբաններու կլոր սեղանին,
- 3 Մայիս 2016, Սփիւռքներու Եւրոպական համագումար Պրիւքսելի Եւրոխորհրդարանին մէջ, որը պատճառ եղաւ որ ստեղծուին նոր յարաբերութիւններ Փոքր Ասիոյ տարբեր ժողովուրդներու Եւրոպական կեդրոններուն հետ.
- 12 Հուլիս 2016, բաց նամակ ԱԱՀ -ի կողմէ ուղղուած Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գիծով
- 7 եւ 8 Դեկտեմբեր 2016, իրաւաբաններու համաժողով Երեւանի Սահմանադրական Դատարանին մէջ ցեղասպանութեան իրաւական հետեւանքներուն մասին
- 27 եւ 28 Հունուար 2017, Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու համագումար Պեռլինի մէջ ուր ստեղծուեցաւ 19 Յունուար նախաձեռնութիւնը
- 25-26 Փետրուար 2017, Փոքր Ասիոյ 19 Յունուար նախաձեռնութեան կլոր սեղան ուր հստակեցուեցան նախաձեռնութեան սկզբունքային եւ ռազմավարական հիմքերը
- 24 Մայիս 2017 Քիւրտ-Հայկական երկխօսութեան անդրանիկ հանդիպում Պրիւքսելի մէջ եւ հիմնադրում Հայ-քիւրտական երկխօսութեան մշտական հանձնախումբի.
- 26-28 Մայիս 2017 Հանդիպումներ Աթենքի եւ Սալոնիկի մէջ հունական կազմակերպութիւններու եւ Պոնտոսեան շրջանակներու հետ.