Իրաւաբանական Մոտեցումներ Արեմտահայերու Պահանջատիրութեան Շուրջ

Views expressed are those of respective authors and not necessarily of the CNArmeniens.org
Les opinions exprimées sont celles des auteurs respectifs et pas nécessairement de CNArmeniens.org

PrintPrintEmailEmail

Յարգելի գործընկերներ, յարգելի բարեկամներ,

Որպէս սկիզբ, թոյլ տուէք արտայայտել երկու կարեւոր նկատառումներ։
Առաջինը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին։ Այնքան ատեն, որ ոգեկոչումը ուղղակիօրէն կապուած չէ իրաւունքի վերահաստատման եւ վերստացման (compensation and restitution) հարցերուն հետ, այդպէս ալ կը մնայ պարզապէս յուշատօն, առանց որեւէ արդիւնքի եւ դրական հեռանկարի։
Երկրորդ` քաղաքական տեսլականի եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութեան չգոյութիւնը։ Ի՞նչ է ուզածնիս, ի՞նչ կը ձգտինք ձեռք բերել եւ ի՞նչ ժամկէտի մէջ։
Կը խօսինք իրաւունքի ետ ձեռքբերման մասին, առանց սահմանելու թէ ի՞նչ է ձեռք բերուելիքը։ Ձեռքբերումը կրնայ ըլլալ անհատական ինչք, ան կրնայ ըլլալ տարածքներու վերձեռքբերում,  ներառեալ հանրային եւ եկեղեցական կալուածներ։ Ան կրնայ ըլլալ նաեւ տարածքներ վերատիրելու պահանջ, եւ այլն.։
Արդ, կարեւորագոյն հարց մըն է ասիկա, ի՞նչ տարածքներ։ Օսմանեան կայսրութեան հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիները կ՛ապրէին կայսրութեան սահմաններէն ներս՝ Ստամպուլի պէս գլխաւոր քաղաքներու, Կիլիկիոյ եւ Սեւրի դաշնագրին մէջ տեղ գտած չորս նահանգներու մէջ։
Ի վերջոյ եւ ոչ որպէս վերջին, գոյութիւն ունի Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ արդեն վիճելի համարուող տարածքներու հարցը, որոնք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անբաժանելի մասն էին, եւ որոնք յետագային Թուրքիոյ զիջուեցան Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագիրներուն համաձայն։
Իրավաբանորեն պահանջատէր կրնան ըլլալմանավանդ իրենք, իրաւունքի տէրերը, ուրեմն՝ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս բնակած հայերը եւ անոնց յետնորդները։ Այս ժողովրդային մասսան կազմակերպուած չըլլալուն համար հիմնուեցաւ ոչ կառավարական հասարակական կառուցուածք մը՝ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարը, որ արձանագրուած է Ֆրանսայի մէջ, անդամներ ունենալով Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Արժանթինէն, Աւստրիայէն, Զուիցերիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ռուսաստանէն եւ Հայաստանէն, որոնք կրնան պահանջատիրութիւն ներկայացնել։

Գոյութիւն ունին չորս հիմնահարցեր, որոնց կարելի է անդրադառնալ անմիջապէս։
Առաջին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններէն պահանջել բանալ եւ մատչելի դարձնել Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու գոյքերուն (cadastre) վերաբերեալ արխիւները։ Այս բանը կարելի է ընել պետութեան, ինչպէս նաեւ տեղային մակարդակներով (քաղաքներ, գիւղեր)։
Երկրորդ՝ ապահովել, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, բայց նաեւ հայկական մյուս եկեղեցիները (Կաթողիկե, Բողոքական)  պահանջեն վերստանալ իր սեփականութիւնը, որ կը բաղկանայ եկեղեցիներէ, վանքերէ, գերեզմանատուներէ եւ այլ անշարժ և շարժական գոյքերէ։ Ասիկա սերտ համագործակցութիւն կը պահանջէ երկու կաթողիկոսներու եւ Կոսնանդնուպոլսոյ Պատրիարքին միջեւ, ի մտի ունենալով, որ այդ ունեցուածքին մեծ մասը կը պատկանի Պոլսոյ Պատրիարքարանին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ այժմ կը գտնուի Լիբանանի մէջ։
Երրորդ՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջել հանրապետութեան տարածքին վրայ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, ինչպէս նախատեսուած է Լոզանի դաշնագիրին մէջ եւ վաւերացուած է Թուրքիոյ կողմէ որպէս փոքրամասնութիւններու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան յանձնառութիւն։

Չորրորդ՝ դիմել Թուրքիոյ հանրապետութեան սահմանադրական դատարանին՝ վերանայելու հայոց այսպես կոչված լքուած գոյքին վերաբերեալ առնուած օրէնքներու եւ որոշումներու սահմանադրականութիւնը։ Դիմումի մերժման պարագային պէտք է դիմել Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին, քանի Թուրքիան այդ դատարանի սահմանադրութիւնը վաւերացուցած է։
 
Որպէս երկարաժամկէտ ծրագիր, հետեւեալ հարցերը պէտք է հետապնդուին.

  • Արեւմտահայերու քաղաքացիութեան դադարեցումը, զանոնք դարձնելով երկար ժամանակ քաղաքացիութենէ զուրկ, տեղահանութեան ենթարկուած՝ ինչ որ միջազգային օրէնքներու եւ մարդու իրաւունքներու յստակ խախտում է։
  • Որպէս անմիջական զոհ, մարդկային իրաւունքներու առումով ծանր զրկանքի ենթարկուած անհատներու  պահանջները, որ արդիւնք էր 1915-1923 ցեղասպանութեան ընթացքին մարդկային իրաւունքներու ուղղութեամբ կատարուած խախտումներուն (քրէական վարք եւ կանխամտածուած անիրաւութիւն)։ Այս մէկը կը ներառէ անհատներու հատուցման պահանջներ (վերապրողներ ու անոնց յետնորդները), ցաւ ու վիշտ կրածներու պահանջներ (վերապրողներ), անհիմն մահեր եւ անյայտացումներ (վերապրողներ ու անոնց յետնորդները)։

Պահանջատէր կրնան ըլլալ

  • Անմիջական զոհերը, բռնութեան ենթարկուած փրկուածներ, դէպի անապատ տարագրութեան ենթարկուածներ, իրենց ընտանիքի անդամներուն վրայ գործադրուած վայրագութիւններու ականատեսներ։
  • Անշուշտ, պահանջատէր կրնան ըլլալ նաեւ մահացած կամ անյայտացած զոհերու անունէն անոնց յետնորդները, ժառանգորդները։
  • Բացաստի, պահանջատէր կրնայ ըլլալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր քաղաքացիներու անունէն։

 
Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ բնակչութեան կրած մարդկային իրաւունքներու զրկանքներու վրայ հիմնուած պահանջներ

  • ըստ ծագումի խտրականութիւն
  • ազատ օգտագործումը կրօնի եւ հայերէն լեզուի
  • մշակութային ժառանգութեան եւ կոթողներու ոչնչացումը կամ անխնամ ձգուիլը
  • որպէս բնիկ բնակիչներ հայերու չարաշահումը (աշխատանքային պայմանագիրներ, մշակութային պայմանագիրներ)։

 
Հայցուորներ կրնան ըլլալ

  • Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ի դէմս Թուրքիոյ մէջ ապրող իր քաղաքացիներու
  • Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի անհատներ
  • հայկական ծագումով Թուրքիոյ նախկին քաղաքացիներ կամ անոնց յետնորդները
  • հաստատութիւններ եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններ (եկեղեցի, ազգային ինչպէս նաեւ միջայգային ոչ կառավարական հասարակական կազմակերպութիւններ։

 
Տարածքային եւ ինչքի պահանջներ
Պահանջներու տեսակը եւ բնոյթը

  • ինքը հողը, վերստացման իրաւունքը, ոչ օրինական տիրոջ կողմէ վարձակալութեան տրուած ժամանակահատուածի դիմաց փոխհատուցում
  • հողի, ինչքի, գործարանի, տնտեսական արժէքներու, միջոցներու եւ ներդրուած գումարներու օգտագործումէն զրկուիլը
  • կրօնական եւ մշակութային արժէքներ

 
Պահանջատերեր կրնան ըլլալ

  • Հայաստանի Հանրապետութիւնը, նկատի ունենալով որ տարածքային պահանջներ ներկայացնելու իրաւունք ունի միայն պետութիւն մը, որ այս պարագային կապուած է քաղաքական որոշումէ մը, որ կը հետապնդէ Կարսի պայմանագրի վերանայումը։
  • անմիջական զոհերը կամ անոնց յետնորդները
  • հիմնարկներ (եկեղեցի, միութիւններ)

 
Ամբաստանեալներ կրնան ըլլալ

  • Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը որպէս Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդ
  • Երկրի կառավարական կոչում ունեցող անձեր կամ որոշիչ հիմնարկներ՝ ինչպէս պետական դրամատուներ, վաքըֆը, շրջաններու համայնքային պատասխանատուներ
  • Անհատ թուրքեր/քիւրտեր, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն մասնակից եղած են յանցագործ վայրագութիւններու, որոնք բռնագրաւած կամ ստացած են հայերու սեփականութիւնը՝ ներառեալ իրաւայաջորդները անոնց, որոնք գործած են այդ վայրագութիւնները
  • ընկերութիւններ կամ շինծու մարմիններ, որոնք մասնակցութիւն բերած են ցեղասպանութեան կամ օգտուած են անկէ՝ ներառեալ անոնց յետնորդները, որ կը գոյատեւեն այսօր, ինչպէս ապահովագրական ընկերութիւններ, դրամատուներ, հողերու սեփականատէր կազմակերպութիւններ, առեւտրական գործօն անձեր

 
Իրաւարարական Դատարան (Arbitration court) – քրէական կամ քաղաքացիական)
Նախապայման է կողմերու մասնակցութիւնը եւ համաձայնութիւնը

  • Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ (ասիկա քաղաքականապէս կասկածելի է)
  • անհատ հայցուորներ
  • հաստատութիւններ, ինչպիսին է եկեղեցին (իրագործելի)
  • Կողմերը կ՛որոշեն որոշման ոլորտը, բովանդակութիւնը, ատեանին լիազօրութեան սահմանները։
  • Կազմակերպիչ համակարգը կրնայ ներառել դրամական միջոցներ, ուր անհատական հայցեր կը հաստատուին եւ վճիռներ կ՛առնուին։

 
Միջազգային արդարադատութեան դատարան
(Միայն երկիրներ կրնան կողմ հանդիսանալ)

  • Երկիրները պէտք է իրաւասութեան համաձայնութիւն ունենան (մասնաւորապէս պայմանագիրներու մեկնաբանութեան եւ տարածքային սահմաններու հետ կապուած հայցերու վերաբերեալ)
  • Նաեւ Միջազգային արդարադատութեան դատարանին խորհրդատուական կարծիք կրնայ յղելՄիացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովը, Ապահովութեան Խորհուրդը կամ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան պատկանող մասնագիտացուած գործակալութեան մը (քաղաքականօրէն կասկածելի)։

 
Մարդկային Իրաւունքներպու Եւրոպայի Դատարան

  • Անհատական հայցեր ՝ վիճարկուած անհատներու կողմէ երկիրներու դէմ որոնք վաւերացուցած են դատարանի կանոնադրութիւնը (ներառեալ Թուրքիան), երբ բոլոր դատական միջոցները սպառած են
  • Ժամանակավրէպութեան հարց կրնայ առաջանալ

 
Կարճ Սեւրի Պայմանագիրի մասին
Թէեւ 23 երկիրներու մէջ քննարկուած է ան, սակայն պայմանագիրը որեւէ կողմ չի վաւերացուցած
Ըստ միջայգային իրաւունքի մասնագէտներու Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Զուիցերիայէն, ինչպէս նաեւ հայ միջազգային իրաւունքներու մասնագէտներու, Սեւրի պայմանագիրը համարժէք փաստաթուղթ չէ տարածքային եւ գոյքային պահանջներ ներկայացնելու համար։ Դեռևս կարելի է քաղաքականության մեջ օգտագործել ասիկա, բայց ո՛չ իրավաբանության։
Այս ամէն եզրակացութիւններուն լոյսին տակ եւ երկարատեւ մասնագիտական քննարկումներէ ետք, Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը կը պատրաստէ քաղաքական փաստաթուղթ մը, որ պիտի յղուի տարբեր կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն`կարծիք հայտնելու եւ վերանայման համար։ Ասոր նպատակն է երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մը (strategy) տեսլականը սահմանել։ Համաշխարհային հայութեան հատուածներուն միջեւ կապերու եւ փոխգործակցութեան խորացման, համազգային նպատակներու եւ ծրագիրներու իրականացման գործընթացին մէջ անոնց միջեւ աշխատանքներու եւ դերերու բաշխման հարցերը շօշափած ենք Նախագահ Սերժ Սարգմեանի հետ, որ իր կարգին նշած է, որ անհրաժեշտ է օգտուել պատմութեան դասերից, դրսեւորել իրատես եւ պատասխանատու ժամանակակից ազգային պետական, քաղաքական մտածողութիւն հայկական հարցի հետապնդման գործընթացի փուլումե։

Այս տեսլականով, մենք այս բեմէն կոչ կ՛ուղղենք այստեղ ներկայ մեր բոլոր գործընկերներուն, համագործակցութեան առաջարկներով, մասնագիտական խորհուրդներով, միանալ մեզ այս խնդիրները ավելի խորապես քննարկելու եւ յետապնդելու համար:
Եթէ մենք չգիտնանք թէ ուր կ՛երթանք, կրնանք հասնիլ տեղ մը ուր չէինք ուզեր հասնիլ։
Ակնյայտօրէն անհրաժեշտութիւնը կայ սերտ համագործակցութեան Թուրքիոյ իրաւաբաններու եւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։  Համագործակցութիւնը եւ համադրումը թուրք իրաւաբաններու հետ նախապայման է հարցերը թրքական դատարաններու մէջ քննարկելու համար։
 
Սուրէն Սէրայտարեան,
Արևմտահայերու Ազգային Համագումարի նախագահ
և ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին տեղակալ
 
Երևան, 2013թ. հուլիսի 5

Share this content.