CONGRES NATIONAL DES ARMENIENS OCCIDENTAUX
Published on CONGRES NATIONAL DES ARMENIENS OCCIDENTAUX (https://cnarmeniens.org)

Accueil > Meeting with Catholicos Aram I in Bikfaya

Meeting with Catholicos Aram I in Bikfaya

Date: 
Sunday, June 18, 2017 - 10:00

ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ 24.06.2017

Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունելով 25 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին անտեղիտալի կեցուածքն է ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը»։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հայ, արաբ, քիւրտ, թուրք, եզիտի, ասորի, ռուս, գերմանացի, պատմագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ ու երեսփոխաններ։ Անոնք կը գտնուէին Լիբանան Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու իրաւունքներուն նուիրուած համագումարին մասնակից դառնալու։ Բնականաբար, այդ ծիրէն ներս իրենց քննարկումներուն նիւթ դարձած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Photos by: Aram Somoundji

 

Prev Next

Source URL:https://cnarmeniens.org/event/meeting-catholicos-aram-i-bikfaya