100 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Օսմանեան թէ «Աթաթուրքեան», «Էվրէնեան» թէ «Էրտողանեան» վարչակարգերու կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած բազմաչարչար հայ, քիւրտ, յոյն, ասորի եւ Պոնտոսի յոյն ժողովուրդներու որդիներն ու թոռները, մասնակցութեամբ Թուրքիոյ յառաջադէմ մտաւորականութեան, Հայաստանի, Յունաստանի, Իրաքեան Քիւրտիստանի, Լիբանանի խորհրդարանականներու, նախարարներու, զինուորական թէ քաղաքական ղեկավարներու, 18 Յունիս 2017 թուականի առաւօտեան հաւաքուած էին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան»ի անուան դահլիճին մէջ:
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի եւ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարի նախագահ Սուրէն Սերայտարեանի յանձնարարութեամբ ստանձնեցինք խորհրդաժողովին մասնակից անդամներու ելոյթներու կարգաւորման գործընթացը:
Լիբանանի ազգային քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքերով հանդէս եկանք Մայր հարենիքէն (Հ.Հ. դեսպանին եւ հիւպատոսին բացակայութիւնը «զարմանալի» էր), Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Իրաքեան Քիւրտիստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն ներկայ գտնուող 10 Խորհրդարանի անդամներու, նախարար Ժան Օղասապեանի, Արժանթինի եւ Պաղեստինի դեսպաններուն, Հիւսիսային Սուրիոյ ինքնավար քրտամէտ մարզի (Ռօճավա), «Նեվրուզ» մշակութային, Ընկերային կազմակերպութեան, «Միասնական Ջաւախք» կազմակերպութեան, «Վրացական Երազանք» իշխող կուսակցութեան, «Ասորական Միացեալ Կուսակցութեան», «Լիբանանեան Ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Տոքթ.Սամիր Ժաաժայի ներկայացուցիչ Պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի, Ազգային անվտանգութեան եւ Լիբանանեան բանակի հիւր զօրավարներու եւ դահլիճը ծայրէ ծայր «գրաւած» լիբանանեան թէ լիբանանահայ կուսակցութեանց, կազմակերպութեանց, միութեանց ներկայացուցիչներու, գաղափարակից ընկերներու, հայրենասէրներու առջեւ:
Իրերայաջորդ կերպով բեմ հրաւիրուեցան Ա.Ա.Հ.-ի նախագահ, Մ.Ա.Կ.-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի երբեմնի տեղակալ Սուրէն Սերայտարեան, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական, ասորական հարցերու մասնագէտ եւ միութեան նախագահ Հապիպ Աֆրամ, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի նախագահ¬հիմնադիր Ալի Պայրամօղլու (Թուրքիա), նշանաւոր ցեղասպանագէտ« Պերլինի «Ֆրայ» համալսարանի դասախօսուհի Դոկտ. Թեսա Հոֆման:
Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ ուղերձով հանդէս եկաւ ծագումով ջաւախքահայ Շիրակ Թորոսեան, Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Չինչինածէ եւ Յունաստանի Խորհրդարանի Պոնտոսի յոյն խմբակցութեան ղեկավար Գէորգիոս Լազարիտիս: Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին խորհրդաժողովին եւ կազմակերպիչներուն: Հետաքրքրական էր Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի անդամ, նախագահ Մեսուտ Պարզանիի մերձաւոր Ալի Հալոյի ելոյթը, որուն քրտերէն թարգմանութիւնը կատարեց առասպելական ղեկավար Օճալան¬Աբոյի գաղափարական հետեւորդներէն Հանան Օսման («Նեվրուզ»ի նախագահ): «Բոցավառ» ելոյթներ ունեցան Ռօճավայի (Սուրիոյ քրտամէտ հիւսիսային մարզի) պատուիրակ Տիար Ղամըշլօ եւ նոյնինքն Հանան Օսման, ջերմ ու հայասէր խօսքերով խանդավառութիւն յառաջացուցին բոլորին մօտ:
Հ.Հ.Ազգային ժողովի ասորական խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Միխայլովի հիանալի ելոյթը հայ¬ասորական եղբայրական յարաբերութեանց ու գործունէութեանց մասին: Յատկանշական էր Իրաքեան Քիւրտիստանի հայոց ներկայացուցիչ Երուանդ Ամէնեանի ելոյթը որպէս հայազգի խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ Շանթ Չինչինեանի փոխանցած պատգամը Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան կողմէ:
Պատմական անցեալի ու ներկայի փաստերով եւ համատեղ պայքարի կոչով ելոյթ ունեցաւ «Ասորական Միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Իպրահիմ Մրատ: Նախկին քաղբանտարկեալ, այժմ «Միասնական Ջաւախք» միութեան նախագահ Վահագն Չախալեան եւ քրտական «Ազատութիւն եւ Ընկերվարութիւն» կուսակցութեան նախագահ Սինան Չիֆթյիւրէք (Թուրքիա) փոխանցեցին իրենց ծրագիրները եւ ակնկալիքները խորհրդաժողովին: Փայլուն կերպով ելոյթ ունեցաւ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան աշխոյժ ղեկավարներէն Ալեքս Քէօշկէրեան, որ բազմաթիւ կապեր հաստատած ու խորհրդաժողովներու մասնակից դարձած է Թուրքիոյ մէջ: Գերմանիոյ «Աքատեքա» Փոքր Ասիոյ փոքրամասնութեանց ղեկավար անդամ Իպրահիմ Սեւէն անդրադարձաւ Էրտողանեան վարչակարգին կողմէ հրահրուած հալածանքներուն եւ յոռի քաղաքանութեան, որ ուղղուած է տեղահան ընելու նաեւ Թուրքիոյ ժողովրդավարական շարժման պարագլուխները:
Ռուսիոյ հայոց պայծառ դէմքերէն, նախագահի աշխատակազմին հետ սերտ կամուրջներ հաստատած Կարինէ Գէորգեանի ելոյթը ռուսերէնով, կարեւոր գործընթացներու նշումներ կը պարունակէր եւ կոչ էր միասնական ջանքերով պայքարը շարունակելու:
Խորհրդաժողովը եզրափակեցին Պոլսոյ շրջանի Թուրքիոյ նախկին խորհրդարանական Ուֆուք Օրաս եւ Ա.Ա.Հ.-ի նախագահ Սուրէն Սերայտարեան: Շուրջ երեք ժամ տեւած այս խիստ կարեւոր խորհրդաժողովը իր արձագանգները գտաւ հայ թէ օտար մամուլի, ընկերային ցանցերու (ֆէյսպուք, թվիթըր), լիբանանեան պատկերասփիւռի, ինչպէս նաեւ ասորական եւ քրտական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն անմիջապէս: Որոտընդոստ ծափերով, մեծ նահատակ Հրանդ Տինքի հսկայական պաստառի հովանիին տակ 3-րդ կարեւոր խորհրդաժողովը աւարտին հասաւ, հիանալիօրէն կազմակերպուած հիւրասիրութենէ ետք:
Մասնագէտներու գործնական հանդիպումները շարունակուեցան «Վորվիք» պանդոկի դահլիճին մէջ: Նոյն օրը երեկոյեան, օտարերկրեայ պատուիրակաութիւններու առաջնորդները հանդիպեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա,-ի հետ, Պիքֆայայի ամառնային նստավայրին մէջ:
Համօ Մոսկոֆեան
Պէյրութ