Report of the NCWA Council presented by the Chairman to the General Assembly held in Beirut on 17 June 2017
Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը 2015 թուականի մարտ ամսուն Փարիզի մէջ կայացուց Արեւմտահայոց չորորդ Համագումարը, և Թուրքիոյ նկատմամբ արեւմտահայութեան պահանջատիրութեան դատի լուծման որպէս կարեւորագոյն ռազմավարական սկզբունք յայտարարեց՝
Ճշդուեցան գործունէութեան երկու ուղղութիւններ.
1. Թուրքիոյ նկատմամբ իրաւական նախաձեռնութեան ակտիւացում
2. Թուրքիոյ ազգայնամոլական քաղաքականութենէն տուժած ժողովուրդներու պահանջատիրական ներուժի համախմբում ԱԱՀ-ի շուրջ
Ա- Իրաւական նախաձեռնութիւն:
Սկսած 2011 թվականէն`Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ կը գործեն ԱԱՀ իրաւաբաններու յանձնաժողով, աշխատանքային խումբեր, որոնց շարունակական ջանքերուն շնորհիւ պատրաստուած է իրաւական փաստաթուղթ: Ան Թուրքիոյ նկատմամբ արևմտահայութեան պահանջատիրութիւնը կը դնէ արհեստավարժական եւ իրատեսական տարածութեան մեջ, կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական խնդիրի լուծման մօտեցումներու ռազմավարական եւ մեթոտոլոգիական ուղղութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան հայրենազրկման կեդրոնացած, համակարգուած եւ կանխամտածուած գործողղութիւններու մասին ապացոյցներ:
Իրաւական առումով ԱԱՀ-ն նախագահի մակարդակով աշխատանքները համակարգած է Պրն. Գագիկ Յարութիւնեանի հետ եւ ՀՀ, ԱԱՀ, ՀԱՅ-ԴԱՏ-ի սկզբունքներու շուրջ ձեւաւորուած է միակարծութիւն:
Բ- Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու համախմբում`
2017թ.-ի Յունուար-Փետրուար ամսիներուն, Պեռլինի եւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ, որուն որպէս արդիւնք ստեղծուեցաւ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու «19 Յունուար նախաձեռնութիւն»-ը: Պեռլինի համագումարի բոլոր մասնակիցները անդամ են այս նախաձեռնութեան, որը անկախ շարժում է, եւ որուն նպատակն է ստեղծել «Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Լիկա» միջազգային կազմակերպութիւնը: Նախաձեռնութիւնը կը գործէ 5 յանձնախումբերու միջոցով.
1. Համակարգող յանձնաժողով: Համակարգող՝ ԱԱՀ Գլխաւոր քարտուղար Սեւակ Արծրունի:
2. «Միացյալ Պատմութիւն» յանձնաժողով: Համակարգող՝ Ռեճեփ Մարաշլը
3. «Միացեալ իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու» յանձնաժողով: Համակարգող՝ Թեսսա Հոֆման:
4. «Միացեալ Իրաւունքներ» առցանց խմբակ: Համակարգող՝ Եավուզ Պայտար
5. Փոքր Ասիոյ քաղաքական Խորհուրդ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ փոքրասիական ծագում ունեցող պատգամաւորներու խորհուրդ:
Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու համատեղ գործունէութեան ընդհանուր սկզբունքներն ու նպատակներն են.
1. Երկխօսութիւն հիմնուած արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղ բանակցութեան վրայ:
2. Համընդհանուր ինքնութիւն երկու գլխաւոր առանցքներով.
ա. Փոքր Ասիոյ հալածուած եւ խտրականութեան զոհ դարձած բնիկ ժողովուրդներ:
բ. Երբեմնի Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքացիներ:
3. Ընդգրկել բոլոր էթնիկ, կրօնական և լեզուական խումբերը (ընդհանուր հայրենիքին եւ սփիւռքներու մէջ): Չորս գլխաւոր խումբեր են՝ հայերը, յոյները, քիւրտերը եւ արամէախօս քրիստոնեաները: Նաեւ ոչ-իսլամական, ոչ-թուրք բնակչութիւնը (համշեններ, տերսիմցիներ, ալեւիներ, եզտիներ, նուսայրիներ, և այլն) եւ ոչ-թուրք, ոչ-քիւրտ սիւննի բնակչութիւն. (չերքէզ, լազ, և այլն): Շեշտել նաեւ խառնածիններու դերը երկխօսութեան մէջ:
4. Տարածքային սահմանումներ.-
ա. Փոքր Ասիա ընկալումով մենք կը հասկնանք Հարաւ Արեւելյան Ասիոյ Օսմանական բաժինը:
բ. Փոքր Ասիան միաժամանակ ընդհանուր հայրենիք է եւ ինքնութիւն:
5. Ընդհանուր ինքնութիւն է նաեւ Ցեղասպանութեան շուրջ մեր ընդհանուր խիղճը եւ գիտակցութիւնը:
6. Նպատակներ՝
ա. Մշակութային ժառանգութեան կործանման և միտումնաւոր լքուածութեան կանխարգելում:
բ. Համախմբում թրքական պաշտօնական պատմութեան աղաւաղումներու, պատմական ճշմարտութեան շարունակական ժխտման (մասնաւորապէս Փոքր Ասիոյ մէջ կրկնուող ցեղասպանութեան) դէմ:
գ. Արդարութեան հաստատումն ու բարեփոխումներու նախաձեռնումը Փոքր Ասիոյ մէջ:
դ. Քրտական պատմական պատասխանատուութեան վերաբերեալ մենք կը կարծենք, որ պատմական ճշմարտութիւններու ճանաչումը բաւարար չէ. թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ամբողջ աշխարհի մէջ գործող քրտական քաղաքական կառոյցները պէտք է միանան արդարութեան շարժման: Այս գործընթացին մէջ կը կարեւորուի Էրպիլը:
ե. Ժողովրդավարական Թուրքիա ստեղծելու գործին մէջ, ժողովրդավար աշխարհիկ թուրքերու իրաւունքների պաշտպանութիւն:
7. Ընդհանուր ապագան կառուցուած է համակեցութեան սկզբունքի վրայ՝ մեր ընդհանուր հայրենիքին մէջ:
19 Մարտ 2017