from Keghart.org
Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 02 ապրիլ 2025
110 տարի անցած է հայուն դէմ գործուած ցեղասպանութենէն եւ տակաւին ցեղասպանը կը մնայ անպատիժ, իսկ զոհը՝ առանց հատուցման: Ցեղասպանուած, հայրենազրկուած եւ տարագրուած հայը տարիներ սգաց իր նահատակները, այնուհետեւ հաւաքեց իր ուժերը եւ սկսաւ իր արդար դատի ճանաչման եւ պահանջատիրութեան արշաւը: Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը, բայց պահանջատիրութիւնը չտուաւ իր ակնկալուած արդիւնքները:
Մենք այս ընթացքին մեծ յաջողութեամբ եւ արդարացիօրէն յաջորդական սերունդներուն մէջ վառ պահեցինք մեր մարտիրոսներուն յիշատակը, արժեւորեցինք անոնց կեանքի գնով դաւանած քրիստոնէութեան եւ հայրենասիրութեան պաշտամունքը, անոնց անշեղ սկզբունքն ու գաղափարապաշտութիւնը: Յաջողեցանք սերունդներու յիշողութեան մէջ դրոշմել, որ մենք թէեւ եղեռնազարկ եղանք, բայց վերապրեցանք, աշխարհին ցոյց տուինք, թէ ազգ մը, որ, մեր նման, չի ցանկար մեռնիլ՝ չի մեռնիր: Ապացուցեցինք, որ կրակէն, մոխիրներէն, արիւնէն յառնած հայը մերժե՛ց մեռնիլ, մերժե՛ց յանձնուիլ պատմութեան փոշիին։ Ան յարութիւն առաւ փիւնիկի նման, կրկին արմատ դրաւ ու ոչ միայն կրցաւ վերապրիլ, այլ նաեւ հետագային կերտել յաղթանակներ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ամէն հայու հոգիին ճիչն է, մեր բոլորին վիշտն է, մեր սրտին ցաւն ու չսպիացող վէրքն է: Սա մեր պատմութիւնն է, մեր անցեալն է, որ անկարելի է որ մոռնանք, անկարելի է որ ուրանանք ու դրժենք: Սա մեր հաւաքական յիշողութիւնն է, որ ձեւաւորած է մեր ներկան եւ նոյնիսկ, որոշ տեղեր, դարձած է մեր թշուառ այցաքարտը, որով կը ներկայանանք աշխարհին՝ խօսելով մեր ազգային «իւրայատկութիւններուն» մասին:
Հայոց ցեղասպանութիւնը անհերքելի եւ անժամանցելի իրողութիւն է ոչ միայն հայերուս, այլեւ քաղաքակիրթ աշխարհի բազմաթիւ արդարամիտ ու մարդասէր ժողովուրդներու համար, որոնք տարբեր դրսեւորումներով ճանչցած, ընդունած են այդ փաստը եւ աջակցութիւն յայտնած հայոց արդար իրաւունքներուն: Յիշողութեան առումով մենք երբեք չթերացանք, բացթողում չունեցանք: Յիշողութիւնը վառ է, որովհետեւ անով սնանած ենք, մեզմէ իւրաքանչիւրը եթէ իր ընտանիքին մէջ անձնական պատմութիւն չունի, ապա հարիւրաւոր պատմութիւններ կարդացած է, արդարեւ մեր յիշողութիւնը քննարկելի ու կասկածելի չէ:
Սակայն հոս անխուսափելի է գլխաւոր հարցադրումը. մեր պահանջները ինչո՞ւ մինչեւ օրս շօշափելի արդիւնքներու չյանգեցան: Իսկ, միւս կողմէ, արդեօ՞ք այդքան է միայն պարտաւորութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհին, որ իբր կոչուած է Երկրի վրայ արդարութիւն հաստատելու եւ կանխելու յանցանքներու կրկնութիւնը: Արդեօ՞ք աշխարհը կը բաւականանայ միայն դատապարտումներով ու զօրակցական կոչերով:
Մենք յաւելեալ ի՞նչ պէտք է ընէինք, բացի՝
– Երգերով կենացներ խմելէ՝ մեր բռնագրաւուած հողերը վերադառնալ ուխտելով... Իսկ եթէ վաղը մեզ «հրաւիրեն» մեր պատմական հողերը, քանի՞ հոգի պատրաստ պիտի ըլլայ տարիներով իր ուխտածը ի կատար ածելու: Կենացներէն դուրս գալով, գոնէ մեր գերիշխանութեան տակ մնացած հողերը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձա՞նք:
– Ոգեկոչման առիթով կազմակերպուած քայլարշաւներու մասնակցելէ... Անոնց դաշտագնացութեան բնոյթ տալէ զատ, գէթ պահ մը խոկացի՞նք շարժառիթին մասին:
– Ջարդուած ու տարագրուած ըլլալու հանգամանքով լալկան հոգեվիճակներ ընդունելէ՝ «մենք ցեղասպանուած, մէկուկէս միլիոն նահատակ ունեցող ազգ ենք» ըսելով օտարներուն ներկայանալէ... Զոհի կարգավիճակով մնալը այդքա՞ն հաճելի է մեզի համար:
– Մեր մէջ թուրքին հանդէպ կոյր ատելութիւն սերմանելէ ու աճեցնելէ ՝ թուրքին մայրը լացնելու խոստումներ կատարելով եւ դրօշակներ այրելով... Գիտակցեցա՞նք որ այդ մօտեցումը որեւէ արդիւնքի չի հասցներ մեր իրաւունքներու վերատիրացման առումով:
Իսկ որպէս պետութիւն ի՞նչ ըրին Հայաստանի Հանրապետութեան իրարայաջորդ կառավարութիւնները:
Ես չեմ ուզեր պատրանքներու մէջ ապրիլ, բայց գրեթէ համոզուած եմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան փոխհատուցման գլխաւոր ձեռքբերումը կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ կողմէ իր մեղաւորութիւնը ընդունիլը, ներողութիւն հայցելը եւ գուցէ արեան գին վճարելը: Չեմ գիտեր աշխարհաքաղաքական զարգացումները վաղը ի՞նչ կը բերեն եւ դիւանագիտութիւնը ի՞նչ խօսք կ’ունենայ: Բայց քաջ գիտեմ, թէ որպէս պետութիւն եւ ազգ մեր հիմնական նպատակները պէտք է շարունակեն մնալ Ցեղասպանութեան յիշատակի յաւերժ արծարծումը, զգօնութեան պահպանումը եւ պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ աշխարհաքաղաքական պատեհ առիթներու օգտագործումը, որպէսզի հնարաւոր արդիւնք մը կարելի ըլլայ ձեռք բերել:
***
Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը անկիւնադարձային էր. անկէ ետք թափ առաւ ճանաչման ու պահանջատիրական հոլովոյթը: Անոր հետ էր նաեւ, որ ծնունդ առաւ «Գալ տարի Վան» կարգախօսը, որ երկա՜ր տարիներ աւիւն ներշնչեց իր պատմական հողերէն բռնախլուած հայուն: Այսօր, այդ կարգախօսէն 60 եւ Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք, նպատակայարմար է որ աշխարհասփիւռ հայերը նոյն տրամաբանութեամբ մտածեն Հայաստան վերադառնալու մասին՝ որդեգրելով «Գալ տարի Երեւան» կարգախօսը ու գործադրեն լոկ կամեցողութեան վրայ հիմնուած այդ քայլը:
Քանի մենք ունեցանք «Երգ Հայաստանի», պիտի չմնանք միայն «Վէրք Հայաստանի»ով: Անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ձգտող, պատասխանատու միտք ու կամք դրսեւորող եւ պետականութեան թիկունք կանգնող հայ ժողովուրդը առաջին հերթին պիտի հաւատայ, թէ պայքարելու եւ պահանջելու առաջին ռազմավարութիւնը Հայաստան հայրենիքին հանդէպ անմնացորդ սէրն ու անխախտ հաւատքն է, հոն ապրիլն ու արարելն է, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման օժանդակելն է:

Sun, 04/06/2025 - 12:44
Admin