Ազգային 4-րդ Համագումարի Ճանապարհով

Views expressed are those of respective authors and not necessarily of the CNArmeniens.org
Les opinions exprimées sont celles des auteurs respectifs et pas nécessairement de CNArmeniens.org

PrintPrintEmailEmail

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 20 Յունուար 2015

Առ ի նախապատրաստութիւն Մարտ 28-29-ին Փարիզի մէջ կայանալիք Ազգային Համագումարին, Սեւակ Արծրունի, "Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար"ի (NCWA) խորհուրդի յատուկ քարտուղարը, Յունուար ամսուն այցելութեամբ կը գտնուէր Պէրութ: Այդ առիթով Keghart.com-ի աշխատակից Համօ Մոսկոֆեան շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ իր հետ:- Խմբ.

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Պրն. Արծրունի, ինչպիսի՞  առաքելութեամբ կը գտնուիք Պէյրութ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պէյրութ այցելեցի կազմակերպելու լիբանանահայ պատուիրակութիւնը, որ պիտի մասնակցի 2015 թ.ի Մարտ 28-29-ին Փարիզի մէջ կայանալիք 4-րդ Ազգային Համագումարին։ Նաեւ պատուիրակներուն լուսաբանելու այն աշխատանքներու և գործունէութեան մասին որ յառաջ կը տանինք մեր ազգային խնդիրներուն լուծման ճանապարհին։

Արեւմտահայոց Ազգային 3-րդ Համագումարը Փարիզի մէջ 2011-ին ընդունած է հայ քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու եւ ստեղծելու իրաւական հիմք։ Այսօր, մենք ունինք իրաւական լուրջ փաստաթուղթ, որ արեւմտահայերու անհատական և հաւաքական իրաւունքներու իրատեսական և իրաւական հիմքերը կը պարունակէ։ Միեւնոյն ժամանակ խնդիր կը դնէ Թուրքիոյ հետ հնարաւոր երկխօսութեան և յոռեգոյն պարագային, իրաւական-դատական գործընթաց սկսելու հեռանկարներ։ “Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար” միջազգային կազմակերպութիւնը այս երկու ուղղութիւններով կատարած է զգալի աշխատանք և նախապատրաստած է բանակցային ու դատական գործընթացներու պայմաններն ու աշխատանքները։

Այսօր, մենք 4-րդ համագումարին պիտի ներկայացնենք իրաւա-քաղաքական, արեւմտահայոց իղձերու և ցանկութիւններու փաստաթուղթ մը, որ պիտի դրուի քննարկման և քուէարկութեան։ 4-րդ համագումարը Փարիզի մէջ պիտի ըլլայ ներկայացուցչական և հնարաւորինս պիտի ընդգրկէ հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ ու անհատներ, որպէսզի այնտեղ տեղի ունեցող քննարկումն ու քուէարկութիւնը լայնօրէն նկատի առնէ արեւմտահայերու և համայնքներու կարծիքը։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որո՞նք ներկայ պիտի ըլլան իբր պատուիրակ և ինչպէ՞ս պիտի ընթանան գործընթացները այս համագումարէն ետք:



ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Առաջին՝ սփիւռքեան համայնքներէն պիտի մասնակցին այն արեւմտահայերը, որոնք ժառանգորդներն են Օմանեան հպատակութիւն ունեցողներուն, որոնք նահատակուեցան և կամ արտաքսուեցան, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրող ծագումով արեւմտահայերը։ Երկրորդը՝ հայրենակցական միութիւններն են ու մասնակիցներուն մէկ մասը պիտի գան որպէս հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Տակաւին Արեւմտահայաստանի հողին վրայ գտնուող և Պոլսոյ հայրենակցական միութիւններուն հետ կապուելու և մասնակցութեան հրաւիրելու գործընթացը պիտի ամբողջանայ մինչեւ համագումար։ Անիկա պիտի ներկայացնէ բոլորը։

Իսկ թէ ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ յետոյ։ Եթէ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարը մեծամասնութեամբ քուէարկէ ի նպաստ փաստաթուղթին՝ այդ պիտի դրուի իրաւական ու բանակցային գործընթացի մէջ։ Այսինքն՝ լիազօրէ դատական գործընթաց և ապա սկսի բանակցայինը։ Դեռ հաշտութիւն բառը վաղ է օգտագործել։ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը անհրաժեշտ է պատրաստել՝ գիտակցելու թէ մենք ի՞նչ կորսնցուցած ենք և ի՞նչ կ’ուզենք։ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ խօսինք այնպիսի լեզուով մը որ ըլլայ քաղաքականապէս հասուն, պատասխանատու և իրատես։ Այնպէս որ 4-րդ համագումարէն յետոյ, առնուած որոշումներուն հիման վրայ, կը նախատեսուի սկսիլ աշխոյժ ու գործնական աշխատանք այս երկու ուղղութիւններուն վրայ։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լիբանանի մէջ բոլոր կուսակցութիւններու և կազմակերպութիւններու ղեկավարներու և հոգեւոր պետերու հետ ձեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցաք, և դէպի ամերիկահայ ու այլ գաղթօճախներ այցելելու ճանապարհին, ի՞նչ է ձեր խօսքը լիբանանահայութեան։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ դրական իմաստով զարմացած եմ լիբանանահայ ղեկավարներու քաղաքական հասունութեամբ ու անձնապէս ականատես եղած եմ  թէ ինչպէս լիբանանահայ ընտրանին իսկապէս դարձած է պահանջատէր արեւմտահայերու պահանջներու և իրաւունքներու տեսակէտով։

Սփիւռքի բոլոր գաղութները Լիբանանի ու Սուրիոյ հայոց կը նային որպէս կարծիք ձեւաւորող օճախներ և Արեւմտահայերու Ազգային 4-րդ Համագումարի ընթացքին, այսպիսի իրատես, հեռատես ու պատասխանատու ղեկավարներու ներկայութիւնը կարծիք պիտի ձեւաւորէ նաեւ համագումարի մնացեալ մասնակիցներուն մօտ։ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարը, առանց բարդոյթներու և յուզական նախապաշարումներու, կրցաւ բանալ Թուրքիան, այնպէս որ կայ և ոչ թէ այնպէս ինչպէս որ մեր յուզական պատկերացումներուն մէջ կ’երեւի։

 

Share this content.