PrintEmail
Փարիզ 28 Մարտ 2015
Արեւմտահայ Ազգային Համագումարի նախագահ Սուրէն Սէրայտարեանի Արեւմտահայոց չորրորդ համագումարին արտասանած բացման խօսքը
Յարգելի պատգամաւորներ, մասնակիցներ, Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի անդամներ եւ բարեկամներ, մասնաւորապէս կ̓̓̓ուզեմ ողջունել Խորհրդային Հայաստանի վերջին նախագահ Պրն·Սուրէն Յարութիւնեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Արտաքին Գործոց Նախարար Պրն· Րաֆֆի Յովհաննիսեանին։
Ինչպէս գիտէք, Արեւմտահայոց առաջին եւ երկրորդ համագումարները տեղի ունեցած են 1917ին եւ 1919ին Երեւանի մէջ, նպատակ ունենալով լուծել արեւմտահայ գաղթականներու խնդիրները եւ կազմակերպել անոնց վերադարձը Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան մնացեալ տարածքներ, ուրկէ անոնք տեղահանուած էին ցեղասպանութեան ընթացքին։ Եւ ահա, 2011ի Դեկտեմբերին, Սեւրի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայոց Ազգային երրորդ համագումարը, որ ստեղծեց Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար միջազվային հասարակական կազմակերպութիւնը, որպէս արեւմտահայութեան, այսինքն Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու ժառանգներուն լիազօր ներկայացուցչական մարմին։
Անոր ստեղծումէն երեք տարիներ ետք, նայելով անոր անցած ճանապարհին, կը տեսնենք որ կարճ ժամանակի մը մէջ ան լուծած է շատ խնդիրներ եւ արձանագրած է շատ մը յաջողութիւններ, բայց, ամենէն կարեւորը, մեր ջանքերուն շնորհիւ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ այսօր արեւմտահայութեան պահանջատիրութեան ձայնն է որ կը գերակշռէ ամէն բանի, նոյնիսկ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար տարուող առշատանքներուն ընթացքներուն վրայ։
Տեղի ունեցան զանազան միջոցառումներ Թուրքիոյ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւն-ներու հետ, որոնցմէ նշելի են՝
-
Թուրք-հայ կլոր սեղաններ Երեւանի եւ Թուրքիոյ մէջ
-
2011-2014 զանազան գիտական աշխատութիւններ, որոնց կրնաք ծանօթանալ մեր կայքէջին վրայ
-
Laws and Decrees passed by the succeeding Turkish government on the abandoned properties
-
Իրաւաբանական մօտեցումներ արեւմտահայերու պահանջատիրութեան շուրջ
-
Իրաւունքներու գնահատման խնդրի մասին
-
Իրաւական ուղեցոյց
-
Արեւմտահայութեան հայրենադարձութեան խնդիրը եւ հայութեան ակնկալիքները
-
Opening the return path of the Ahgtolian’s children in Diaspora (Dec. 2014) organizes by the Association for Liberal Thinking (Istanbul)
2014ի Հոկտեմբեր 12ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի հերթական ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցան շուրջ 300 անձեր 27 հայրենակցական միութիւններէ։
Այս կարեւորագոյն ժողովները քննարկեցին Մեծ Եղեռնի հետեւանքով արեւմտահայոց կրած բարոյական, մարդկային, նիւթական եւ տարածքային վնասներուն հատուցումին եւ պահան-ջատիրութեան հետ կապուած գործունէութեան ռազմավարական եւ մարտավարական ներկայ խնդիրները։
Ժողովը նկատի առաւ համաշխարհային եւ տարածքային վերջերս արձանագրուած զարգացումները եւ ամբողջ հայութեան սպառնացող մարտահրաւէրները։ Ժողովը նոյն ատեն նկատի առաւ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման գործողութիւնները, համշէնահայութեան, տերսի-մահայութեան, ծպտեալ հայերու եւ իսլամացած կամ իսլամացուած հայերու էթնիկ գիտակցութեան զարթօնքի ընթացքը։
Ժողովը նաեւ քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ զարգացող քրտական խնդիրի վերջին զարգացումները եւ վերջապէս, հիմնուելով անցած ամիսներու մեր գործունէութենէն բխող տեղեկութիւններուն եւ հետազօտութիւններու արդիւնքներուն վրայ, որոշեց մինչեւ 1915ի Ապրիլ ամիսը հրաւիրել Արեւմտահայոց 4րդ համագումարը։
Սոյն պատճառաւ այսօր ներկայ են համշէնահայերու, զազաներու, տերսիմահայերու եւ քիւրտ հասարակութեան ներկայացուցիչներ։
Մենք՝ արեւմտահայերս հետ այսու ստիպուած ենք հասկնալ, գիտակցիլ որ ունինք իրաւական առումով յստակ, անքննարկելի, անշրջանցելի, անժամանցելի իրաւունքներ, որոնց հետ հաշուի պէտք է նստին Թուրքիան եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ անոր դաշնակից պետութիւնները։ Մեր իրաւունքներուն հետ հաշուի պէտք նստին նաեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին յաղթած պետութիւնները, որոնք ճակատագրական պահուն մոռցան եւ անտեսեցին այդ յաղթանակին համար հայութեան ունեցած անգնահատելի զոհողութիւնները։
Անգամ մը եւս կրկնեմ, շեշտելու համար՝
Մեր իրաւունքները իրաւական առումով յստակ են եւ անշրջանցելի։ Մեր իրաւունքները անժամանցելի են, ԱՆԿՈՐՉԵԼԻ են, այսինքն ի զօրու են այնքան ատեն, որ կայ պահանջող կողմը, այնքան ատեն որ կայ հայցուոր կողմը, իսկ այդ կողմը արեւմտահայութիւնն է, մենք ենք, աշխարհացրիւ բայց աւելի զօրաւոր, աւելի բազմաթիւ, աւելի կայունացած եւ կարող քան 19րդ թէ 20րդ դարերուն։
Thu, 05/09/2013 - 20:53
Admin