ԱԱՀ խորհուրդ –Երեվան 2013

PrintPrintEmailEmail
Date: 
Saturday, April 29, 2017 - 22:15

Մեր վերջին հանդիպումին յաջորդած ժամանակաշրջանին համեստ առաջկնթաց մը արձանագրեցինք որուն կ’ուզեմ ամփոփ կերպով անդրադառնալ։

Հիմնական եւ շատ կարեւոր պէտք է նկատել Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը մեր կազմակերպութեան մասին։ Ասիկա առաջին պաշտօնական յայտարարութիւնն է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած, ուր կարեւոր եւ դրական կը համարուի մեր կատարած աշխատանքը։

Երկրորդ կարեւոր քայլը որ արձանագրեցինք, կազմակերպութեանս աշխատանքային յանձնախումբի Թուրքիա կատարած այցն է Հրանդ Դինքի մահուան 6-րդ տարելիցին առթիւ` մասնակցելու Թուրքիոյ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կազմակերպած մեծարման հանդիսութեան, ուր յանձնախումբի անդամները ելոյթ ունեցան այդ առիթով խմբագրած մեր սիրտի խօսքով։ Այդ մասին տեղեկագիր մը պատրաստուած եւ բաժնուած է կազմակերպութեանս անդամներուն։

Անցնող Դեկտեմբերի 8-ին կազմակերպեցինք Խորհուրդի video conference մը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող մեր կազմակերպութեան անդամներու միջեւ, ուր տեղեկատուական խօսքերով ելոյթ ունեցան խումբ մը պատմաբաններ, որու ընթացքին Թուրքիոյ հետ կապերու յանձնախումբը ներկայացուց իր տեղեկագիրը։ Նոյն ժողովին որոշուեցաւ կազմել պատմաբաններու աշխատանքային խումբ մը, որուն նախնական կազմը կը բաղկանայ Փրոֆ. Մարութեանէ եւ Դոկտ. Վահան Մելիքեանէ։ Ներկայ ժողովի ընթացքին նախատեսուած է նոր անդամներ աւելցնել այդ կազմին մէջ եւ այդ խումբը անուանել հայեցակարգային հարցերու աշխատանքային խմբակ։ Այդ մասին աւելի մանրամասնօրէն պիտի տեղեկացնէ Պրն. Կարէն Միքայէլեանը։

ECOSOCի հասարական կազմակերպութիւններու բաժինը անցնող Նոյեմբերին մանրամասնութիւններ ուզեց ունենալ մեր կազմակերպութեան մասին, որ ներկայացուցինք Նոյեմբերի 4-ին։

Նշանակալի եւ դրական հանդիպում մը ունեցանք Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, ուր հանգամանօրէն խօսուեցաւ աշխատանքային յստակ բաժանում կատարելու անհրաժեշտութեան մասին։

Ապա, այդ հանդիպման պտուղներէն մէկը պէտք է համարել աւելի ուշ Հանրապետական Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին Նախագահ Սարգսեանի կատարած մատնանշումները Հայկական Հարցի յետագայ ընթացքին վերաբերեալ։ Այդ մանրամասնութիւնները կարելի է կարդալ Նախագահի արտասանած խօսքի 8-րդ էջին վրայ։

Պիւրոյի ժողով մը ունեցանք 19 Յունուարին Փարիզի մէջ, ուր քննարկուեցան կազմակերպութեանս յետագայ գործունէութեան զանազան հարցեր։ Աշխատանքային գործունէութեան ծրագիր մը պատրաստուեցաւ եւ առնուեցան յստակ որոշումներ։ Այդ որոշումներուն ամենակարեւոր կէտերէն մէկը միտքերու լուրջ փոխանակում կատարելն է թուրք մտաւորականներու, քիւրտերու եւ իսլամացած հայերու հետ։ Որոշում առնուեցաւ 2013-2015 ժամանակաշրջանին համար պատմաբաններու, իրաւաբաններու եւ հայեցակարգային հարցերու աշխատանքային խումբեր ստեղծել, ակելի ուշ նոր անուններ աւելցնել, պայմանաւ որ լուրջ աշխատանք տարուի նոր անդամներուն կողմէ։ Ժողովի աւարտին Գեներալ Նորատ Տէր Գրիգորեանց, Կարեն Միլայէլեան եւ Սեւակ Արծրունի տեղեկագրեցին Գերմանիոյ Քէօլն եւ Պերլին քաղաքներ կատարած իրենց այցի մասին։

Ծրագրուած էր թուրք մտաւորականներու եւ թղթակիցներու խումբ մը առաջնորդել դէպի Արցախ։ Թեքնիք պատճառներով, մեր կամքէն անկախ այդ ծրագիրը յետաձգուեցաւ։

Կարեւոր եւ արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցանք Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն հետ, որոնց հետ յատկապէս քննարկուեցաւ թուրքիոյ իշխանութիւններէն Թուրքիոյ մէջ հայապատկան եկեղեցական կալուածները իրենց օրինական տիրոջ վերադարձնելու պահանջ ներկայացնելու անհրաժեշտութեան հարցը։ Ինչպէս յայտնի է, Հայկական Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առթիւ այդ պահանջը հրապարակայնօրէն միասնաբար ներկայացուեցաւ երկու կաթողիկոսներուն կողմէ։

Ներկայ ժողովի ընթացքին նկատի ունեցած ենք ինչքան կարելի է հանգամանօրէն խօսիլ մեր յետագայ ընելիքներուն մասին, յատկապէս կշիռը դնելով թուրքերու, իսլամացած հայերու, քիւրտերու, համշէնցիներու եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններու հետ երկխօսութիւն սկսելու անհրաժեշտութեան եւ հնարաւորութիւններուն վրայ։

Հիմնուելով Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ Հայկական հարցի գծով անջատ բայց զուգահեռ աշխատանք տանելու անհրաժեշտութեան շուրջ գոյացած փոխհասկացողութեան վրայ կարեւոր կը նկատեմ այս ժողովի ընթացքին կեդրոնանալ մանաւանդ երկու հիմնական հարցի վրայ.

ա) Միջոցներ գտնել եւ եւ աւելի գործօն երկխօսութիւն սկսելու թուրք մտաւորական անհատներու եւ շրջանակներու հետ, որոնք պատրաստ են լրջօրէն մօտենալ մեր հարցին եւ իրենց ներդրումը բերել մեր հետապնդած նպատակները իրականացնելու մեր գործին մէջ։

բ) Կեդրոնանալ պահանջատիրութեան հարցին վրայ` հնարաւորը ձեռքէ բաց չթողելու մօտեցումով եւ վճռակամութեամբ։ Այս նպատակը իրագործել կարողանալու համար առաջարկ կայ իրաւաբանաւան եւ հայեցակարգային խումբեր հիմնել, որոնց մասին այսօրուայ օրակարգի կարգ մը կէտերուն մէջ նշուած է արդէն։

 

Սուրէն Սէրայտարեան

Երեվան 26-04-2013

 

Click on an image below to start the slideshow:

Share this content.