Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի ներկայացուցիչները Բրյուսելի մէջ հանդիպեր են Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան HDP ղեկավարներու հետ HDP Եւրոպայի ներկայացուցչութեան կենտրոնին մէջ Նոյեմբերի 17-ին հանդիպում է տեղի ունեցեր Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի (ԱԱՀ) պատուիրակութեան եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP-ի) ղեկավարութեան եւ Եւրոպայի կառոյցի ներկայացուցիչներու միջև:
Հանդիպման ընթացքի քննարկվեր են երկու կողմերուն յուզող խնդիրներ, անդրադարձ է կատարվեր Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող բաւական մտահոգիչ զարգացումներուն: Այս առումով Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը խստորէն դատապարտեր է Թուրքիոյ իշխանություններուն HDP կուսակցութեան ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան դէմ կատարած անընդունելի արարքները:
Այս առիթով, Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի պատվիրակութիւնը կոչ կ̓ուղղէ «Փոքր Ասիա հայրենիքի» բոլոր ժողովուրդներուն՝ համախմբուիլ պատմական իրաւունքներու շուրջ յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի պատվիրակութիւնը մաս կազմեր ԱԱՀ-ի նախագահ Սուրէն Սէրյատարեանը, ԱԱՀ-ի գլխաւոր քարտուղար Սեւակ Արծրունին, ԱԱՀ-ի Ազգային Խորհուրդի նախագահության անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Արագած Ախոյեանն ու ԱԱՀ-ի՝ «Փոքր Ասիոյ ժողովրդներու միջեւ կապ»-ի համակարգող Համօ Մոսկոֆեանը:
Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP-ի) Եւրոպայի կառոյցի կողմէ հանդիպման մասնակցեն են. Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ Սարըյըլտըզը եւ Քեմալ Աքթաշը, ինչպես նաեւ կուսակցութեան Եւրոպական ներկայացուցչութեան տնօրէն Յասին Սունճան: