REPORT CONCERNING THE RIGHTS OF WESTERN ARMENIANS

Views expressed are those of respective authors and not necessarily of the CNArmeniens.org
Les opinions exprimées sont celles des auteurs respectifs et pas nécessairement de CNArmeniens.org

PrintPrintEmailEmail

  

ԶԵԿՈՅՑ

Արեւմտահայութեան իրաւունքներու վերաբերեալ

Փարիզ, 2015, Մարտ 28
 
Զեկոյցը պատրաստուած է Արեւմտահայոց 4-րդ համագումարին համար (2015, Մարտ 28-29, «Meridien Etoile» պանդոկ, Փարիզ, Ֆրանսա)
Հաշուետուութիւնը պատրաստուած է Արեւմտահայոց ազգային համագումարի փորձագիտական խումբին կողմէ, որուն մաս կը կազմեն պատմագիտութեան, միջազգային իրաւունքի, թրքագիտութեան, քրտագիտութեան, քաղաքագիտութեան, հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան բնագաւառներու փորձագէտներ։
2014 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2015 Մարտ
Զեկոյցը համակարգող Արեւմտահայոց ազգային համագումարի անունով՝ Սեւակ Արծրունի, միջազգային իրաւունքի փորձագէտ համակարգող՝ Լեւոն Գէորգեան, պատմագիտութեան փորձագէտ համակարգող՝ Վահան Մելիքեան  

Ա. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐ
 
«Արեւմտահայութիւն» ըսելով, կը հասկնանք 1894-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով բնաջնջուած, բռնագաղթի ենթարկուած եւ մահմետականացուած հայ քաղաքացիներու ժառանգորդները։ Արեւմտահայութեան մեծ մասը (եօթը միլիոնէ աւելի) այսօր կ՛ապրի Հայկական սփիւռքի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Պատմական Հայաստանի բաժանումներէն (387, 591, 1555 եւ 1639 թուականներուն) ետք ձեւաւորուեցան «Արեւմտեան» եւ «Արեւելեան» Հայաստան հասկացութիւնները: Արեւմտեան Հայաստանի հայ ազգաբնակչութիւնը մինչեւ Առաջին աշխարհամարտ կը նկատուէր մեծամասնութիւն, որ կ՛ապրէր իր պատմական հայրենիքին մէջ (2-3 միլիոն մարդ):
Արեւմտահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնախնդիրներու ամբողջութիւնը յայտնի է «Հայկական հարց» անունով:
Հայկական հարցի յառաջացման հիմնական պատճառն է՝ Հայկական բարձրաւանդակի արեւմտեան հատուածէն ներս (Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջան) գտնուող մշակելի հողերու զգալի մասին՝ աւանդականօրէն հայերուն պատկանած ըլլալուն փաստը: 1831 թուականի Օսմանեան մարդահամարի իբրեւ արդիւնք, եւ նկատի ունենալով Օսմանեան զինուորական համակարգին մէջ զգացուող հասարակական մտածողութեան կտրուկ փոփոխութիւնները (որոնց տուն տուող պատճառներն էին ենիչերիներու հասարակարգի վերացումը, Օսմանեան զինուորական հասարակարգի քաղքենիացման հակումները, եւրոպական նահանգներու կորուստը եւ այլն), պարզ դարձաւ այն, որ կայսրութեան հողագործական տնտեսութեան զգալի մասը կը գտնուէր  քրիստոնեաներու ձեռքը: Կայսրութեան քայքայման պայմաններուն՝ սա մեծագոյն վտանգ էր ցեղախօսական թուրք եւ մեծ մասամբ քոչուոր քիւրտ եւ այլ Օսմանեան ժողովուրդներու համար:

Արեւմտեան Հայաստանի եւ արեւմտահայութեան խնդիրը՝ իբրեւ միջազգային դիւանագիտութեան հարց, յառաջացած է 1878 թուականին, Պեռլինի միջազգային վեհաժողովի ընթացքին: Պեռլինի պայմանագրի 61-րդ յօդուածը ամրագրեց Օսմանեան Կայսրութեան հայաբնակ մարզերու (Արեւմտեան Հայաստան) հայ ազգաբնակչութեան համար բարենորոգումներ իրականացնելու հարցը, որուն իրագործման պիտի վերահսկէին Մեծ տէրութիւնները: Նշեալ պայմանագիրին տակ ստորագրած էին օրուան գերտէրութիւնները, որոնց շարքին էր նաեւ Օսմանեան Թուրքիան:

Հայկական հարցի աշխուժացման հետագայ փուլերը եւս, հիմնականին մէջ կապուած են Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին արեւմտահայութեան նկատմամբ հալածանքներու եւ բռնութիւններու ուժեղացման փաստին, ինչպէս նաեւ թրքական պետութեան ի գործ դրած պատերազմական գործողութիւններուն:

1895 թուականի Ապրիլին, անգլիական կառավարութիւնը մշակեց բարենորոգումներու նախագիծ, ըստ որուն Արեւմտեան Հայաստանը կը ներկայացուէր իբրեւ ինքնավար շրջան՝ եւրոպական պետութիւններու հովանաւորութեան ներքոյ: Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մասնակցութեամբ նախագիծը ստացաւ ամբողջական տեսք եւ յայտնի դարձաւ՝ «Մայիսեան բարենորոգումներ» անունով: Ծրագիրը կը նախատեսէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ վարչական, դատական եւ այլ բարենորոգումներու իրականացում, այդ շարքին՝ կեդրոնական իշխանութեան ամրապնդում հայկական վեց վիլայէթներու մէջ (Էրզրում, Պիթլիս, Վան, Սեբաստիա (Սվազ), Մամուրէթ ուլ Ազիզ (Խարբերդ), Տիարպեքիր), ինչպէս նաեւ՝ հասարակական կեանքի, տնտեսութեան զարգացում, քրիստոնեայ բնակչութեան պաշտպանութիւն եւ բարենորոգումներու իրականացման միջազգային վերահսկողութիւն:
Բարենորոգումներու իրականացման հոլովոյթը, արեւմտեան ճնշումներն ու հայկական ինքնապաշտպանական զինուած շարժումները 1894-1909 թուականներուն, համատեղ կ'ընթանային արեւմտահայութեան զանգուածային կոտորածներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք տեղի կ'ունենային հազարաւոր հայ ընտանիքներու տեղահանում դէպի Օսմանեան Կայսրութեան այլ տարածքներ եւ/կամ անոնց բռնի իսլամացումը, կը գործադրուէր հայկական մշակոյթի եւ քաղաքակրթական արժէքներու սպիտակ ցեղասպանութիւն:
1910 Նոյեմբերին, Սալոնիկի երիտթուրքերու համագումարը, ի հակազդեցութիւն Կայսրութեան քրիստոնեայ ազգերու ինքնավարութեան ընթացքին, որոշում կայացուց թրքական թիկունք ստեղծել Անատոլիոյ մէջ եւ այդ տարածքը ապրող քրիստոնեայ ազգերը շուտափոյթ հեռացնել իրենց հազարամեայ հայրենիքէն եւ/կամ բնաջնջել:
Տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մարտահրաւէրներու ծիրէն ներս, հայութիւնը բաժնուած էր երկու խումբի՝ օսմանականներու եւ անջատողականներու: 1908 թուականէն սկսեալ, երիտթրքական յեղաշրջման ստեղծած լաւատեսութեան մթնոլորտին յաջորդեցին Ատանայի կոտորածները եւ համատարած հիասթափութիւնը, որոնց ի հետեւանք հայութեան մօտ հակաօսմանեան տրամադրութիւնները հետզհետէ սկսան աւելի սուր բնոյթ ստանալ:
Հայկական բարեփոխումներու վերաբերեալ, 1914 Յունուար 26-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ ստորագրուեցաւ ռուս-թրքական յուշագիր/համաձայնագիր, ըստ որուն հայկական եօթը վիլայէթներէն պիտի ձեաւորուէին տարածային երկու հատուածներ՝ առաջինը պիտի ընդգրկէր Տրապիզոնի, Էրզրումի, Սեբաստիոյ, երկրորդը՝ Վանի, Պիթլիսի, Խարբերդի, Տիարպեքիրի վիլայէթները: Հատուածներուն կառավարումը պիտի յանձնուէր երկու գերագոյն վերահսկողներու, զորս, Մեծ տէրութիւններու հաւանութեամբ, պիտի նշանակէր Բարձր Դուռը:

1914-1918 թուականներուն, գիտակցելով, որ քրիստոնեայ գերտէրութիւնները հայերը կը մղէին դէպի ինքնավարութիւն, ապա օգտուելով համաշխարհային պատերազմէն՝ Օսմանեան Կայսրութեան երիտթրքական կառավարութեան պարագլուխները ձեռնարկեցին հայկական հարցի լուծման հոլովոյթին՝ ամբողջ Օսմանեան Կայսրութեան հայ բնակչութեան նկատմամբ կոտորածներ կազմակերպելու եւ Արեւմտեան Հայաստանէն՝ հայկական վիլայէթներէն, հայկական ժողովրդագրական ներկայութիւնը վերացնելու միջոցով: Իրականացուող բռնի տեղահանութեան, համակարգուած կողոպուտի, կանանց եւ երեխաներու առեւանգման եւ մահմետականացման, ինչպէս նաեւ համատարած սպանդի համար իրաւական հիմքեր ստեղծելու նպատակով, երիտթուրք պարագլուխները Օսմանեան Մեճլիսին կողմէ ընդունեցին տեղահանութեան, «լքեալ գոյքի» սեփականազրկման եւ այլ օրէնքներ, որոնք կը հակասէին Թուրքիոյ ստանձնած միջազգային պայմանագրային պարտաւորութիւններուն, այդ ժամանակաշրջանի միջազգային սովորութային իրաւունքին (ընդհանուր միջազգային իրաւունքին), ինչպէս նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան Սահմանադրութեան:
1918 թուականի Մուտրոսի հրադադարէն ետք, Հայկական հարցը միջազգային լայն հնչեղութիւն ստացաւ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին (1919-1920): 1919-ի Փետրուար 12(25)-ին Փարիզ գտնուող հայկական երկու պատուիրակութիւնները ստորագրեցին հայկական ազգային պահանջները բովանդակող յուշագիր: «Հայկական պահանջներ»ն էին՝ (1) ճանչնալ (ստեղծել) հայկական անկախ պետութիւն՝ կազմուած եօթը վիլայէթներէն, Կիլիկիոյ եւ Անդրկովկասի հայկական հանրապետութեան տարածքներու միացումով, (2) Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին կողմէ պետութիւններէն մէկուն՝ ԱՄՆ-ին պիտի ընձեռուէր յատուկ յանձնարարութիւն՝ 50 տարիով, (3) Վեհաժողովը պիտի որոշէր դրամական հատուցման չափը եւ վերականգնէր հայ ժողովուրդի կրած բոլոր վնասները՝ կոտորածներէ, տեղահանութիւններէ, գոյքի յափշտակութիւններէ ու աւերածութիւններէ, (4) Թուրքիան պարտաւորութիւն պիտի ստանձնէր վճարելու փոխհատուցում իր կողմէ իրականացուած պահանջներուն համար եւ իբրեւ արդարացի հատուցում՝ իրաւատէր հայերուն վերադարձնէր իր տարածքին մէջ գտնուող անշարժ գոյքը, եկեղեցիները, դպրոցները, վանքերը՝ վերջիններուս յարակից հողերով ու գոյքով, որոնք որեւէ ձեւով խլուած են հայերու ձեռքէն, (5) անժառանգ մնացած համայնքային կամ մասնաւոր հայկական գոյքը պիտի տրուէր Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին, (6) հայկական ծագում ունեցող իւրաքանչիւր անհատ, ով կ'ապրէր օտար երկիր կամ դարձեր էր այդ երկրի բնակիչ, իր անչափահաս զաւակներուն հետ Հայաստանի քաղաքացի դառնալու իրաւունք պիտի ունենար:
1920 թուականի Սեւրի պայմանագիրը ձախողեցնելու նպատակով նորոգ հաստատուած ՌԽՖՍՀ-ի եւ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին մէջ փաստացի գործող, ազգայնական շարժման առաջնորդ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան պատճառով, հայութիւնը պարտաւորուած էր դիմակայել ոչ միայն քեմալական զօրքերու յառաջխաղացումը, այլ նաեւ Կարմիր բանակի եւ ատրպէճանա-թաթարական զօրախումբերու միջամտութիւնը: Յայտնուելով՝ Ա. աշխարհամարտը յաղթած դաշնակից պետութիւններու անհետեւողականութեան, ակնյայտ հակահայկական դաշինքի, ինչպէս նաեւ հետզհետէ հզօրացող խորհրդային ու քեմալական միացեալ համակարգերու դիմաց առանձինն, հայութիւնը ոչ միայն կորսնցուց Սեւրի պայմանագրի ստեղծած հնարաւորութիւնները, այլ նաեւ 1918-ին հռչակուած պետութեան անկախութիւնը:

ԱՄՆ-ի Սենատը չընդունեց Հայկական յանձնարարութիւնը եւ հակառակ Անտանտի պետութիւններու 24 Մայիս 1915-ի յայտարարութեան, Ֆրանսան ստորագրեց Անգարայի պայմանագիրը եւ քեմալականներուն յանձնեց Կիլիկիան՝ առանց պաշտպանելու երկրորդ անգամ տեղահանուող հայութեան իրաւունքները: Անտանտի յաղթանակած պետութիւնները նոյնիսկ հետամուտ չեղան ճանչնալու դատական ատեանի կողմէ յայտարարուած՝ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու փաստը։ Բրիտանացիները Քեմալական Թուրքիոյ յանձնեցին Մալթայի մէջ իրենց դատավարութեան սպասող երիտթուրք գործիչները, որոնք անպատիժ վերադառնալով՝ դարձան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքական յայտնի գործիչներ:
Առաջնորդուելով քաղաքական, ռազմավարական եւ տնտեսական իրենց սեփական առաջնահերթութիւններով՝ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան խնդիրներու մասին պարբերաբար յայտարարող երրորդ պետութիւնները, փաստօրէն, չկրցան Կ. Պոլսոյ առջեւ իրենց ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները հետապնդել մինչեւ վերջ: Այսպէսով, հայերը պատմական իրենց մարտահրաւէրները դիմագրաւեցին միայնակ, մինչ կը փայփայէին յոյսեր՝ երրորդ պետութիւններու մարդասիրական միջամտութեան վերաբերեալ: Լոզանի խորհրդաժողովի (1922 Նոյեմբեր 20 – 1923 Յուլիս 24) իբրեւ հետեւանք՝ հաշտութեան պայմանագրով հաստատուեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական սահմանները: Լոզանի մէջ, Յուլիս 17-ի նիստին «Հայկական ազգային օջախ մը» գաղափարը վերածուեցաւ «հայ գաղթականութեան»՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդրի եւ փոխանցուեցաւ Ազգերու լիկային: Լոզանի պայմանագրի 2-րդ յօդուածով կը յստակացուէին Թուրքիոյ սահմանները Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի, իսկ 3-րդ յօդուածով՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ: Արեւելեան (ՀԽՍՀ-ի հետ) սահմաններու կապուած թրքական յաւակնութիւններուն պատասխան կը տրուի Լոզանի պայմանագրի 16-րդ յօդուածով, ուր կը նշուի, որ տուեալ յօդուածի դրոյթները չեն տարածուիր բարիդրացիական յարաբերութիւններէ բխող այն յատուկ պայմաններուն վրայ, որոնք ձեռք բերուած են Թուրքիոյ եւ անոր սահմանակից որեւէ երկրի միջեւ (նկատի ունենալով Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը):
Հակառակ Փարիզի մէջ ստեղծուած Պատսպարեալներու Կեդրոնական կոմիտէի ջանքերուն՝ Թուրքիան առ այսօր չէ իրականացուցած Լոզանի եւ միւս միջազգային պայմանագրերով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ Օսմանեան հայութեան հայրենադարձութեան, պատմական յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ հայրենադարձներու իրաւունքներու վերականգնման վերաբերեալ:
 
Բ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐ
 
Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ գործադրուած զանազան տեսակի հալածանքներու, ցեղային զտումներու, զանգուածային կոտորածներու եւ տեղահանութեան քաղաքականութիւնը յանգեցուց հայութեան հայրենազրկման եւ դարերու ընթացքին ստեղծուած ու ժառանգուած մշակութային եւ նիւթական արժէքներու ոչնչացման:
Օսմանեան Կայսրութեան, յետոյ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարբեր կառավարութիւններու եւ վարչակարգերու՝ արեւմտահայութեան նկատմամբ վարած երկակի քաղաքականութիւնը, որ երեւութապէս միտուած էր բարեփոխումներու եւ ազատական գործընթացներու իրականացման, յանգեցաւ ներկայի Թուրքիոյ Արեւելեան հատուածի մէջ հայկական տարրի ոչնչացման իրողութեան:
Այդ երկակի քաղաքականութիւնը իր արտացոլումը գտաւ հետեւեալ կէտերու մէջ.
 
1.     19-րդ դարասկիզբին եւ մօտաւորապէս մէկ դար շարունակ Օսմանեան Կայսրութիւնը՝ ցանկալով արեւմտեան բնորդով արդիականացնել սեփական քաղաքական համակարգի հաստատութիւնները եւ փրկել Կայսրութիւնը վաղահաս փլուզումէ, իրականացուց օրէնսդրական եւ սահմանադրական բարեփոխումներ (ընդունելով թանզիմաթներ եւ Օսմանեան երկու սահմանադրութիւնները), ինչպէս նաեւ ստորագրեց իր քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող միջազգային պայմանագրեր (Սան Սթեֆանոյի եւ Պեռլինի պայմանագրերը, Հաագայի 1907-ի (4-րդ) պայմանագիրը, 1914-ի ռուս-թրքական պայմանագիրը եւ այլն).
2.     1914 Մայիս 13-ին, Օսմանեան կառավարութիւնը հաստատեց՝ 1913 Յունիս 2-ին Ռուսիոյ կողմէ ներկայացուած յուշագիրը (որ մինչ այդ արդէն հաստատուած էր նաեւ Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ կողմէ), որ յստակօրէն կ՛երաշխաւորէր հայկական վեց վիլայէթներու մէջ բնակող հայութեան կեանքի պայմաններու բարելաւումը եւ իբրեւ փոքրամասնութիւն՝ իրաւունքներու ապահովումը.
3.     Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն օգտուելով համաշխարհային ճգնաժամէն, Օսմանեան Կայսրութեան երիտթրքական կառավարութիւնը ծրագրեց եւ իրականացուց Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքացի, ազգութեամբ հայ բնակչութեան զանգուածային բնաջնջման եւ բռնի տեղահանման գործողութիւններ՝ զուգորդուած Օսմանեան (թրքական) քաղաքացիութենէ եւ համակարգուած՝ ունեցուածքէ զրկմամբ, որոնց իբրեւ հետեւանք ողջ մնացած արեւմտահայութիւնը ապաստան գտաւ Կովկասի եւ Ռուսիոյ, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Քաղաքական արդի հրամայականներու հիմքերը
 
Արեւմտահայութիւնը վերապրեցաւ հայրենազրկման բոլոր աղէտալի հոլովոյթներէն եւ այժմ հասած է պատմաքաղաքական նշանակալից հանգրուան.

  1. Արեւմտահայութիւնը փաստացիօրէն ներկայ է աշխարհա-քաղաքակրթական բոլոր զարգացումներուն մէջ եւ աշխոյժ ներկայութիւն է միջազգային բոլոր՝ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային բեմերու վրայ:
  2. Կարեւորագոյն երեւոյթ է՝ Թուրքիոյ տարածքին ծագումով հայ - մահմետական, քրիստոնեայ (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանչական), անաստուած եւ այլադաւան - քաղաքացի զանգուածներու աստիճանական բացայայտումը: Անոնց կարեւոր մասը ուծացուած է մինչեւ Առաջին աշխարհամարտը եւ անկէ ետք (1922-1938):
  3. Կարեւորագոյն հանգամանքներ են, անշուշտ, Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան՝ իբրեւ միջազգային իրաւունքի ենթակայ գոյութիւնը եւ Արցախի ինքորոշման իրաւունքի իրականացման հարցով համահայկական համախմբուածութեան փաստը:

 
Արեւմտահայերու ինքնակազմակերպման եւ իրաւատիրութեան սկզբունքները
 
1.     1912-էն սկսեալ, Գէորգ Ե. Թբղեսցի կաթողիկոսի կոնդակով, Փարիզի մէջ ստեղծուած Արեւմտահայութեան Ազգային պատուիրակութիւնը նպատակ կը հետապնդէր ի լուր աշխարհի եւ Օսմանեան Կայսրութեան, այնուհետեւ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւններու մօտ, կեանքի կոչել արեւմտահայութեան լիազօր ներկայացուցչական մարմին մը, որ հետեւողականօրէն տէր պիտի կանգնէր արեւմտահայութեան իրաւունքներուն՝ յորդորելով Թուրքիոյ իրականացնել բարեփոխումներ:
2.     1917 եւ 1919 թուականներուն արեւմտահայոց առաջնորդները եւ 1912-ին ստեղծուած Փարիզի Ազգային պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը Երեւանի մէջ կազմակերպեցին Արեւմտահայոց երկու համագումար, որոնք նպատակ կը  հետապնդէին՝ լուծել արեւմտահայ տեղահանեալ-պատսպարեալներու խնդիրները, զանոնք վերադարձնելով իրենց հայրենի բնակավայրերը եւ կրկին տէր դարձնելով իրենց կորսուած իրաւունքներուն:
3.     1921-1945 Փարիզի մէջ գործող Ազգային պատուիրակութեան լիազօրութիւններով գործող Հայ Պատսպարեալներու կեդրոնական կոմիտէն ի լուր միջազգային հանրութեան, նորաստեղծ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ Ազգերու լիկային ներկայացուցած է միջազգային իրաւունքի հեղինակաւոր մասնագէտներու (Gilbert Gidel, Lapradelle, Louis Le Fur եւ André N. Mandelstam) պատրաստած՝ արեւմտահայութեան վերադարձի, ունեցուածքին վերստին տիրանալու, կարգավիճակի հաստատման եւ այդ պահանջներով միջազգային իրաւունքի ատեաններ դիմելու անշրջանցելի եւ անժամանցելի իրաւունքներու վերաբերեալ յուշագիր:
4.     2011-ի Դեկտեմբեր 10-ին, Փարիզի մէջ գումարելով Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարը, արեւմտահայութիւնը վերականգնած է իր լիազօր ներկայացուցչական մարմինը, որ արեւմտահայոց կրած վնասներուն եւ ոտնահարուած իրաւունքներուն վերականգնման համար համազգային լիազօր ներկայացուցչական մարմին է:
5.     Արեւմտահայոց Ազգային Չորրորդ Համագումարը այս՝ պատմական, իրաւական եւ քաղաքական հոլովոյթի իրաւայաջորդը եւ ժառանգորդն է:
 
Արեւմտահայութեան կրած եւ շարունակուող նիւթական, բարոյական եւ մարդկային կորուստներու քաղաքական արժէքը
 

  1. Իրենց ամբողջութեան մէջ արեւմտահայութեան կրած վնասները կը ներառեն՝ արեւմտահայութեան բնակութեան տարածքի, տնտեսական եւ պատմամշակութային միջավայրի, ազգային  արժէքներու, աւանդութիւններու եւ ազգային յիշողութեան կորուստը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
  2. Արեւմտահայութեան կրած վերոնշեալ կորուստներէն եւ ոչ մէկը մինչեւ այսօր վերականգնուած կամ հատուցուած է:
  3. Կորուստները այսօր շատ աւելի մեծ են, քան 1919-ին Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին ներկայացուած՝ հայկական պատուիրակութեան յուշագրին մէջ նշուած վնասները (19,130,932,000 ֆրանք, որուն 4,532,472,000 ֆրանքը կը վերաբերէր Հայաստանի Հանրապետութեան):
  4. Կորուստները կը շարունակեն վնասել հայութեան բարոյական եւ նիւթական զարգացման եւ կայացման մղումներուն: Ասոնք կը ներառեն նաեւ կորսուած շահոյթը։ Ցեղասպանութեան պատճառած շարունակական վնասներ կը համարուին նաեւ՝

·       Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկական համայնքներուն անընդհատ սպառնացող վտանգները,
·       Ազգային ինքնութեան եւ արեւմտահայերէն լեզուի՝ հետզհետէ ահագնացող կորուստի սպառնալիքը Հայկական Սփիւռքի տարածքին,
·       Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ-ին (նաև ԼՂՀ-ին) եւ անոր բնակչութեան պարտադրուող շրջափակման եւ պատերազմական վիճակին ի հետեւանք՝ ՀՀ ապաստանած արեւմտահայերու շարունակական հեռացումը իրենց պատմական բնակութեան տարածքէն:
 
 
Եզրակացութիւն
 
Նկատի ունենալով վերոնշեալ քաղաքական իրողութիւնները,
Նկատի ունենալով Օսմանեան Կայսրութեան հայ քաղաքացիներու հայրենազրկման եւ ունեցուածքի զրկման հոլովոյթը, որ 19-րդ դարավերջէն մինչեւ այսօր կարգաւորուած է Օսմանեան, ապա թրքական օրէնքներով եւ պետա-իրաւական այլ որոշումներով.
Նկատի ունենալով, որ վերջիններս կը հակասեն Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնքներուն, վերոնշեալ ժամանակահատուածներու սահմանադրութիւններուն, անոնց կողմէ ստորագրուած միջազգային համաձայնագիրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային սովորութային իրաւունքին.
Նկատի ունենալով ՀՀ-Արցախի աշխարհաքաղաքական իրողութիւնը եւ արեւմտահայութեան ազգային համագումարի եւ նորանկախ Հայաստանի պետութեան միջեւ դերերու բաշխման յայտարարուած եւ անքննարկելի հրամայականը.
Փարիզի մէջ 28-29 Մարտ, 2015-ին գումարուած Արեւմտահայոց Ազգային Չորրորդ Համագումարը նախաձեռնած է արեւմտահայութեան իրաւունքներու ճանաչման եւ արեւմտահայութեան հասցուած վնասներու վերականգնման հոլովոյթին:
Արեւմտահայութեան, այսինքն՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ժառանգորդներու, հաւաքական դիրքորոշումն է, որ հասցուած եւ շարունակուող վնասի վերականգնման պարագային անշրջանցելի եւ անժամանցելի է արեւմտահայութեան ժողովրդագրական եւ քաղաքակրթական գոյութեան վերականգնումը իր պատմական հայրենիքին մէջ: Այս գերագոյն նպատակին հասնելու համար Արեւմտահայութեան Ազգային Չորրորդ Համագումարը կը հաստատէ, որ կան առանցքային անբաժանելի եւ իրարու հաւասար երկու նպատակներ՝
Ա.  Արեւմտահայութեան հասցուած վնասներու եւ ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնում:
Բ.   Արեւմտահայութեան վերադարձ պատմական հայրենիք եւ այդ վերադարձի համար Թուրքիոյ մէջ բարենպաստ պայմաններու ստեղծում՝ բարեփոխումներու եւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու հիմնական արժէքներու հաստատման ճամբով:
Հիմնուելով հաւաքական այս գիտակցութեան վրայ՝ իր անշրջանցելի պահանջները իրականացնելու նպատակով Արեւմտահայոց Չորրորդ Համագումարը պատրաստ է ընթանալու միաժամանակ հետեւեալ երկու ուղղութիւններով. Թուրքիոյ հասարակութեան եւ իշխանութիւններու հետ երկխօսութեան եւ Արեւմտահայոց կրած հաւաքական եւ մասնաւոր շարունակական վնասներու վերականգնման իրաւական ճամբաներով:
Վերոնշեալ սկզբունքային հիմնադրոյթներու յստակացման նպատակով, Արեւմտահայութեան Ազգային Չորրորդ Համագումարը հաստատած է՝ Արեւմտահայութեան պատմական հայրենիք վերադարձի իրատեսական ձգտումներու եւ իրաւական անշրջանցելի պահանջներուն համար իր կողմէ նախատեսուող գործողութիւններու հիմնական ուղղութիւնները:
 
Գ. ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐ
 
1.    19-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՎԵՐՋԸ ԵՒ 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ ԳՈՐԾՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ Կ՛ԱՐԳԻԼԷՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ ՍԵՓԱԿԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԵՒ ԿԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐԵՑՆԷՐ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թէեւ միայն վերջերս կայացուած Խորվաթիան ընդդէմ Սերպիոյ գործով վճռին մէջ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը նշեց, որ «ցեղասպանութիւնը պատժելու պարտականութիւնը, ինչպէս եւ [Ցեղասպանութեան վերաբերեալ] պայմանագրի այլ նիւթական դրոյթները, նախատեսուած եղած են ապագային տեղի ունեցող արարքներու պարագային կիրառուելու համար եւ նախատեսուած չեն եղած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի կամ որեւէ ժամանակ անցեալին տեղի ունեցած արարքներու պարագային կիրառուելու համար», ասիկա տակաւին չի նշանակեր, որ այն ինչ որ հետագային յայտնի դարձաւ իբրեւ «ցեղասպանութիւն» եւ կանոնագրուեցաւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պայմանագրին մէջ, արգիլուած չէր աւելի կանուխ՝ սովորութային միջազգային իրաւունքի տեսքով։  
Հիմնական հարցումը հոս կիրառելի բնորոշումներուն մէջ չէ, այլ անոր, թէ արդե՞օք միջազգային իրաւունքը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին կ՛արգիլէր պետութիւններուն ոչնչացնել սեփական բնակչութեան մէկ մասը, մասնաւորապէս` արդեօք միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ՞ր ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբերու ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացումը, թէ՞ արդեօք բոլոր նման բարբարոսական գործողութիւնները, հակասելով հանդերձ մարդկային բարոյականութեան եւ մարդասիրական սկզբունքներուն, մաս կը կազմէին պետութիւններու ինքնիշխան նախապատուութեան։
Այս հարցումին լիարժէք պատասխան գտնելու համար պէտք է գնահատել սովորութային միջազգային չափանիշերու գոյութեան համար անհրաժեշտ տարրերու` միատեսակ եւ համընդհանուր կիրառման եւ opinio juris-ի առկայութիւնը։
Առաջին վկայութիւնը այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնը բացասական վերաբերում ունի պետութեան` իր սեփական բնակչութեան դէմ իրականացուող բռնութեան դէմ, կը դրսեւորուի պետութիւններու կողմէ պատերազմական գործողութիւններու արդարացման փորձերու տեսքով։ 18-րդ դարէն սկսեալ լայն տարածում ստացաւ մարդասիրական միջամտութեան գաղափարը։ Այնպիսի պետութիւններ, ինչպիսին են Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Անգլիա, յաճախակիօրէն կը յայտարարէին պատերազմ` զայն հիմնաւորելով հակառակորդ պետութեան տարածքին մէջ բնակող եւ փոքրամասնութիւն կազմող զանազան խումբերու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեամբ։

1827էն 1830, յունական անկախութեան պատերազմի ընթացքին, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա եւ Ռուսիա վկայակոչեցին յեղափոխական յոյն բնակչութիւնը պաշտպանելու իրաւունքը` իբրեւ արդարացում Օսմանեան Կայսրութեան դէմ իրականացուող ռազմական գործողութիւններուն։ 1860-ին, Ֆրանսայի կողմէ առաջնորդուող եւրոպական տէրութիւնները իրականացուցին միջամտութիւն՝ Լիբանանի տարածքին ապրող քրիստոնեայ մարոնիներու պաշտպանութեան նպատակով։ 1866էն 1868, Աւստրիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Պրուսիա եւ Ռուսիա միջամտութիւն իրականացուցին Կրետէի վարչական միաւոր քրիստոնեայ բնակչութեան պաշտպանութեան նպատակով։ 1875էն 1878 ժամանակաշրջանին Ռուսիա իրականացուց քանի մը միջամտութիւն՝ թրքական ուժերու կողմէ հետապնդումներու ենթարկուող Պոսնիոյ, Հերցեկովինայի եւ Պուլկարիոյ քրիստոնեայ բնակչութեան պաշտպանութեան նպատակով։ 1903էն 1908, եւրոպական գերտէրութիւնները իրականացուցին միջամտութիւն Թուրքիոյ մօտ` մակեդոնացի բնակչութեան պաշտպանութեան նպատակով։
Պետութիւններու այս գործողութիւնները առաջնակարգ ապացոյց են այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնը կը դիտարկէր պետական կամ պետութեան կողմէ հովանաւորուող բռնութիւնը սեփական բնակչութեան մէկ մասին դէմ՝ իբրեւ անընդունելի երեւոյթ, որ ինքնիշխան պետութիւններու ներքին գործը չէ միայն. երեւոյթ, որ կրնար արդարացնել նաեւ երրորդ պետութիւններու միջամտութիւնը։

1878-ի Պեռլինի պայմանագիրը եւս մէկ քայլ առաջ էր այս հոլովոյթին մէջ: Այդ պայմանագրի 62-րդ յօդուածը յստակօրէն կը սահմանէր. «Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր մասերուն մէջ կրօնական տարբերութիւնները պէտք չէ հիմք հանդիսանան՝ քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու, հանրային ծառայութեան, պաշտօններու եւ մրցանակներու, մասնագիտական աշխատանքով կամ արտադրութեամբ զբաղելու վերաբերեալ որեւէ հարցի մէջ բացառման կամ անհամապատասխանութեան համար։ Բոլորը պէտք է իրաւունք ունենան, անկախ հաւատքի տարբերութիւններէ, վկայութիւն տալու դատարաններու առջեւ»։
Աւելին. 61-րդ յօդուածը կը սահմանէր. «Բարձր Դուռը կը պարտաւորուի առանց յետաձգումներու իրականացնել տեղական կարիքներով պայմանաւորուած բարելաւումներ եւ բարեփոխումներ այն շրջաններուն մէջ, որոնք բնակեցուած են հայերով, եւ երաշխաւորել վերջիններուս ապահովութիւնը չերքէզներէ եւ քիւրտերէ»։ Համանման պարտաւորութիւն սահմանուած էր նաեւ աւելի կանուխ` 1878-ի Սան Սթեֆանոյի Խաղաղութեան նախնական պայմանագրին մէջ։  
Յատկանշական է, որ միջազգային իրաւունքի համաձայն խումբի մը դէմ ուղղուած բռնութեան կանխարգիլման պարտականութիւնը (գործողութեան դրական պարտաւորութիւն) անհրաժեշտօրէն կ՛ենթադրէ այդ խումբին դէմ բռնութիւն իրականացնելէ զերծ մնալու պարտականութիւն (գործողութենէ ձեռնպահ մնալու բացասական պարտաւորութիւն)։
Նման դիրքորոշում արտայայտած է նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Պոսնիա եւ Հերցեկովինա ընդդէմ Սերպիոյ եւ Մոնթենեկրոյի գործով կայացուցած վճռին մէջ, որուն համաձայն «փարատոքսային կ՛ըլլար, եթէ պետութիւնները պարտաւորուած ըլլային կանխել իրենց հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս [արգիլուած վարքագիծի] դրսեւորումները այն անձերուն կողմէ, որոնց վրայ իրենք ունին որոշ ազդեցութիւն, սակայն նման վարքագիծ մը արգիլուած չըլլար նոյնինքն իրենց մարմիններու կամ անհատներու միջոցով իրականացուելու պարագային. անոնց, որոնց նկատմամբ իրենք ունին այնքան ամուր վերահսկողութիւն, որ այս վերջիններուն վարքագիծը, միջազգային իրաւունքի համաձայն, կը վերագրուի համապատասխան պետութեան»։
Կարեւոր է նշել, որ Պեռլինի պայմանագիրը ուժի մէջ էր այն պահուն, երբ տեղի կ՛ունենար Հայոց Ցեղասպանութիւնը. անիկա չէր հերքուած եւ չէր լուծուած։ Ուստի, 61-րդ եւ 62-րդ յօդուածներով սահմանուած պարտաւորութիւնները կը շարունակէին գործել։
 Ապացոյց մը եւս՝ այսպիսի սովորութային չափանիշերու գոյութեան, որոնք կ՛արգիլէին պետութիւններուն՝ սեփական բնակչութեան դէմ բռնի գործողութիւններ իրականացնելը, կարելի է գտնել 1899 եւ 1907 թուականներու Հաագայի պայմանագրերուն մէջ։
1899-ի Ցամաքային պատերազմի կանոններու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ Հաագայի (2-րդ) պայմանագիրը եւ 1907-ի Ցամաքային պատերազմի կանոններու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ Հաագայի (4-րդ) պայմանագիրը յստակ յղում կը կատարեն սովորութային չափանիշերու («գործելակերպեր» եւ «մարդկութեան կանոններ»), որոնք կը պաշտպանեն ոչ միայն պատերազմի, այլ նաեւ խաղաղութեան ժամանակ։ Այսպէս` նախաբանները կը սահմանեն.  

Մինչեւ պատերազմի իրաւունքի մասին աւելի ամբողջական ժողովածուի մը ընդունումը, Բարձր Պայմանաւորուող Կողմերը անհրաժեշտ կը համարեն յայտարարել, որ բոլոր այն դէպքերը, զորս չեն կարգաւորուիր իրենց կողմէ ընդունուած Կանոններով, իրենց բնակչութիւնները […] կը շարունակեն մնալ ազգերու իրաւունքի պաշտպանութեան ներքոյ այնպէս, ինչպէս որ կը բխին քաղաքակիրթ ազգերու միջեւ հաստատուած գործելակերպերէ, մարդկութեան կանոններէ եւ հանրային գիտակցութեան պահանջներէ։
Այսպիսով, հետագային մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու հաստատման համար հիմք հանդիսացած էին այսպէս կոչուած «մարդկութեան կանոնները», որոնք կ՛ընկալուէին իբրեւ բարձրագոյն իրաւունքի ակունք, որմէ պետութիւններ, ժամանակ առ ժամանակ, պետք է առանձնացնէին այն, ինչ որ համաձայն էին արձանագրել պայմանագրային տեսքով:
Այն, որ տուեալ դրոյթներու իմաստը կը շրջանցէր զուտ պատերազմի իրաւունքը եւ կը պաշտպանէր քաղաքացիական բնակչութիւնը սեփական պետութիւններէ, աւելի ակնյայտ դարձաւ 1915 թուականի 24 Մայիսին Դաշնակից պետութիւններու միացեալ յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք եւ ստացաւ առաւել յստակ իրաւական ձեւակերպում՝ Պատերազմի կազմակերպիչներու պատասխանատուութեան եւ վնասներու պարտադրման յանձնաժողովի 1919-ի հաշուետուութեան մէջ։
1915 Մայիս 24-ի Դաշնակից պետութիւններ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միացեալ յայտարարութիւնը, որ կը դատապարտէր թրքական կառավարութիւնը «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու» համար, պետութիւններու կիրառման փորձի եւս մէկ ապացոյց է, որ կատարուած է իրաւական պարտականութեան գիտակցմամբ (opinio juris)։ Հանրայայտ հռչակագիրը կը սահմանէր.
Թուրքիոյ կողմէ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ուղղուած այս նոր յանցագործութիւններու լոյսին տակ, Դաշնակից կառավարութիւնները հրապարակաւ Բարձր Դռան կը տեղեկացնեն, որ իրենք այս յանցագործութիւններուն համար անհատական պատասխանատուութեան կը կանչեն Օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները եւ անոնց գործակալները, որոնք դերակատարութիւն ունին նման ոճրագործութիւններու մէջ։
Այս մօտեցումը իր հերթական հաստատումը ստացաւ նաեւ պատերազմի կազմակերպիչներու պատասխանատուութեան եւ վնասներու պարտադրման յանձնաժողովի` Վերսայի պայմանագրի համար հիմք հանդիսացած նախնական խաղաղութեան խորհրդաժողովի հաշուետու եւ ԱՄՆ, Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Իտալիոյ, Ճաբոնի, Պելճիքայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Սերպիոյ ներկայացուցիչներէ կազմուած կառոյցի 1919-ի հաշուետուութեան մէջ։ Այս մարմինը՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ եւ Պուլկարիոյ գործողութիւններուն եւ յղում կատարելով 1907-ի Հաագայի պայմանագրին, կը խօսէր ոչ միայն «պատերազմի կանոններու եւ սովորոյթներու», այլ նաեւ «մարդկութեան կանոններու» խախտման մէջ ներգրաւուած անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան մասին։

Յանձնաժողովի հաշուետուութեան համաձայն, Թուրքիոյ հանրային իշխանութիւններու կողմէ Թուրքիոյ հայ բնաչկութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները կը կրէին լայնածաւալ եւ պարբերական բնոյթ եւ հետեւանք էին ռազմական գործողութեան ընթացքին պետութեան վարած քաղաքականութեան, եւ նման վարքագիծ մը կ՛արդարացնէին պատերազմի իրաւունքի՝ այնպէս, ինչպէս անիկա արձանագրուած էր 1907-ի Հաագայի պայմանագրին մէջ, տարածումը նաեւ նման իրավիճակներու վրայ։
Այլ խօսքերով, Յանձնաժողովը գտաւ, որ Թուրքիոյ վարքագիծը կ՛իյնար «մարդասիրութեան կանոններու» կողմէ արգիլուած վարքագիծի ծիրէն ներս եւ պէտք է որակուէր իբրեւ «մարդասիրութեան կանոններու դէմ ուղղուած յանցագործութիւն»։ Նման գնահատական տալով` Յանձնաժողովը պնդեց, որ հակառակորդ պետութեան քաղաքացիական բնակչութեան տրամադրուող պաշտպանութիւնը պէտք է տարածուի նաեւ այդ պետութեան հետ մարտնչող պետութեան սեփական բնակչութեան վրայ։ Այսպիսով` ան ընդարձակեց նոյն արգելքները, որոնք կը պաշտպանէին զինուած ընդհարման մէջ գտնուող պետութիւններու քաղաքացիական բնակչութիւնները մէկը միւսին դէմ ուղղուած ոտնձգութիւններէ, այն նոյն արարքներուն հանդէպ, երբ անոնք կ՛իրականացուին պետութեան ներկայացուցիչներու կողմէ սեփական քաղաքացիական բնակչութեան դէմ։
19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը սովորութային չափանիշերու կողմէ պետութիւններու բռնութիւնը սեփական բնակչութեան դէմ արգիլելու մէկ այլ ապացոյց է՝ այսպէս կոչուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու վերաբերեալ պայմանագրերու լայնածաւալ կանոնագրութիւնը, որ անմիջականօրէն յաջորդեց Ազգերու լիկայի ստեղծման (այն ժամանակաշրջանին, երբ Թուրքիոյ բռնութիւնները հայերու դէմ դեռ կը շարունակուէին)։
Վերը նկարագրուած Պեռլինի պայմանագիրը միայն առաջին նետուած քայլն էր՝ ճամբուն վրայ այն բազմաթիւ պայմանագրերու ստեղծման, որոնք ուժի մէջ մտան անմիջապէս Ազգերու լիկայի ստեղծումէն ետք։ Այսպէս կոչուած ազգային փոքրամասնութիւններու պայմանագրերը եւ խաղաղութեան պայմանագրերը, որոնք ունէին ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան վերաբերեալ դրոյթներ, որոնք կը կնքուէին մէկ կողմէ Դաշնակից ուժերու եւ ընկերակից ուժերու, իսկ միւս կողմէ Լեհաստանի (28 Յունիս 1919, 2-րդ յօդուած), Աւստրիոյ (10 Սեպտեմբեր 1919, 63-րդ յօդուած), Պուլկարիոյ (27 Նոյեմբեր 1919, 50-րդ յօդուած), Ռումանիոյ (19 Դեկտեմբեր 1919, 2-րդ յօդուած), Հունգարիոյ (4 Յունիս 1920, 55-րդ յօդուած), Յունաստանի (10 Օգոստոս 1920, 2-րդ յօդուած), Թուրքիոյ (24 Յուլիս 1923, 38-րդ յօդուած) միջեւ, բոլորը կը պարունակէին նմանատիպ դրոյթ, որուն համաձայն պետութիւնները կը պարտաւորուէին «ապահովել կեանքի եւ ազատութեան իրաւունքի լրիւ եւ ամբողջական պաշտպանութիւն […] բոլոր բնակիչներուն համար` անկախ ծնունդի, ազգութեան, լեզուի, ցեղի կամ կրօնի տարբերութիւններու»։ Այս պայմանագրերուն յաջորդեցին նաեւ պետութիւններու շարք մը միակողմանի յայտարարութիւններ, ինչպէս նաեւ Ազգերու լիկայի բանաձեւեր, որոնք կ՛արձանագրէին պետութիւններու պարտականութիւնը՝ պաշտպանելու փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։
Յատկանշական է, որ նման լայնածաւալ եւ արագընթաց կանոնագրութիւն մը կարելի չէր ըլլար, եթէ գոյութիւն չունենային սովորութային չափանիշեր նախքան այդ կանոնագրութեան հոլովոյթը։
Այսպէս` 1917էն 1919 թուականներու ընթացքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի միջեւ Աալան կղզիի վերաբերեալ տեղի ունեցած վէճի ընդհանուր բնագրին մէջ, որ կը վերաբերէր Ֆինլանտայի վերահսկողութեան տակ գտնուող կղզիին շուէտացի բնակչութեան պաշտպանութեան, Ազգերու լիկայի խորհուրդի կողմէ հարցին վերաբերեալ կարծիք տալու նպատակով ստեղծուած Յանձնակատարներու յանձնաժողովը եւ Իրաւաբաններու կոմիտէն հնարաւոր համարեցին «փոքրամասնութեան անջատումը մէկ պետութենէ եւ անոր միացումը մէկ այլ պետութեան»՝ իբրեւ «վերջին միջոց, երբ պետութիւնը ոչ ցանկութիւնը եւ ոչ ալ ներուժը ունի արդիւնաւէտ [պաշտպանական] միջոցներու կիրառման համար»։
Այսպիսով` Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսելէ ընդամէնը քանի մը տարի անց եւ այն ժամանակ, երբ տակաւին կը շարունակուէր, Ազգերու լիկան արդէն բացայայտօրէն կը խօսէր պետութիւններու` իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան պարտականութեան մասին։
Հաշուի առնելով վերոգրեալը` առկայ է պետական բռնութիւնը սեփական բնակչութեան դէմ դատապարտող ընդհանուր եւ միատեսակ կիրառութիւն, որ արտացոլուած է յայտարարութիւններու (որոնք կ՛արդարացնեն միջամտութիւնները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեամբ), պայմանագրերու եւ միջազգային կառոյցներու բանաձեւերու տեսքով եւ որ ցոյց կու տայ, որ նման վարքագիծի արգելքը ընդունուած էր իբրեւ համապարտադիր երեւոյթ (այն է` առկայ էր նաեւ opinio juris
Այսպիսով` 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը սովորութային միջազգային իրաւունքը արդէն կ՛արգիլէր պետութիւններու կողմէ բռնութեան իրականացումը սեփական բնակչութեան դէմ։ Աւելին. Թուրքիոյ պարագային առկայ էր նաեւ պայմանագրային պարտաւորութիւն` համաձայն Պեռլինի պայմանագրին, որ կը պարտաւորեցնէր Թուրքիոյ՝ պաշտպանել իր հայկական բնակչութիւնը եւ կ՛արգիլէր անոր ներգրաւուիլ որեւէ տեսակի բռնի գործողութեան մէջ, ընդդէմ այդ բնակչութեան։
 
2.             ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՉԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ ՍԵՓԱԿԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ  
Նշուած միջազգային պարտաւորութիւնները վերահաստատուած էին նաեւ Թուրքիոյ ներպետական օրէնսդրութեամբ։ Օսմանեան Կայսրութիւնը հետեւողականօրէն ցոյց տուած է 1839էն 1913 թուականներուն վաւերացուցած իր օրէնքներով վերը շարադրուած միջազգային չափանիշերու ընդունումը։ Այսպիսով` անիկա երբեք ցոյց չէ տուած իր հակադրումը (եթէ ոչ գործողութիւններով, ապա առնուազն օրէնսդրութեամբ) ընդհանուր միջազգային իրաւունքի զարգացումներուն։
Տեղական օսմանեան օրէնսդրութիւնը, որ կը յարի ժամանակին գործող քաղաքացիներու/հպատակներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային չափանիշերուն, կը ներառէ.
1.     1839 թուականի Կիւլհանէի հրամանագիրը (վերակազմակերպման թանզիմաթ), որ, ի թիւս այլոց, հռչակեց կայսրութեան բնակիչներուն «բացարձակ ապահովութեան երաշխաւորումը կապուած կեանքի, պատուի եւ սեփականութեան հետ, այնպէս ինչպէս կը պահանջէր մեր օրէնքի սուրբ բնագիրը»,
2.     1856 թուականի Օսմանեան բարեփոխումներու հրամանագիրը, որ եւս վերահաստատեց մարդոց եւ անոնց գոյքի անվտանգութիւնը անկախ կրօնական պատկանելիութենէն եւ արգիլեց բռնի կրօնափոխութիւնը,
3.     1876 թուականի Սահմանադրութիւնը, որ ի թիւս այլոց հաւասար իրաւունքներ կ՛երաշխաւորէր Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր հպատակներուն համար, անկախ կրօնական պատկանելիութենէն (17-րդ յօդուած), ներառեալ ազատութեան իրաւունքը (9-րդ յօդուած) եւ «անշարժ գոյքի եւ անձնական գոյքի իրաւունքը» (21-րդ յօդուած), մինչդեռ կ՛արգիլէր գոյքի սեփականազրկում, եթէ այդ չէր կատարուեր «պատշաճ ապացուցուած հանրային նպատակներու համար» եւ «առանց սեփականազրկման ենթարկուող գոյքի սակի նախնական փոխհատուցման»,
4.     1908 թուականի երիտթուրքերու յանուն Օսմանյան Կայսրութեան հռչակագիրը, որ վերահաստատեց այն, որ Կայսրութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի «կը վայելէ բացարձակ ազատութիւն եւ հաւասարութիւն անկախ ազգութեան եւ կրօնի» (9-րդ յօդուած) եւ արձանագրեց, որ «հողատէրերու սեփականութեան իրաւունքը» պէտք է պաշտպանուի (14-րդ յօդուած)։  
Վերահաստատելով մէկ անգամ եւս այն փաստը, որ Թուրքիա փաստացիօրէն ստանձնած էր պարտաւորութիւններ՝ պաշտպանելու իր ազգային փոքրամասնութիւնները, վերոնշեալ փաստաթուղթերը նաեւ կը չէզոքացնեն որեւէ հաւանական պնդում այն մասին, թէ Թուրքիա կրնար ըլլալ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ պետութեան` սեփական բնակչութեան դէմ բռնութեան արգելքի զարգացող միջազգային չափանիշերու այսպէս կոչուած «մնայուն հակադրուող»։ Թուրքիա ոչ միայն երբեք չէ հակադրուած նման զարգացումներու, այլ, ընդհակառակը՝ ներմուծած է նոյն այդ միջազգային չափանիշերը իր ներպետական օրէնսդրութեան մէջ։
Հաշուի առնելով վերոգրեալը` Թուրքիա պարտաւորուած էր ե՛ւ միջազգային իրաւունքի (թէ՛ սովորութային, թէ՛ պայմանագրային), ե՛ւ ներպետական Օսմանեան օրէնսդրութեան շրջածիրէն ներս, չձեռնարկել իր սեփական հայ բնակչութեան հարկադիր տեղահանութեան, չիրականացնել անձամբ բռնութիւն կամ թոյլ չտալ բռնութեան իրականացում այդ բնակչութեան նկատմամբ, չզրկել այդ բնակչութիւնը իր մշակութային ժառանգութենէն եւ իր նիւթական բարիքներէն` անկախ այն հանգամանքէն, թէ տուեալ գործողութիւնները ինչպէս կ՛անուանուէին 1894էն 1923 ժամանակաշրջանի միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։
Այս մօտեցումը վերահաստատուած է նաեւ միջազգային իրաւունքի առաջատար մասնագէտներ եւ Միջազգային իրաւունքի հիմնարկի անդամներ Ժիլպեռ Ժիտելի, Ալպեռ տը Լափրատելլի, Լուի տը Ֆուռի եւ Անտրէ Մանտելշտամի կողմէ ներկայացուած 1929-ի իրաւաբանական եզրակացութեան մէջ, ուր կ՛արձանագրուէր, թէ այդ պահուն գործող ընդհանուր միջազգային իրաւունքի եւ իր պայմանագրային պարտաւորութիւններուն համաձայն Թուրքիա (1) իրաւունք չունէր թոյլ չտալու հայերուն՝ վերադառնալ իրենց հողերը, (2) իրաւունք չունէր սեփականազրկման ենթարկելու անհատ հայերու եւ հայ համայնքի ունեցուածքը` արդարացնելով այդ գործողութիւնները երկրէն հայերու բացակայութեամբ եւ պարտաւորուած էր վերադարձնել սեփականազրկման ենթարկուած գոյքը իր օրինական սեփականատէրերուն, եւ որ (3) վերը սահմանուած հարցերու վերաբերեալ որեւէ տարակարծութիւն կրնար դատի տրուիլ Միջազգային արդարադատութեան մնայուն պալատին առջեւ՝ Լոզանի պայմանագրի մասնակից պետութիւններու կողմէ, այդ փաստաթուղթի 44-րդ յօդուածի հիման վրայ։
 
3.             ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼՈՒ DOLUS SPECIALIS-Ի (ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՏՈՒՄԸ) ԱՌԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէս արդէն ցոյց տրուեցաւ, Օսմանեան Կայսրութիւնը ունէր իրաւական պարտաւորութիւն՝ չձեռնարկելու սեփական հայ բնակչութեան ոչնչացման։ Այս պարտաւորութիւնը գոյութիւն ունէր անկախ անկէ, որ այդ գործողութիւնները կը կոչուին «մարդասիրութեան կանոններու» խախտում (ինչպէս այդ սահմանուած էր Հաագայի համաձայնագրին եւ Պատերազմի կազմակերպիչներու պատասխանատուութեան եւ վնասներու պարտադրման յանձնաժողովի 1919-ի հաշուետուութեան մէջ), «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ» (ինչպէս այդ սահմանուած էր Դաշնակից պետութիւններու յայտարարութեան մէջ) կամ պարզապէս Պեռլինի համաձայնագրի 61-րդ և 62-րդ յօդուածներով Օսմանեան Կայսրութեան համար սահմանուած պարտաւորութիւններու խախտում։
Խնդրոյ առարկայ արարքներու որակումը որպէս ցեղասպանութիւն, այսինքն` այն հարցը, թէ ինչպէս այդ արարքները կ՛որակուէին, եթէ անոնք տեղի ունենային այսօր, նման պայմաններու մէջ ձեռք կը բերէ աւելի քաղաքական եւ բարոյական, քան իրաւական նշանակութիւն։
Հաշուի առնելով այդ հանգամանքը` միեւնոյնն է, խնդրոյ առարկայ գործողութիւնները պէտք է գնահատականի արժանացնել նաեւ ժամանակակից իրաւական բառապաշարի շրջածիրին մէջ։
Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու վերաբերեալ պայմանագրի համաձայն ցեղասպանութեան տարրերն են` (1) Պայմանագրի 2-րդ յօդուածի (a), (b), (c), (d) եւ (e) կէտերով սահմանուած գործողութիւնները (actus reus) եւ (2) յատուկ ցեղասպանական միտումը («մտադրութիւնը լրիւ կամ մասնակի ոչնչացնելու ազգային, էթնիկ, ցեղային կամ կրօնական խումբը») (dolus specialis).
Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ շարունակուած գործողութիւնները քննարկուած են Հռչակագրի պատմական նկատառումներու բաժնով, ուստի հոս կը քննարկուի Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին մէջ բնակող հայերու ոչնչացման յատուկ միտումը (dolus specialis
Յատուկ միտումը կարելի է դուրս բերել Օսմանեան Կայսրութեան պաշտօնեաներու պաշտօնական յայտարարութիւններէն, հայերու կանոնակարգուած կերպով ոչնչացման եւ բնաջնջման կազմակերպուածութենէն, ինչպէս նաեւ պարզապէս թիւերէն։
Այսպէս` համաձայն Նախկին Հարաւսլաւիոյ միջազգային քրէական ատեանի եւ Ռուանտայի միջազգային քրէական ատեանի կողմէ ձեւաւորուած դատական կիրառութեան, ցեղասպանութեան միտումը` dolus specialis-ը, կարելի է դուրս բերել ի թիւս այլոց գործողութիւններու ընդհանուր բնագրէն, «զոհերու կանոնակարգուած եւ դիտաւորեալ առանձնացումէն որոշակի խումբի պատկանելու ուժով` այլ խումբերու անդամներուն բացառելու միջոցով» կամ նպատակային գործողութիւններու շղթայէն, «յստակ վայրի մը կամ պետութեան մը մէջ բռնութիւններու ծաւալէն եւ բովանդակութենէն»։ Այդ կարելի է դուրս բերել նաեւ յանցագործներու խօսքերէ եւ գործողութիւններէ։
Հաշուի առնելով վերոգրեալը` զոհերու թուաքանակը եւ գործողութիւններու պարբերական բնոյթը, հայ բնակչութեան դէպի սուրիական անապատ հարկադրուած տեղահանութիւններու կազմակերպուած բնոյթը եւ անոնց ոչնչացումը սովի կամ զինուած խմբաւորումներու, քիւրտերու եւ թրքական զինուած ուժերու միջոցով ինքնին բաւարար են ցեղասպանական միտումը ապացուցելու համար։
Թուրք պաշտօնեաներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները կը հանդիսանան լրացուցիչ ապացոյց` վերահաստատելով յատուկ միտումի առկայութիւնը։ Մէկ նման յայտարարութիւն կը յիշատակուի Հենրի Մորկընթաուի կողմէ, որ կը նկարագրէ Թալէաթ փաշայի պատասխանը իր` հայերու իրավիճակը բարելաւելու խնդրանքներուն. «Թուրքերու եւ հայերու միջեւ ատելութիւնը այժմ այնքան լարուած է, որ մենք ստիպուած ենք վերջ դնել անոնց։ Եթէ մենք այդ չընենք, անոնք կը ծրագրեն իրենց վրէժը»։
Այս բոլորը, սակայն, ապացոյցերու միայն մէկ փոքր մասն է։ 2015 Փետրուար 26-էն սկսեալ հայերու՝ իբրեւ ներքին թշնամի, պատկերի ստեղծումէն (եւ այս՝ 1914 Նոյեմբեր 14-ին յայտարարուած «ճիհատ»ի պայմաններուն մէջ), հայերու տեղահանութեան եւ քաղաքացիութենէն զրկելու վերաբերեալ օրէնքներու վաւերացումը, հայերու վերադարձը արգիլող օրէնքներու վաւերացումը, 1915-ի Փետրուարէն Ապրիլ ամիսներուն Զէյթունի բնակչութեան տեղահանումը եւ ոչնչացումը, որ օգտագործուեցաւ իբրեւ փորձնական բնորդ հետագայ գործողութիւններուն համար, հայ մտաւորականութեան, խորհրդարանական անդամներու եւ գործիչներու ձերբակալումն ու սպանութիւնը, տեղահանուած մարդոց տեղաւորումը տարախախտեալ ճամբարներու մէջ, հայ կանանց եւ երեխաներու առեւանգումը հայ համայնքէն եւ փոխանցումը արաբ, քիւրտ, թուրք եւ այլ համայնքներ, «լքեալ գոյքի» վերաբերեալ օրէնքներու ընդունումը, հաշուեյարդար յանձնաժողովներու ստեղծումը եւ գոյքի յանձնումը թուրքերուն եւ քիւրտերուն, հայկական առեւտրային դրամագլուխի փոխանցումը թուրքերուն, հայերուն պատկանող եւ թրքական դրամատուներուն մէջ պահուող դրամական միջոցներու, ոսկիի, արժեթուղթերու ազգայնացումը, հայկական հողերու փոխանցումը պետութեան հաշուեկշիռին, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, հայ մշակութային, շրջանային եւ կրթական հաստատութիւններու ոչնչացումը բոլորը կը գումարուին այն անհերքելի եզրակացութեան, որ Օսմանեան Կայսրութեան հայ բնակչութեան դէմ բռնութիւն գործադրուած է այդ բնակչութեան ոչնչացման յատուկ միտումով եւ չէ հանդիսացած պարզապէս մարդոց տեղափոխութիւն, որ ինչ-ինչ պատճառներով յանգեցուց հարիւրաւոր հազար մարդոց պատահական ոչնչացման։ Անիկա կանխամտածուած եւ մանրամասն ծրագրուած գործողութիւն էր, որ գործադրուած էր յատուկ միտումով եւ որ պէտք է որակուի ցեղասպանութիւն՝ միջազգային ժամանակակից եզրութաբանութեան համաձայն։
 
4.             ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է
Ակնյայտ է, որ միջազգային իրաւունքի համաձայն այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ հռչակուած է 1923 թուականին, Օսմանեան Կայսրութեան իրաւա-առարկայական շարունակողն է եւ, հետևաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութիւն կրող ենթական է։
Այն փաստը, որ Թուրքիան փոքրացած է չափերով, բնակչութեամբ կամ այն, որ անոր կառավարման համակարգը ենթարկուած է փոփոխութիւններու կամ մայրաքաղաքը տեղափոխուած է նոր վայր մը, էական հետեւանք չեն կրնար ունենալ պետութեան միջազգային իրաւաենթակայութեան համար։ Ինչպէս նշած է հանրայայտ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ եւ այսօր արդէն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դատաւոր Ճէյմս Քրոուֆըրտ, տարածքային փոփոխութիւնները, յեղափոխութիւնները եւ բնակչութեան չափի փոփոխութիւնը որեւէ կերպով չեն ազդեր պետութեան ինքնութեան եւ շարունակութեան վրայ։
Այն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Թրքական Կայսրութեան շարունակութիւնն է, ընդունուած է նաեւ միջազգային համայնքին կողմէ։ Հետեւաբար, այսպէս կոչուած Օսմանեան պարտքի իրաւարարական որոշման մէջ (որոշում, որուն հիմքը կը կազմէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ ստորագրուած Լոզանի պայմանագրի 47-րդ յօդուածը) Ազգերի Լիկայի խորհուրդի կողմէ նշանակուած իրաւարարական ատեանը (միակ իրաւարարը) նշեց.
Միջազգային իրաւունքի համաձայն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ նախկին Թրքական Կայսրութեան իրաւաենթակայութիւնը։
Այն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւաենթակայութիւնը եւ միակ պետութիւնն է, որ կրնայ պատասխանատուութիւն կրել Օսմանեան Կայսրութեան գործողութիւններուն համար, վերահաստատուած է նաեւ Յունաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ Փարոսներու իրաւարարական որոշմամբ:
Հաստատում մը եւս կարելի է գտնել կիրառութեան մէջ երրորդ պետութիւններու, որոնք, շարունակաբար, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը համարեն Օսմանեան Կայսրութեան իրաւաենթակայութեան շարունակողը։ Այսպէս՝ նոյնինքն Լոզանի պայմանագրի շարք մը  դրոյթներ յստակօրէն ցոյց կու տան, որ պայմանագրի անդամ պետութիւնները Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը համարեն Օսմանեան Կայսրութեան իրաւաենթակայութեան շարունակողը։
Լոզանի պայմանագրի 1-ին յօդուածին համաձայն՝ «Պայմանագիրը ուժի մէջ մտնելու պահէն սկսեալ, խաղաղութիւնը յստակօրէն կը վերահաստատուի [կողմերու] միջեւ»։ Յատկանշական է, որ մինչ պատերազմը եղած խաղաղութեան «վերահաստատումը» անհրաժեշտօրէն կ՛ենթադրէ Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ իրաւաենթակայութեան նոյնացումը։
Բացի այդ, համաձայն 58-րդ յօդուածի, անդամ պետութիւնները կը յայտարարէին «համապատասխանաբար Թուրքիոյ եւ նշուած Ուժերու եւ անոնց քաղաքացիներուն (ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու) 1914 թուականի Օգոստոս 1-ին եւ սոյն Պայմանագրի՝ ուժի մէջ մտնելուն միջեւ [1924] ժամանակաշրջանի պատերազմական գործողութիւններու պահանջի, արգիլման, սպառման կամ առգրաւման ի հետեւանք կրած վնասներէն» հրաժարելու մասին (ընդգծումը մերն է)։ Ուստի Լոզանի պայմանագրի անդամ բոլոր պետութիւնները, ներառեալ նոյնինքն Թուրքիան, կը դիտարկէին 1914 եւ 1924 թուականներու միջեւ ինկած ժամանակին մէջ գոյութիւն ունեցած պետութիւնը իբրեւ Թուրքիա՝ ընկալելով 1914-էն 1924 գոյութիւն ունեցող պետութիւնը իբրեւ այն նոյն պետութիւնը, որ եւ ստորագրած էր Լոզանի պայմանագիրը։
Աւելին. այն փաստը, որ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ստորագրուած պայմանագրերը, ինչպիսիք էին, օրինակ, 1907-ի Հաագայի պայմանագրերը եւ 1921-ի Պարսելոնայի անցքի ազատութեան վերաբերեալ պայմանագիրը եւ կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ այլ պայմանագրեր, կը շարունակեն պարտադիր մնալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար, յաւելեալ վկայութիւն մըն է այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը նոյնպէս, հակառակ իր յայտարարութիւններուն, կը դիտարկեն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իբրեւ Օսմանեան Կայսրութիւնը շարունակողը։ Պէտք է նշել նաեւ, որ երրորդ պետութիւններու կողմէ ճանաչումը էական դերակատարութիւն ունի պետութիւններու իրաւաենթակայութեան շարունակութեան գնահատման հարցին մէջ բոլոր այն դէպքերուն, երբ կրնան առկայ ըլլալ կարգ մը անորոշութիւններ։
Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ այն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան հետ կը կիսէ նոյն իրաւաենթակայութիւնը, վեր է կասկածներէ։
Սակայն եթէ նոյնիսկ ենթադրենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չի հանդիսանար Օսմանեան Կայսրութեան իրաւաենթակայութեան շարունակողը, ապա միեւնոյնն է, պատասխանատուութիւն պիտի կրէր հայերու ոչնչացման համար իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդ եւ պետութիւն, որ առաւել եւս շարունակեց Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ սկսուած քաղաքականութիւնը։  
Այսպէս` միջազգային իրաւունքը կը բնորոշէ իրաւայաջորդութիւնը իբրեւ «մէկ պետութեան փոխարինում մէկ այլ պետութեամբ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ տարածքի համար պատասխանատուութեան հարցով»։ Այս ձեւակերպումը  կ՛օգտագործուի պետութիւններու իրաւայաջորդութեան վերաբերեալ Վիեննայի երկու պայմանագրերու մէջ, որոնց դրոյթներու ճնշող մեծամասնութիւնը կը համարուի սովորութային միջազգային իրաւունքի արտացոլում։
Իրաւայաջորդութեան համանման բնորոշում օգտագործուած է նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ Էլ Սալվատորի եւ Հոնտուրասի միջեւ Տարածքի, կղզիի եւ ծովային սահմանի վերաբերեալ վէճի գործով վճռին մէջ։ Այսպիսով` պետութիւններու իրաւունքները եւ պարտականութիւնները անխզելիօրէն կապուած են տարածքի հետ։ Եւ նախկին պետութեան տարածքին ստեղծուած նոր պետութիւնը, որ կը վայելէ իր նախորդին թողած նիւթական բարիքները, պէտք է նաեւ պատասխանատուութիւն կրէ վերջինիս կողմէ իրականացուած անիրաւական գործողութիւններու համար։   
Արդէն վերը քննարկուած Փարոսներու իրաւարարական որոշման կարեւոր դրուագի մը մէջ, որ վճռորոշ է Թուրքիոյ պատասխանատուութեան խնդրի գծով, կը նշուի, որ եթէ նոր պետութիւնը կը շարունակէ նախորդ պետութեան միջազգային անիրաւական գործողութիւնը, նոր պետութիւնը պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ ոչ միայն իրաւայաջորդութեան պահէն ետք կատարած իր գործողութիւններուն համար, այլ նաեւ իրաւանախորդին կողմէ պատճառուած վնասին համար, նախքան իրաւայաջորդութեան պահը։ Ուստի, եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չհամարուի Օսմանեան Կայսրութեան իրաւաենթակայութեան շարունակողը, միայն այն փաստը, որ Թուրքիա նոյնպէս ներգրաւուած է հայ ժողովուրդի դէմ բռնութիւններու մէջ եւ փաստացի շարունակած է այն, ինչ որ սկսած էր Օսմանեան Կայսրութիւնը, ինքնին բաւարար է Թուրքիոյ՝ 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ պատասխանատուութեան մասին խօսելու համար։
Այս առնչութեամբ պէտք է նշել շարք մը հանգամանքներ Թուրքիոյ ազգայնական ուժերու (որոնք աւելի ուշ հռչակեցին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը) կողմէ իրականացուած բռնութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան` իր տարածքին հայկական ներկայութեան հետքերը ջնջելու փորձերուն մասին։
Միայն 1920 թուականին հայ-թրքական պատերազմի ժամանակ թուրք ազգայնական ուժերու կողմէ Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ կ՛իրականացուին ջարդեր, որոնց ընթացքին, ըստ խորհրդային տուեալներու, կը զոհուին մօտաւորապէս 60,000 քաղաքացիներ։ Աւելին. Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մնայուն կերպով նպաստած է հայատեացութեան տարածման` մամուլի եւ նոյնիսկ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու կողմէ մինչեւ այսօր կատարուող յայտարարութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ բացայայտօրէն կը թերանայ հետապնդել զանոնք, որոնք կը մեղադրուին էթնիկ հայ ականաւոր անհատներու սպանութեան մէջ, նոյնիսկ մեր օրերուն (փաստ, որ ճանչցուած  էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ, օրինակ, Տինքը ընդդէմ Թուրքիոյ գործով), իր գոյութեան առաջին տարիներուն ընթացքին շարունակած է իսլամ բնակչութեան դէպի մինչ այդ հայերու կողմէ բնակեցուած տարածքներ տեղափոխելու քաղաքականութիւնը, փոխած է հայկական ծագում ունեցող տեղանունները, բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ վերածած է մզկիթներու, սկսեալ 1923 թուականի Ապրիլ 15-էն շարունակած է կիրառել «լքեալ գոյքի» վերաբերեալ օրէնքները, ինչպէս նաեւ արգիլած է նման գոյքի վերաբերեալ  ամէն տեսակի հայցի յարուցում՝ լիազօրագրերու հիման վրայ, ընդունած է օրէնքներ թրքական քաղաքացիութենէ զրկելու վերաբերեալ, 1942 թուականի անհամաչափ բարձր հարկեր սահմանած է երկրին մէջ մնացած հայերու համար` ակնյայտօրէն փորձելով կանխարգիլել հայկական բնակչութեան վերադարձը, ընդունած է օրենքներ, որոնք կ՛արգիլեն հայերու վերադարձը իրենց հողերը, իրաւական գործողութիւններ, որոնք կ՛արգիլեն «լքեալ գոյքի» նկատմամբ տիտղոսի եւ փաստաթուղթերու վերաբերեալ տեղեկատուութեան բացայայտումը` խախտելով Լոզանի եւ նոյնիսկ ժամանակակից պայմանագրերու` այդ շարքին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագրի շրջածիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւնները։
 
5.             ՀԱՍՑՈՒԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒ ԱՊԱՑՈՅՑԸ, ԱՊԱՑՈՒՑՄԱՆ ՉԱՓԸ, ԱՊԱՑՈՒՑՄԱՆ ԲԵՌԸ
Արեւմտահայութեան զրկումը իր հայրենիքէն, մշակութային ժառանգութենէն, սեփականութենէն եւ կեանքէն, բարդ երեւոյթ է, եւ կրած վնասները ոչ պակաս բազմակողմանի են եւ կը ներառեն ինչպէս գոյքային, այնպէս ալ ոչ գոյքային երեսներ: Այս վնասները կը ներառեն կորսուած կեանքերը, ոչնչացուած եւ սեփականազրկման ենթարկուած ունեցուածքը, կորստեան մատնուած շահը (եկամուտները), բարոյական վնասը՝ փաստերու մերժման եւ պատմութեան շարունակական կեղծման, ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման, այլեւ արեւմտահայութեան սեփական պատմութեան իսկ մերժման կապուած, վնասներ՝ պատմական կոթողներու ոչնչացման եւ ձեւափոխման վերաբերեալ եւ այլն:
Այնքան ատեն, որ ունեցուածքային վնասները կը համարուին տեղեկատուական գլխաւոր աղբիւր, անոնք նաեւ Թուրքիոյ Հողի Արձանագրութեան եւ Կալուածոց Գերագոյն Տնօրինութեան վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող տուեալներ են: Սակայն 2001 Յունիս 29-ին վերջինս արձակեց հրաման՝ արգիլելով «լքեալ գոյքի» վերաբերեալ որեւէ  տեղեկատուութեան հրապարակում եւ բացայայտօրէն խախտելով «արդիւնաւէտ պաշտպանութեան միջոցի իրաւունքը» եւ «սեփականութեան խաղաղ իւրացման» իրաւունքը՝ սահմանուած համապատասխանօրէն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի 13-րդ յօդուածով եւ 1-ին արձանագրութեան 1-ին յօդուածով: Այս փաստը, ինչպէս ցոյց կը տրուի ստորեւ, էական հետեւանքներ ունի ապացուցման բեռի եւ ապացուցման չափի համար:
Հասցուած վնասներու նախնական գնահատման մէկ կարեւոր փորձ կատարուած է 1919-ին, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի նախաձեռնութեամբ, եւ որ ներկայացուած էր 1919-ի Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին: Նիւթական հատուցման վերաբերեալ յուշագիրը, որ կը կրէր “Tableau approximatif des réparations et indemnités pour les dommages subis par la nation arménienne en Arménie de Turquie et dans la République Arménienne du Caucase” անուանումը, կ՛անդրադառնար այն փոփոխութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած էին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքը բնակող հայ բնակչութեան շրջանակներէն ներս, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին:
Յուշագրի համաձայն, 1914-ի դրութեամբ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բնակող հայութեան թիւը կը կազմէր 2,026,000 հոգի: Այս թիւէն միայն Կ. Պոլիս եւ Զմիւռնիա բնակող 226 հազարն էր, որ չէր կրած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները. մնացած 1,800,000-ը տեղահանուեցաւ, սպաննուեցաւ կամ ապաստան գտաւ Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք կամ Կովկաս՝ իր ետին ձգելով իր գոյքը:
Հիմնուելով վիճակագրական սկզբունքներու վրայ՝ այդ 1,800,000 հայերը կը ներառէին 360,000 ընտանիք (1 ընտանիք՝ 5 անդամ հաշուարկով), որմէ ¼-ը (90,000 ընտանիք) կը բնակէր քաղաքներու, մինչդեռ մնացած ¾-ը (270,000 ընտանիք)՝ գիւղական վայրերու մէջ:
Յուշագիրը կը յիշատակէր 19,130,932,000 ֆրանք թիւը (հիմնուած՝ 1919-ի կիրառելի արժէքին վրայ)՝ իբրեւ հասցուած վնասներու գնահատական,  որուն 14,598,460,000 ֆրանքը Օսմանեան Կայսրութեան հայերուն հասցուած վնասներն էին, իսկ 4,532,472,000 ֆրանքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կովկասի հայերուն վնասները:
Այս հաշուարկները ի հարկէ չեն ներառեր 1919-էն մինչեւ այսօր ձեռնարկութիւններու եւ այլ սեփականութենէ կորստեան մատնուած եկամուտը, չեն ներառեր հայերուն պատկանող եւ թրքական դրամատուներուն մէջ պահուող դրամական միջոցներու, ոսկիի, մուրհակներու եւ արժեթուղթերու վրայ կուտակուած տոկոսները, անոնք չեն ներառեր այն ոչ-նիւթական վնասները, որոնք կապուած են հայրենազրկման եւ մշակութային ժառանգութենէ զրկելու, մշակութային կոթողներու ոչնչացման եւ պատմութեան խեղաթիւրման իրողութեանց:
Այսուհանդերձ, հակառակ այս բոլորին, հատուցումներու յուշագիրը պաշտօնական փաստաթուղթ մըն է, որ վաւերացուած է Փարիզի Խաղաղութեան խորհրդաժողովին կողմէ եւ իբրեւ այդպիսին կը հանդիսանայ անգնահատելի սկզբանակէտ՝ արեւմտահայութեան հասցուած վնասներու գնահատման համար:
Հասցուած վնասները քննարկելու ընթացքին, այլեւ հաշուի առնելով թրքական պետութեան՝ ապացոյցներու ոչնչացման եւ գաղտնագրման մէկդարեայ գործունէութիւնը, անհրաժեշտ է անդրադառնալ ապացուցման չափի եւ ապացուցման բեռի բաշխման հիմնահարցերուն: Այս առումով առանձնակի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն միջազգային դատական ատեաններու, մասնաւորապէս՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ օգտագործուող չափանիշերը:
Այսպէս, ըստ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փորձին, ապացուցման չափը ենթակայ է նուազեցման այնպիսի իրավիճակներու մէջ, երբ պատասխանող կողմը, ինչպէս 1915-ի դէպքերու պարագային (որոնք ամբողջութեամբ տեղի ունեցած են ժամանակակից Թուրքիոյ եւ մասամբ նաեւ Սուրիոյ տարածքին), ունի լիարժէք վերահսկողութիւնը այն տարածքին, ուր տեղի ունեցած են վիճելի գործողութիւնները, եւ երբ ապացոյցներէ օգտուելու կարելիութիւնները խիստ սահմանափակ են հայցուորներու առջեւ:   
Այսպէս՝ Քորֆու ջրանցքի վերաբերեալ գործով Արդարադատութեան միջազգային դատարանը նշած է.
Այս բացառիկ վերահսկողութեան ուժով, միւս [կողմը]՝ միջազգային իրաւունքի խախտման զոհը, յաճախ անկարող կ՛ըլլայ ներկայացնելու պատախանատուութեան համար անհրաժեշտ նկատուող փաստերու անմիջական ապացոյց: Նման [կողմին] պէտք է իրաւունք վերապահուի հետեւութիւններ ընելու՝ ոչ անմիջական ապացոյցներէ:
Այլ կարեւոր հանգամանք մըն է այն, որ մենք գործ ունինք այնպիսի դէպքերու հետ, որոնք խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանին արժանացած են հանրային լայնածաւալ քննարկման եւ ճանաչման: Նման լայնածաւալ հանրային քննարկման արժանացած դէպքերը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ որակուած են իբրեւ «հանրային իմացութիւն», եւ անոնց ապացուցման չափը ենթակայ է նուազեցման:
Վերոնշեալ գործօնները եւ միջազգային չափանիշերը պէտք է հաշուի առնուին ապացուցման չափի նուազեցման համար: Առերեւոյթ ապացոյցները ինքնին բաւարար են արեւմտահայութեան պահանջները ապացուցուած նկատելու համար, այնուհետեւ արդէն Թուրքիոյ Հանրապետութեան պարտականութիւնը կը դառնայ հակառակը ապացուցելը:   
 
6.             ՓԱՍՏԵՐՈՒ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Փաստերու ճանաչումը պետական պաշտօնեաներու եւ պետութիւնը ներկայացնող հանրային անձերու կողմէ էական դերակատարութիւն ունի միջազգային իրաւունքի համաձայն։ Նման ճանաչում մէկ կողմէ կրնայ ունենալ ապացուցողական աւելի բարձր ուժ՝ վիճելի փաստերու հաստատման համար, իսկ միւս կողմէ՝ ճանաչումը, որ կ՛իրականացուի հաւանութեան եւ յորդորներու տեսքով, կրնայ յանգեցնել նաեւ պետութեան կողմէ որոշ գործողութիւններ իբրեւ իրը ճանչնալուն եւ ընդունելուն, եւ որ անոնց համար նոյն այդ պետութիւնը կը կրէ պատասխանատուութիւն։ Այս եւս մէկ օգտակար փաստարկ է՝ հայերու դէմ գործադրուած ոճիրներուն համար ժամանակակից Թուրքիոյ պատասխանատուութեան հաստատման։
Այսպէս` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի համաձայն, «բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները, նոյնիսկ նախկին նախարարներու եւ պաշտօնեաներու […] ունին ապացուցողական կարեւոր նշանակութիւն, երբ այդ յայտարարութիւններով կը ճանչցուին փաստեր կամ վարքագծեր, որոնք պետական իշխանութիւնները կը տեղադրեն բացասական լոյսի ներքոյ»։ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը նոյն այս տրամաբանութիւնը կիրառած է շարք մը դատական գործերու պարագային։
Նաեւ «Իրանի պատանդներու միջադէպին» անդրադարձող գործով Արդարադատութեան միջազգային դատարանը յայտարարեց, որ մասնաւոր անձերու կողմէ իրականացուած գործողութիւններու նկատմամբ հանրային հաւանութիւնները եւ յորդորները կրնան նաեւ յանգեցնել այդ անձերու գործողութիւնները պետութեան վերագրման։
Հաշուի առնելով այս երկու դիտարկումները` ստորեւ շարադրուած հանրային յայտարարութիւնները, ոչ ամբողջական ցանկով, ուր բացայայտօրէն կամ ոչ բացայայտօրէն կ՛ընդունուին փաստեր Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող հայերու շարունակական ոչնչացման վերաբերեալ եւ նոյն քաղաքականութեան` Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ շարունակուելուն մասին, ունին  ապացուցողական իւրայատուկ նշանակութիւն միջազգային իրաւունքի մէջ.

  1. 1916 Օգոստոս 11-ի օրէնքով 1863-ին Հայկական Միլլիէթի մասին հրովարտակի վերացումը, որուն ուժով Օսմանեան Կայսրութիւնը ըստ էութեան կը հաստատէր իր ցանկութիւնը՝ Կայսրութեան տարածքին այնուհետեւ չունենալու հայ բնակչութիւն,
  2. հայերու տեղահանութիւնը եւ «լքեալ գոյքի» սեփականազրկումը դատապարտող եւ զանոնք անօրինական եւ անբարոյ անուանող Ահմէտ Ռիզայի յայտարարութիւնը,
  3. Թուրքիոյ հետ 1918 Հոկտեմբեր 30-ին Մուտրոսի հրադադարի պայմանագիրը. այս փաստաթուղթը ստորագրելով Թուրքիա ըստ էութեան ճանչցաւ հայերու դէմ գործադրուած բռնութիւններու փաստը։ Հրադադարը կ՛արձանագրէր Դաշնակից պետութիւններուն՝ «ներկալուած հայ բնակչութեան» յանձնման պարտականութիւնը (4-րդ յօդուած), ինչպէս նաեւ Դաշնակիցներուն միջամտելու իրաւունքը՝ «հայկական վեց վիլայէթներուն մէջ անկարգութիւններ տեղի ունենալու պարագային» (24-րդ յօդուած),
  4. Մուտրոսի զինադադարէն մինչեւ Օսմանեան Կայսրութեան անկումը (մասնաւորապէս 4 Նոյեմբեր 1918, 15 Դեկտեմբեր 1918 եւ 12 Յունուար 1920) Օսմանեան Մեճլիսի ընդունած օրէնքները, որոնք կասեցուցած են արեւմտահայութեան բռնի տեղահանման եւ ունեցուածքի զրկման օրէնքները եւ այն օրէնքները, որոնցմով Կայսրութիւնը պարտաւորուած է համակարգել արեւմտահայութեան հայրենադարձութեան հոլովոյթը,
  5. Օսմանեան Մեճլիսի խորհրդարանական լսումներ եւ նոյն ժամանակաշրջանի հրապարակումներ, որոնք կ՛անդրադառնան Օսմանեան հայերու դէմ գործադրուած յանցագործութիւններուն եւ պատասխանատուութեան կը կանչեն այդ յանցագործութիւնները կազմակերպած անձերը,
  6. Հայերու բռնի տեղահանութիւններու, արիւնահեղութեան եւ թալանի համար պատասխանատու անձերը դատելու նպատակով 1919էն 1920 Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հիմնադրուած Արտակարգ ռազմական դատարանները (թերեւս թրքական պետութեան կողմէ փաստերու ընդունման կեդրոնական եւ աւելի կարեւոր ապացոյցը)։ Թիւով 28 դատական գործերու ընթացքին շարք մը պատասխանատու անձեր քննուած են Օսմանեան քրէական օրէնսգիրքի հիման վրայ եւ յանցաւոր հռչակուած՝ ի թիւս այլոց սպանութեան (170-րդ յօդուած), սննդամթերքի պաշարներու կանխամտածուած ոչնչացման եւ թալանի (171-րդ յօդուած), պաշտօնական դիրքի չարաշահման (172-րդ յօդուած), ինչպէս նաեւ յանցագործութեան օժանդակելու (45-րդ յօդուած) եւ կազմակերպուած յանցագործութեան (55-րդ յօդուած) համար, ինչ որ անոնք գործադրած էին՝ հայերու «ոչնչացման եւ վերացման նպատակով» (“ifnâ' veimhâ' siemrinde”),
  7. 1921-ին Թուրքիոյ կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ տրուած խոստումը այն մասին, որ Մալթա տեղափոխուած պաշտօնեաները պիտի կանգնին դատարանի առջեւ եւ ենթարկուին պատասխանատուութեան,
  8. Անդրադառնալով 1926-ին Իզմիրի մէջ իրեն դէմ մահափորձ գործադրած նախկին երիտթուրք պաշտօնեաները մահապատիժի ենթարկելու պատճառներուն, Մուստաֆա Քեմալ, ի թիւս այլոց, մեղադրեց երիտթուրքերը՝ «մեր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակներու» սպանութեան մէջ,
  9. Մուսթաֆա Քեմալի Նութուկ հռչակագրի որոշ մասեր,
  10. 2014-ին նախագահական թեկնածու Սելահէտտին Տեմիրթաշի յայտարարութիւնը այն մասին, որ արեւմտահայութեան դէմ գործադրուած է ցեղասպանութիւն,
  11. 2014 Նոյեմբեր 7էն 9 թրքական Կանաչներու կուսակցութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, որով կ՛ընդունուէր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը,
  12. Թուրք պատմաբաններու կողմէ տպուած տասնեակ հրապարակումներ եւ թուրք մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ՝ ընդունելով ջարդերու եւ տեղահանութիւններու փաստը։

 
7.             ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵԼՈՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՆԿՐԷՍԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԵՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ 
Հաշուի առնելով Արեւմտահայոց ազգային համագումարի եւ նորանկախ հայոց պետականութեան միջեւ դերերու բաշխման վերը հռչակուած անվիճելի անհրաժեշտութիւնը` ստիպուած ենք արձանագրել, որ Օսմանեան Կայսրութեան եւ վերջինիս շարունակութիւնը հանդիսացող Թուրքիոյ Հանրապետութեան գործողութիւններուն համար պատասխանատուութեան կանչելու շարք մը մեքենականութիւններ կրնան կիրառուիլ միայն միջպետական մակարդակի վրայ։
Հակառակ ասոր, Արեւմտահայոց ազգային համագումարը՝ իբրեւ իրաւական էութիւն եւ Գէորգ Ե. Թբղեսցիի կոնդակով ստեղծուած Փարիզի ազգային պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած առաջին եւ երկրորդ Արեւմտահայ ազգային համագումարներու իրաւայաջորդը, կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը՝ կարելի բոլոր միջոցներով արեւմտահայութեան իրաւունքներու վերականգնման հետամուտ ըլլալու։
Նմանօրինակ նախաձեռնութիւն մը կրնայ հանդիսանալ – կամ անմիջականօրէն Համագումարին կողմէ, կամ յատուկ անհատներու զանազան խմբաւորումներու համակարգման միջոցով - հայցապահանջներու ներկայացումը թրքական դատարաններ եւ/կամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (այսուհետեւ նաեւ «ՄԻԵԴ»):
ՄԻԵԴ-ի ընթացակարգերով՝ իրաւական էութիւններ (ներառեալ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ) կրնան յայտնուիլ դատարան երկու ճամբաներով. անմիջականօրէն իրենք ըլլալով դիմորդներ կամ ներկայացնելով այլոց շահերը։
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի 34-րդ յօդուածի համաձայն, Եւրոպական դատարանը կրնայ դիմումներ ընդունիլ «ոեւէ անձէ [ինչպէս նաեւ] ոչ պետական կազմաւորումէ կամ անհատներու խումբէ, որոնք կը պնդեն, որ կը հանդիսանան խախտման զոհ»։ ՄԻԵԴ-ը իբրեւ ոչ-պետական կազմակերպութիւն կը ճանչնայ ոչ միայն անդամ պետութիւններու ներպետական օրէնսդրութեան հիման վրայ արձանագրուած իրաւական էութիւնները, այլ նաեւ չարձանագրուած, սակայն ինքնուրոյն եւ պետութենէ տարբեր եղող իրաւական էութիւնները, ինչպիսին կրնան ըլլալ եկեղեցին եւ վերջինիս ստորաբաժանումները կամ անդամ պետութիւններու գիւղերը եւ համայնքները։
«Զոհ» եզրոյթը ցոյց կու տայ այն անձը կամ անձերը, որոնք անմիջականօրէն կը կրեն բողոքարկուող միջոցի/գործողութեան բացասական հետեւանքները կամ այն, ով կրնայ կրել նման բացասական հետեւանքներ կամ ունի վաւերական եւ անձնական շահ այդ միջոցի/գործողութեան դադրեցման համար։
Նման անձնական շահ ունին նաեւ անոնք, ովքեր պետութեան իրաւական գործողութեան՝ իրենց վրայ ունեցած անմիջական ազդեցութեան բացակայութեան պայմաններուն իսկ կը կրեն նման անմիջական ազդեցութեան վտանգ, քանի որ կը հանդիսանան որոշ մարդոց խումբի ներկայացուցիչ, յատկապէս եթէ նման օրէնսդրական դրոյթներ անոնց դէմ կիրարկուին մեքենականօրէն:
Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական զոհերը միայն  անոնք չեն, որոնց իրաւունքները խախտած են, անոնց ժառանգորդներուն եւ  յաջորդներուն իրաւունքները նոյնպէս հետեւողականօրէն խախտած են «լքեալ գոյքի» վերաբերեալ օրէնքներու, ինչպէս նաեւ այդ գոյքի նկատմամբ տիտղոսի եւ ատոր կապուած փաստաթուղթերու վերաբերեալ տեղեկատուութեան բացայայտումը արգիլող իրաւական գործողութիւններու միջոցով: Այս օրէնքները եւ գործողութիւնները կը խախտեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի 1-ին արձանագրութեան 1-ին յօդուածով սահմանուած «սեփականութեան խաղաղ իւրացման» իրաւունքը:
Յատկանշական է, որ Եւրոպական պայմանագիրը կը պաշտպանէ ոչ միայն առկայ սեփականութիւնը, այլ նաեւ պահանջները եւ յաւակնութիւնները, որոնց վերաբերեալ անձը կրնայ պնդել, որ ունի «վաւերական ակնկալիք»՝ ձեռք բերելու սեփականութեան խաղաղ իւրացման իրաւունք, ներառեալ՝ անշարժ գոյքի ժառանգորդ ճանչցուելու ակնկալիքը:
Արդէն իսկ գոյութիւն ունին ՄԻԵԴ-ի կողմէ քննուած եւ դիմորդներու յաղթանակով պսակուած գործեր, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ մէջ սեփականութիւն ժառանգող Յունաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներու համանման սահմանափակումներուն, ներառեալ դատական գործ, որով յաղթած են ծագումով հայ դիմորդներ: Բոլոր այդ գործերով ՄԻԵԴ-ը բնորոշած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու գործողութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք կասեցուած են դիմորդներու ներպետական գոյքային հայցերը՝ իբրեւ օրինականութեան սկզբունքի եւ սեփականութեան խաղաղ իւրացման իրաւունքի խախտում:
Ազգութեամբ հայերու կողմէ յարուցուած եւ յաջողութեամբ պսակուած մէկ հայց արդէն առկայ է. հարիւրները, եթէ ոչ հազարները կրնան յաջորդել: Զոհուած արեւմտահայերու սերունդները կը բաւարարեն «զոհի»՝ Եւրոպական պայմանագրով սահմանուած պահանջներն ու չափանիշերը, եւ Արեւմտահայոց ազգային համագումարը կրնայ եւ  սեփական կամքով կը գործէ իբրեւ այդ մարդոց բողոքները համակարգող կառոյց: Արեւմտահայոց ազգային համագումարը օժտուած է լիարժէք իրաւասութեամբ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի առջեւ հանդէս գալու համար՝ ներկայացնելով արեւմտահայերու ժառանգորդներու իրաւունքները:   
Քննարկուած ուղին միայն մէկն է հասցուած վնասներու հատուցման հաւանական շարք մը արդիւնաւէտ իրաւական մեքանականութիւններու, եւ Արեւմտահայոց Ազգային Չորրորդ Համագումարը կը ստանձնէ ուսումնասիրել եւ մշակել բոլոր այդ մեքենականութիւնները եւ ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր միջոցներուն՝ արեւմտահայութեան անվիճարկելի իրաւունքներու վերականգնման համար:

Share this content.