Սուրէն Սէրայտարեանի խօսքը - 22-04-2015

PrintPrintEmailEmail

Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար Միջազգային Հասարակական Կազմակերպութեան խորհրդի նախագահ Սուրէն Սէրայտարեանի խօսքը՝ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատասխանատվութեան միջազգային իրավական հիմնախնդիրները գիտաժողովին, Երեւան, 22 Ապրիլ 2015թ:

Յարգելի գործընկերներ,

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ 29 Յունուարին հրապարակուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պետական յանձնախումբին կողմէ հնչած հռչակագիրը ընդհանուր բնոյթ ունի, ըստ որուն մեր ազգը՝ Հայաստանի Հանրապետութեամբ, Արցախով եւ Սփիւռքով բարոյական պահանջատիրութիւն մը կը ներկայացնեն։ Այս մէկը անշուշտ աննախընթաց է, եւ ցոյց կու տայ, որ Հայոց վերականգնուած պետականութիւնը հայութեան քաղաքական միասնականութեան կարեւորագոյն երաշխաւորն է եւ կրնայ ըլլալ:

Միւս կողմէն, ռազմավարական բայց եւ մանաւանդ մարտավարական մօտեցումով, ըստ իրաւաբանօրէն պահանջատէր կրնան ըլլալ իրաւունքի տէրերը, այսինքն՝ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած հայութիւնը ու անոր ժառանգորդները։ Ժողովրդային այս մասսան, որպէս մէկ ամբողջականութիւն կազմակերպուած չըլլալուն պատճառով, 2011-ին կազմուեցաւ ոչ կառավարական հասարակական կառոյց մը՝ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար Միջազգային Հասարակական կազմակերպութիւնը, որ արձանագրուած է Ֆրանսայի մէջ, անդամներ ունենալով Սփիւռքի հայաշատ գաղութներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէ, որոնք ժառանգորդներն են Օսմանեան կայսրութեան հայ ազգաբնակչութեան։

Ահա թէ ինչու, դերերու բաշխումը իրաւաբանական տեսակէտէ անվիճելի անհրաժեշտութիւն մըն է, ըստ որում նշելով, թէ միջազգային օրէնքի համաձայն երկիր մը միայն կրնայ դիմել միջազգային դատարան եւ դրացի երկիրներուն հետ սահմանային համաձայնութիւններ կնգել. այս բանը, հասարակական կազմակերպութիւն մը անշուշտ չի կրնար ընել: Այսինքն սահմանային վերանայումներ հետապնդելու իրավունք ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ը կրնայ ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնումը եւ փոխհատուցումը հետապնդել Թրքական եւ Եւրոպական դատարաններուն մօտ։

Պէտք է նշել, թէ «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ը իրաւաբանական գոյութիւն է (legal entity) եւ իրաւասութիւն ունի յայտնուիլ դատարանի առջեւ 2 ճանապարհով՝ որպէս անմիջական դիմորդ կամ որպէս անհատի մը կամ խումբ մը անհատներու շահերը պաշտպանող եւ բոլորի աշխատանքը համակարգող կազմակերպութիւն։

Հոս կարեւոր է նշել, թէ պահանջատիրութիւնը պայման չէ որ կապուած ըլլայ ցեղասպանութեան հետ։ Թրքական կողմը պաշտօնապէս ընդունի կամ ոչ ցեղասպանութեան փաստը, եւ նոյնիսկ ընդունելէն եւ ներողութիւն խնդրելէն յետոյ ալ, արեւմտահայութեան իրաւունքներն ու պահանջները կը մնան նոյնը եւ հիմնուած կ՛ըլլան իրաւաբանօրէն անժխտելի փաստերու վրայ, հետապնդելի՝ միջազգային օրէնքներու համաձայն։

Այս սկզբունքվ ալ, եւ Արեւմտահայոց Համագումարին կողմէ առնուած որոշումներուն համաձայն, անցնող երեք տարիներու ընթացքին համապատասխան յանձնախումբեր իրականացուցին շարք մը, կենսական աշխատանքներ։ Մէկ կողմէ աշխատանք տարուեցաւ հնարաւոր երկխօսութեան մը պարագային թուրք հասարակութեան եւ կառավարութեան դիրքորոշումը եւ պատրաստակամութիւնը բացայայտելու ուղղութեամբ, միւս կողմէ մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը պատմաքաղաքական եւ իրաւաբանական մանրակրկիտ եւ արհեստավարժ զեկոյց մը պատրաստեց արեւմտահայութեան իրաւունքներուն վերաբերեալ։ Այս զեկոյցը շարունակաբար զարգանալու եւ ամբողջանալու է ։

Արեւմտահայոց Համագումարի որոշումով ստեղծուած Թուրքիոյ աշխատանքային խմբակը զանազան հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու, մտաւորականներու, նաեւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Կրցանք հաւաքագրել բաւական թիւով թուրք իրաւաբաններ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին, ի պահանջել հարկին, արեւմտահայութեան պահանջները ներկայացնել Թուրքիոյ դատարաններուն մէջ։

Կապեր հաստատուեցան Թուրքիոյ մէջ եւ դուրս ապրող իսլամացած հայերու, Տերսիմի հայութեան, համշէնահայութեան եւ զազա էթնիկ տարրի ներկայացուցիչներու հետ։ Սերտ համագործակցութեան հեռանկարներ մշակուեցան նաեւ քրտական տարբեր շրջանակներու հետ:

Այս տարուայ մարտի 29-ին, Արեւմտահայոց չորրորդ համագումարը Փարիզի մէջ որոշում առաւ յուշագիր մը յղել Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ որուն մէջ ամփոփուէին մեր պահանջներուն ու ակնկալութիւններուն հիմնադրոյթները, թուրք հասարակութենէն ու անոր իշխանութիւններէն։

Արեւմտահայոց չորրորդ Համագումարի յուշագիրը, որը ձեր տրամադրութեան տակ դրուած է, կարելի է կարդալ նաեւ մեր կայքէջին վրայ, ան եօթը կէտերէ բաղկացած պահանջ մը կը յղէ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ անվերապահօրէն եւ իր բոլոր մանրամասներով վերականգնել նախկին Օսմանեան կայսրութեան հայ ազգաբնակչութեան ոտնահարուած իրաւունքները, փոխհատուցել անոր կրած նիւթական, բարոյական եւ մշակութային կորուստները Մեծ Եղեռնի եւ անոր նախորդող եւ յաջորդող տասնամեակներուն ընթացին։ Յուշագիրը կոչ կ'ուղղէ նաեւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծել Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան ժառանգորդներուն՝ իրենց պապենական օճախը վերադառնալու եւ իրենց ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը ազատօրէն շարունակել կարողանալու համար։

Այս յուշագիրով, Հայոց պահանջատիրութեան համակարքին մէջ հիմնուեցան երկու կարեւորագոյն սկզբունքներ՝ առաջին որ արեւմտահայ կը նշանակէ պահանջատէր հայցուոր, եւ երկրորդ, որ ցեղասպանութեան պատճառած վնասի համագումարը մեր հայրենիքն է:

Յուշագիրով, Արեւմտահայոց Համագումարը դիմեց Թուրքիոյ ժողովուրդին եւ անոր պետական մարմիններուն, գործելու՝ համաձայն արեւմտահայ իրաւատէր հասարակութեան իրաւական եւ արդար ձգտումներուն, եւ արդ իրականացնելու հետեւեալ միջոցառումները: Մէջբերեմ յուշագրի պահանջները.

  1. Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը ճանչնալ որպես թուրքիոյ մէջ  գրանցուած իրաւական միաւոր եւ  անոր ներկայացուցիչներուն հետ  սկսիլ ուղղիղ եւ անկեղծ երկխոսութիւն, ինչպես նաեւ հաստատել միացեալ գործակալութիւն՝ մեր կողմէ մատնանշուող ձգտումներուն եւ մարտահրաւէրներու համակարգման եւ կառավարման համար: 
  2. Ընդունիլ համապատասխան բարեփոխումներ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վրայ, ստեղծելու համար հասարակական կեանքի ընդունելի միջավայր, որն  այնտեղ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար ապահովէ խաղաղ, անվտանգ եւ ներդաշնակ գոյութիւն, ներառեալ այն հայերուն համար, որոնք ցարդ կ'ապրին  թուրքիայէն ներս կամ դուրս, որպէսզի անոնք նոյնպէս, որպէս Օսմանցի հայերու ժառանգորդներ, ազատօրէն ապրին իրենց իրաւական եւ բարոյական էթնիք ինքնութիւնը: 
  3. Անմիջապես, եւ առանց նախապայմաններու, բանալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ թուրքիոյ  սահմանը եւ նախաձեռնել միջոցառումներ՝ հաստատելու համար միջպետական փոխվստահութիւն Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդին  հետ, ժողովուրդ՝ որուն մէկ զգալի մասը տեղահանուած արեւմտահայերու ժառանգնորդներն  են:
  4. Մեր ոտնահարուած իրաւունքներու եւ կրած վնասներու վերականգնման գործընթացի առանց խոչընդոտներու իրականացման նպատակով, յատկացնել անսահմանափակ իրաւունք՝ դիմելու թուրքիոյ մէջ առկայ բոլոր արխիւներուն: Իւրաքանչիւր արեւմտահայ պէտք է կարողանայ ազատօրէն տեսնել Թուրքիոյ մէջ պահպանուած բոլոր արխիւները, ներառեալ կադաստրի եւ քաղաքացիներու ինքնութեան եւ մեր բարոյական  ու նիւթական վնասներու եւ  անոնցմէ առաջացած  իրաւունքներու  մասին տեղեկութիւններ պարունակող մնացած բոլոր արխիւային աղբիւրները:  
  5. Վերադարձնել եւ վերականգնել համայնքային բոլոր ինչքերը, ներառեալ եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները, մշակութային, մարզական եւ կրթական կեդրոնները, նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը: 
  6. Առանց պայմաններու, անվավեր ճանչնալ բոլոր օրենքնէրն ու իրաւական  դրոյթները կապուած՝ հայրենազրկման, տեղահանութեան, լքեալ գոյքի բռնագրաւման եւ օտարման, եւ հայերուն  ու մնացած քրիստոնեաներուն թիրախ դարձնող՝ իրաւազրկող օրէնքներն ու վարչական եւ իրաւական կէտերը:
  7. Ընդունիլ իրաւական միջոցառումներ մեր նախնիներուն կրած մասնաւոր եւ հաւաքական վնասներու եւ իրաւունքներու վերականգնման նպատակով: 

Յուշագիրը կը նշէ նաեւ, որ այս պահանջները իրաւական նկատառումներով իրատես ու արդար են անկասկած, եւ այս կապակցութեամբ Արեւմտահայութիւնը կը մնայ անզիջող։

Արեւմտահայոց Համագումարը նախապատուութիւնը կու տայ խաղաղ երկխօսութեան միջոցով իրականացուած բարեփոխումներու, սակայն պատրաստ է իր նպատակներուն ձգտիլ նաեւ իրաւական ճանապարհով, որուն շուրջ ան կը տանի շարունակական եւ խորհրդապահական, նախապատրաստական աշխատանքներ։

Մեր իրաւունքները անժամանցելի են, անկորնչելի եւ զօրու են այնքան ատեն, որ կայ պահանջող կողմ։ Այդ կողմը արեւմտահայութիւնն է, մենք ենք, թէեւ աշխարհացրիւ, բայց աւելի զօրաւոր, աւելի բազմաթիւ, աւելի կայունացած ու կարող՝ քան 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն։

 

Share this content.